asbarez.com – Կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ցուցադրութեամբ Վաչէ Սողոմոնեանի, Կիրակի, Յունիս 22ին, կ.ե. ժամը 1ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Վաչէ Սողոմոնեանի պատրաստած «Քեսապ՝ Պատառ Մը Հայաստան» ժապաւէնը, ներկայութեամբ մեծ թիւով հայրենակիցներու:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան իր բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Եղբայր Վաչէն խնդրեց հոգաբարձութենէն, որ ժապաւէնի ցուցադրութեան այս ձեռնարկը հովանաւորէ. մենք սիրով ընդառաջեցինք եւ ահա՛, սիրելի ներկաներ, դուք, դիտելով այս ժապաւէնը՝ պահ մը մտովին պիտի շրջիք եւ վայելէք Քեսապի տեսարժան վայրերը, ու ձեր հոգիներուն մէջ պիտի թարմանան անցեալի քաղցր յիշատակները, զորս, ներկայիս, չարագործ ձեռքեր կը փորձեն մոխրակոյտի վերածել»։ Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Վ. Սողոմոնեանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ:

Սողոմոնեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ այսպէս սկսաւ իր կեանքի պատմութիւնը. «Ծնած եւ նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Քեսապի մէջ. վայելած եմ գիւղիս տեսարժան վայրերը. բարձրագոյն ուսումս ստացած եմ Լիբանան, ապա՝ Ամերիկա, յաճախակի այցելած եմ ծննդավայրս եւ կատարած բարոյական բոլոր պարտաւորութիւններս, սրտի պարտք մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։ Այսօր կու գամ բաժնեկից դարձնելու նաեւ ձեզ՝ գիւղիս անցեալի պատմութիւնն ու աւանդութիւնները ներկայացնելով»:

Սիրելի ընթերցող, Քեսապի եւ քեսապահայերու պատմութիւնը կու գայ Մեծն Տիգրանի օրերէն, սակայն, ցուցադրուող ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ վերջին հարիւր տարիներու Քեսապի եւ անոր արուարձաններուն՝ 11 գիւղերու, բնակչութեան կեանքն ու աւանդութիւնները:
Ժապաւէնի վերնագիրին՝ «Քեսապ՝ Պատառ Մը Հայաստան»ի, բառերը երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը ըսած է, Քեսապ այցելութեան առիթով: Ժապաւէնը կը սկսի «Տալար, տալար» բառերով: Սիրելի ընթերցող, ժամանակին, գիւղերուն մէջ, ժողովուրդին որեւէ լուր հաղորդելու պարագային, կային ձայնեղ մարդիկ, որոնք հրապարակներու եւ կեդրոնական պողոտաներու վրայ բարձրաձայն կը կանչէին, թէ օրինակ՝ «Վաղը, այս ժամուն, գիւղս պիտի այցելէ Գարեգին վեհափառը»։ Այդ ձայնեղ մարդիկը կը կոչուէին «տալարճի»՝ «մունետիկ», որ կը նշանակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը բարձրաձայն հրապարակող անձ: Ներկայիս, տալարճիներու պաշտօնը թերթերու կամ ազդերու միջոցով կը կատարուի, ինչպէս նաեւ՝ պատկերասփիւռով եւ ձայնասփիւռով։

Ցուցադրուած ժապաւէնը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Քեսապի ժողովուրդի առօրեային, զբաղումներուն, աւանդութիւններուն, շրջաններուն մէջ գործող համայնքներուն՝ Հայաստանեայց Առաքելական, Բողոքական եւ Կաթողիկէ եօթը եկեղեցիներուն, չորս դպրոցներուն եւ միութիւններուն՝ ՀՅԴ, Բարեգործական, ՀՄԸՄ եւ Համազգային:

Վերոյիշեալներուն առընթեր, կը ցուցադրուին նաեւ տնտեսական մարզի զանազան երեւոյթներ՝ շերամաբուծութիւն, այգեգործութիւն։ Հոն մեծ հանդիսութիւններով կը պատրաստեն ռուպը. վերջերս, շրջանիս «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն, ընդառաջելով քեսապցի ընկերներու եւ բարեկամներու խնդրանքին՝ հաստատեց «Փրփուր» փառատօնը, որ ամէն տարի մեծ խանդավառութեամբ կը տօնակատարուի:

Ժապաւէնին մէջ կը ցուցադրուի մեծ մայրիկներու դողդոջուն ձեռքերով ձաւարի պատրաստութիւնը՝ երկանաքարով, ինչպէս նաեւ՝ ցորենի մաշկը հանելու գործողութիւնը։ Տղամարդիկ, սանդին դիմաց կանգնած՝ փայտէ շինուած մուրճերով կը հարուածեն սանդին մէջի ցորենի հատիկները, անոնց վրայի մաշկը հանելու համար:

Նոյնքան հետաքրքրական տեսարան կը պարզուի երեկոյեան, երբ կաթնտու անասունները գոմ կ՛առաջնորդուին եւ կը կթուին՝ մածուն, պանիր, կարագ, թան եւ թալամա պատրաստելու համար։ Պահ մը վերյիշեցի «Խնոցի» ժողովրդական երգի բառերը՝ Բ. Կանաչեանի երաժշտութեամբ, երբ կին մը նստած տան դիմաց, կուժը ձեռքով կը շարժէր, թան ու կարագ կը պատրաստէր, ու ես սկսայ մտովին երգելու.
Թոկը ծառէն կապեցին,
Հաստ Խնոցին կախեցին,
Թըլըխկ, չըլըխկ, չըլըխկ, թըլըխկ:
Ահա այսպէս հարեցին,
Դեղին կարագ հանեցին:
Վստահաբար, ներկաներէն շատերը ինծի պէս ալեկոծուեցան, երբ յիշեցին իրենց անցեալի յուշերը։

Այսպէս, երջանիկ եւ երկար տարիներ պապենական տուներու մէջ եւ բնութեան ծոցը հասակ առած քեսապահայութիւնը, Մարտ 21, 2014ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, երկու ժամուան ընթացքին, ռումբերու տարափին տակ կը հեռանայ աւանէն։ Կը դատարկուին 11 գիւղերը՝ Քեսապ, Սեւ Աղբիւր, Էսկիւրան, Խայըդ, Տուճաղազ, Չինարճըգ, Քէօրքէօնա, Էքիզոլուք, Պաղճաղազ, Քարատաղ եւ Գարատուրան։ 560 ընտանիք, ձգելով տուն ու տեղ՝ կ՛ապաստանի Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքը, քաղաքակիրթ նկատուող եւրոպացի, ամերիկացի ժողովուդի աչքին դիմաց, իսկ անդին, Մալեզիոյ ծովամոյն օդանաւին եւ 265 ճամբորդներու ճակատագիրին համար, հեռատեսիլներով եւ թերթերով ամիսներ կը խօսուի: Ո՞ւր է արդարութիւնը, զոր այսքան կը հոլովէք, փառաւոր աթոռներու վրայ նստած պարագայական բարեկամնե՛ր։ Մեր մեծ պապերը իրաւացիօրէն կ՛ըսէին. «Եղունգ ունիս, քերուէ՛»: Աստուած մեծ է. օր մը մեր եղունգներն ալ պիտի աճին, ու այն ատեն, պիտի քերուինք եւ պիտի քերենք:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք, բեմ բարձրացաւ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Մաշիկեանը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց քեսապահայերուն մասին, ապա հոգաբարձութիւնը ներկաները հիւրասիրեց:

Իրապէ՛ս գեղեցիկ եւ վաւերագրական արժէք ներկայացնող ժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ։ Վարձքդ կատար, սիրելի եղբայր Վաչէ Սողոմոնեան. վստահ ենք, որ համագիւղացիներէդ շատերը, արցունքը աչքերնուն, վայելքի պահեր ապրեցան՝ դիտելով տեսարժան վայրերը, եւ անոնց սիրտերուն մէջ թարմացան անցեալի քաղցր յիշատակները:

Սիրելի քեսապահայ քոյրեր եւ եղբայրներ, երրորդ անգամն է, որ ձեր գիւղերը կը թալանուին եւ տուները հրոյ ճարակ կը դառնան, սակայն հայու աննկուն կամքով, դուք զանոնք վերաշինեցիք, ու վստահ ենք, որ շուտով պիտի անցնի այս փոթորիկը, դուք պիտի վերադառնա՛ք եւ պիտի վերաշինէք քանդուած ու թալանուած ձեր տուները՝ աւելի գեղեցիկ եւ աւելի փառաւոր, որովհետեւ՝ «Մեզ Հայ են ասում։ Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

11/07/2014