kantsasar.com — Լոյս տեսաւ սուրիահայ բանասէր Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի երեք oրերը» նոր գիրքը: Քեսապի վերջին ողբերգական իրադարձութիւններու մասին ականատեսի հեղինակաւոր կարծիքը ներկայացնող այս գիրքը, 21-23 Մարտ 2014-ին տեղի ունեցած Քեսապի շրջանի ամբողջական հայաթափման ու անոր նախորդող իրավիճակի վկայութիւններն են:
Դէպքերու պատմումին ու իրավիճակներու նկարագրութեան մէջ միահիւսուած են անձնականն ու հաւաքականը: Տեղեկատուական, պատմական, ազգագրական տեղեկութիւնները տրուած են պահի ապրումին ու մտածումին հետ:
Հեղինակը մասնագիտական շրջանակներու մէջ յայտնի է Քեսապի եւ Անտիոքի շըրջանի հայոց նուիրուած պատմա-ազգագրական, բարբառագիտական, բանագիտական իր շարք մը ուսումնասիրութիւններով («Քեսապ», 3 հատոր, «Քեսապի Բարբառը», «Անտիոքի Մերձակայ Ռուճի Հովիտի Հայերը» եւ այլն):