asbarez.com –
Եղի՛ր հեզ, բանող եզ…
ու ծամի՛ր քեզ բաժին ընկած խոտը, մինչեւ որ բացուի առաւօտը…
ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐԴԵԱՆ
Բարեկամս վիտէօ մը ղրկեր է, ուր երիտասարդ մը Մըք Քէյնին«երեսն ի վեր» զայն ու ամերիկեան կառավարութիւնը մարդասպան եւ այլն կը կոչէ։ Իսկ ի՞նչ կ՛ընէ ենթական։ Կը կարծէ՞ք կ՛ամչնայ, կը զղջայ, կը մեղանչէ… Նման պարագայի հայերս ի՞նչ կ՛ըսենք՝ «Երեսին թքնեցին, անձրեւ է, ըսաւ»։
Որ աշխարհին մէջ կան նաեւ այս մարդահրէշներու գործունէութեան դէմ կեցող մարդիկ, կասկած չունիմ։ Հաւանաբար բարեկամս ուզեց «սիրտս պաղեցնել» կամ՝ մարդու մասին իմ խախտած հաւատքս վերականգնել։ Իրմէ անվերջ շնորհակալ եմ։ Երբ կը գրեմ, թէ Սուրիոյ մէջ կատարուող այս աննկարագրելի եղեռնագործութեան աշխարհը կը լռէ՝ անշուշտ պարզ ժողովուրդը նկատի չունիմ, ան, որ իր «հաց ու կրկէս»ին ետեւէն է ու կը դառնայ որեւէ կողմ, վարպետ խաբեբայութեան առկայութեամբ։ Չէ՞ որ վերերը նստողները մանրամասնօրէն ուսումնասիրած են իւրաքանչիւր ժողովուրդի ու մարդ արարածի տկար կողմերը՝ ոչ թէ մարդկութեան երջանկութեան ու յառաջդիմութեան ծառայեցնելու համար, այլ աւելի ու աւելի ստրկացնելու՝ իւրաքանչիւրին իր ձեւով, յաճախ՝ կամաւո՜ր…
Այո՛, շատեր կ՛ընդվզին աշխարհի մեծերու գիշատիչ քաղաքականութեան դէմ, բայց «Շունը հաջեց, կարաւանը քոչեց»ի հեգնանքն է, որ կ՛իշխէ։ Ի՞նչ կը փոխուի։ Ազնիւ մարդիկ ի զօրո՞ւ են իրենց ձայնը դարձնելու«ձայն բազմաց», ստեղծելու այնպիսի քանակ մը, որ որակ կազմէ, ազդէ միջազգային գիշատիչ քաղաքականութեան վրայ ու մարդկութեան դարաւոր կործանիչ ընթացքին ուղղութիւնը փոխէ։ Պատմութիւնը մեզի միայն վայրագութեանց փառաբանութիւն կու տայ, երբեմն ալ բանաստեղծներու մրմունջներ՝ պատրանքներու աշխարհի երազով։ Բայց չէ՞ որ իւրաքանչիւր մարդու երազն է ի՛ր կեանքի օրերը ապրիլ, առանց լուծի ու առանց եաթաղանի վախի։ Խաղաղ ու ապահով։ Մինչդեռ հոս ու հոն ազնիւ ըմբոստութեամբ խօսողներ կա՛մ երազող բանաստեղծներ են, կա՛մ ինծի պէս միամիտներ են, որոնք իրենց ագարակին մէջ իրենք իրենց կը խօսին, կա՛մ ընդամէնը (այդ երիտասարդին պէս) «անձրեւ», կա՛մ ալ ազնուութիւն խաղալով՝ իրենց համար քաղաքական վերելքի ճամբայ բացողներ։
Պատիր բառերու հեղեղներով մարդկութիւնը կը քշուի նախիրի պէս, կ՛ապրինք արեան ճապաղիքով գարշահոտի մէջ՝ իւրաքանչիւրս մեր բակին մէջ մեր «քուջուջը» ընելով, ուրախ, որ գէթ այսօր ի՛մ արիւնս չէ թափուողը, «ինձմէ յետոյ՝ ջրհեղեղ»ի հոգեբանութեամբ, համակերպած, որ աշխարհը այսպէս եկած է ու այսպէս ալ պիտի երթայ՝ արեան բաղնիքներու մէջ…
Բանաստեղծներու մրմունջները կը լսենք որպէս աստղերէն եկող գեղեցի՜կ երգ…
Ու սայլը տեղէն մազ մը չի շարժիր…
***
– Մամա՛, ղուրպա՛ն, պո՜ւտ մը ջուր, կը մեռնիմ, հիմա հոգիս կ՛ելլայ…
– Համբերէ՛, պզտի՛կս, համբերէ՛։ Ս. Սարգիս հո՛ւնա, դրան ետեւ կեցեր, լուսնալուն կը հայի, հիմա ներս պիտի գայ, քեզի անուշ բաներ պիտի բերէ. շատը գնա՜ց, քի՛չը մնաց…
Ռուբէն Զարդարեան
…Օր իններորդ. Հալէպին ծորակները ծարաւ են… Եփրատին համեղ ջուրը կը մերժէ մեզի գալ, կը մոռնայ գալ նաեւ Ս. Սարգիսը։
Այսօր որոշեցի այցելել տարիքոտ բարեկամուհիի մը։ Ան տունէն իջնելու դժուարութիւն ունի, ուրեմն սխալ չ՛ըլլար, եթէ որեւէ մթերք ալ տանիմ։ Բայց ի՞նչ։ Պտո՞ւղ՝ ծանր կը նստի գրպանիս, բանջարեղէ՞ն, բայց ինչի՞ կարիք ունի. անուշեղէ՞ն, բայց ի՞նչ կը սիրէ։ Եւ այսպէս՝ տարբեր բաներ քննարկելէ ու մերժելէ ետք, երբ պատշգամէն վար նայեցայ՝ միտքս փայլատակեցա՜ւ։ Հրապարակին վրայ կեցած էր մեծ մեքենայ մը, հսկայական ջրամբարով ու ջո՜ւր կը բաշխէր, կեա՜նք կը բաժնէր։ Ժողովուրդը՝ դոյլեր, սափորներ, տակառիկներ ու այլազան ջրամաններ առած՝ կամ հոնկէ կ՛երթային, կամ հոն կ՛երթային, կամ արդէն կարգի մէջ էին։ Ահա եւ գիւտ։ Իջայ։ Բայց եթէ նուէր կու տաս, գոնէ խմելի ջուր ըլլայ, թէ չէ այս ջուրերու համար ինչե՜ր կը խօսին։ Քաղաքի զանազան վայրերու մէջ՝ ակումբներու, եկեղեցիներու առջեւ հորի ջուր կու տան մարդոց, բայց նաեւ կը խօսուի, թէ խմելի ջուրեր չեն։ Իսկ վերջերս ալ թունաւորումներու մասին կը խօսուի։ Մենք օրին կը մեղադրէինք օղիէն թունաւորուածները, թէ՝ առանց խմելու չե՞ն կրնար դիմանալ քիչ մը։ Այսօր կարգը ջուրին է. դո՛ւք որոշեցէք…
Ինչեւէ՝ որպէսզի սիրտս հանգիստ ըլլայ՝ խանութէն գնեցի շիշ մը եւ ուրախ, լաւ գործ ընողի գոհունակութեա՜մբ բարձրացայ վեց յարկերը։ Մինչ ես շնչակտուր դուռը զարկի՝ ան անձկութեամբ գիրկիս շիշին կը նայէր։ Այցելութեանս ամբողջ ընթացքին, ելլելէս ետք՝ աստիճաններուն վրայ, վերադարձէս ետքն ալ՝ հեռաձայնով, ան օրհնանքի ու շնորհակալութեան տարափ տեղաց վրաս. շի՜շ մը պարզ, խմելի ջուրի համար…
Այդ իր կարգին, բայց երբ քաղաքը ջուր չունի, հորերուն ջուրերը խմելի չեն (եղեր), խանութներու մէջ ուրկէ՞ այսչափ մեծ քանակով գտնուեցան տարբեր մակնիշի «հանքային» ջուրեր… ու որքանո՞վ վստահելի են, հակառակ իրենց եռապատկուած գիներուն…
– Մամա՛, ղուրպա՛ն, պո՜ւտ մը ջուր…
***
Կ՛ըսեն, թէ պատերազմներուն կ՛ըլլան հարստացողներ, բայց մանաւանդ՝ աղքատացող մեծամասնութիւն։
Հալէպի ունեւոր դասակարգը, անոնք, որոնք կորսնցուցին մեծ շահի աղբիւրներ՝ հեռացան երկրէն։ Ըսուած է՝ »Հարուստը հայրենիք չունի», այսինքն՝ դրամով ամէն տեղ հայրենիք է։
Անոնք, որոնք կեանք մը ամբողջ շահած գոյք կամ կալուած ձգելով հեռանալու անկարող են ու շահի աղբիւրներ ալ չմնացին, «գրպանէն կ՛ուտեն» ու անձկութեամբ պատերազմին աւարտը կը սպասեն, ինչպէս որ՝ ջուրի ծորակին երգը…
Գրեթէ աղքատացաւ միջակը, այն դասակարգը, որ երկիրի մը տնտեսական դէմքի հայելին է։
Անոնք ալ, որոնք տակաւին քանի մը «ղրուշ« շահիլ ու հաց հանել կրնան, մնացին կրակին տակ, ապաւինած Աստուծոյ ողորմած տնօրինութեան։
Եղան մանաւանդ «խելացի« ճարպիկներ, որոնք յատակներէն բարձրանալով (յատակին ալ տեսակները կան) ու «վերերը» հովանաւորներ գտած՝ արիւնոտ ոսկիներ դիզելու ու որբին արցունքով հաց շինելու ճամբան բռնեցին՝ «Աշխարհը դմակ է, տղէն դանակ»։
Անտարակոյս կան եւ մշտագոյ են նաեւ անոնք, որոնք բնաւ չեն մանրեր իրենց հոգիները, ոչ ալ ցուցադրական ազնուականութիւն կը խաղան, այլ կը լուսաւորեն մութին մէջ ու կը պահեն հաւասարակշռութիւնը, որ այս երկրագունդը անդունդ չգլորի։
Մանաւանդ՝ գոյատեւէ Մայր Գաղութը, հայեցիութեան սնուցիչ երակը։
***
Արջը մրջիւններու բոյները կը քանդէր ու կ՛ուտէր զանոնք։ Մրջիւնները ի վերջոյ դիմեցին իրենց ազգականներուն։ Բոլոր տեսակի միջատները եկան օգնութեան, մտան արջին ականջներէն, բերանէն ու խայթոտեցին։ Ցաւերէն փրկուելու համար արջը գետը նետուեցաւ, ուր եւ խեղդուեցաւ։
Եզրայանգում՝ «Քանզի իմաստութեամբ զօրանան փոքունք եւ յաղթեն հզօրաց»։
Մխիթար Գօշ
Կարծես թէ կշիռքին նժարը, ուր նստած է Օպաման իր արբանեակներուն հետ, սկսած է իջնելու։ Կարծես թէ Ուքրանիան Ռուսիոյ համար մղձաւանջ շինելու խաղն ալ իր կամքին հակառակ՝ Ռուսիոյ կողմ կը շրջէ անիւը, ուր ան սառնասրտօրէն ու որպէս «բարերար»՝ Ուքրանիայի մարմինէն մեծ պատառներ կը կլլէ (ինչ որ թուրքին երազն է Սուրիոյ հանդէպ): Խելքի՞, ուժի՞, ստորութեա՞ն, թէ բախտի հարց է։
Եթէ ըլլար խելքի հարց, Վրաստանի նարնջագոյն յեղափոխութեան կարմիրի վերածուելու ու մասնատուելու օրինակը պէտք է արթնցնէր պարոն Օպաման, որ երկրորդ անգամ նոյն փոսը չ՛իյնար (բայց ինք չէ ինկողը, ուրիշները կը նետէ հոն)։
Եթէ ուժի հարց է… լաւ կ՛ըլլար, որ Օպաման իմանար արջին ու մրջիւններուն առակը։
Եթէ ստորութեան հարց է… մի՛ յուսար, թէ կ՛ուղղուին…
Եթէ բախտի հարց կայ մէջտեղ, այդ ալ դժբախտ Ուքրանիայինն է, որ մէկ հարուածով կորսնցուց Խրիմի թերակղզին ու տակաւ կտորներու կը վերածուի…
Մենք, որ այսօր աշխարհի վրայ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող՝ ամէնէն ստոր պատերազմին մէջ ենք, կրնանք հասկնալ ուքրանացի ժողովուրդին վիճակը, թէեւ անիւին նման ծռիլը ի շահ մեզի է՝ սուրիացիներուս (մեր հզօր «բարեկամը« յաղթական է)։ Աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր ծածկոյթները վերցուած են, ու ստորութիւնն ու նենգութիւնը բացայայտ՝ ուր «մենք» ու »դուք»ը աշխարհը ոչ ծաղկեցնելու, այլ կործանելու համար կը համախմբուին, մենք դժբախտաբար կ՛ուրախանանք Ուքրանիայի մէջ Ամերիկայի ձախողութեամբ, որուն հետեւանքը եղաւ այդ երկրին մասնատումը…
Օպամայի երազը իր «հովանաւորեալներուն» մասնատո՞ւմն է արդեօք. դժուար թէ։ (Չենք խօսիր հեղուող արիւնի մասին, զոր Օպաման ջուր կը տեսնէ): Մինչ Փութինը երազ չի տեսներ, կը գործէ, չի խնայեր նոյնիսկ իր «եղբայր» Ուքրանիան (մինչ հայերս, մեր անճարակութեամբ, անոր հետ վարդագոյն երազներ կը կապենք)։ Ուշագրաւ չէ՞, որ իր պատուիրակին Սուրիա այցին անմիջապէս յաջորդեց Սուրիոյ սպառնալիքը… Ամերիկայի՛ ու իր գործակալներուն՝
«Եթէ պիտի շարունակէք այրել զիս, շուրջս ալ հետս կ՛այրեմ…»:
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
16/06/2014
