Perio News/fb/ – ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մինչ Սուրիոյ պատերազմական վիճակը կը շարունակուի, նուիրատուներու փաղանգի մը շնորհիւ՝ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը (ՍԱՐՖ) 100,000 տոլար եւս գոյացուց եւ իր կատարած վերջին փոխանցումով՝ սուրիահայութեան օժանդակութեան համար փոխանցուած ընդհանուր գումարը հասցուց մէկ միլիոն տոլարի:
«Շնորհիւ հոգատար, կարեկցող եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ տոգորուած մեր նուիրաբերող հանրութեան, մենք նուաճեցինք այս հանգրուանը», կ՛ըսէ Զաւէն Խանճեան՝ ՍԱՐՖի գործադիր մարմինի ատենապետ: Ան կ՛աւելցնէ. «Կարելի չէ բոլոր նուիրատուներուն առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնել, սակայն այս առիթը կ՛օգտագործենք՝ ողջունելու 5 տոլարէն մինչեւ 25,000 տոլար նուիրած բոլոր ազգակիցները»:

Վերջին նուիրատուութիւններու ցանկին մաս կը կազմեն երկուքական 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն. մէկը Եւրոպայէն՝ հանգուցեալ տոքթ. Իսքէնտէր Քասիսի ընտանեկան պարագաներէն, իսկ միւսը Անահայմէն՝ տոքթ. Նուպար Ուզունեանէն:
Քեսապի ամբողջական կորուստները տակաւին չեն պարզուած. Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ռմբակոծումներու շարունակութիւնը եւ Իրաքի Մոսուլ քաղաքի հայութեան նոր տեղահանումը, հայութեան դէմ կատարուած այս բոլոր բռնարարքները կը յիշեցնեն Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի շարունակուող պայքարը:

Դժուար է ականատես ըլլալ մայր գաղութի քանդումին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: Որպէս սփիւռքեան գաղութ, որ շատ հեռու կը գտնուի տագնապահար սուրիահայութեան ֆիզիքապէս օգնութիւն հասցնելու կարելիութենէն, մեզ հոգեկան հրճ-ուանք կը պատճառէ լսել ու տեսնել քաջութիւնն ու լաւատեսութիւնը պատսպարաններէ ներս ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն: Մեր գաղութը պէտք է շարունակէ իր բաժինը բերել տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնելու հոլովոյթին, մինչ այդ՝ մեր հաւաքական նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը անպայման պիտի նպաստէ սուրիահայութեան գոյատեւման պայքարին:

Բոլոր նուիրատուներուն վարձքը կատար: Կը խնդրենք, որ շարունակէք ձեր ստացած օրհնութիւնները բաժնել մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել ՍԱՐՖի հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948, կամ կայքէջով՝
www.SyrianArmenianReliefFund.org:
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին, հետեւեալ անդամներով.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: