kantsasar.com – Համազգայինի Սուիրոյ Շրջ. վարչութեան խօսքը` արտասանուած Շրջ. Վարչութեան ատենադպրուհի Էմմա Ազարիկեանի կողմէ.
Տե­րե­ւա­թա՞փ է. ին­չո՞ւ այս­քան կո­րուստ­ներ, քի՞չ էին մեր նա­հա­տակ­նե­րը, թէ դժ­խեմ ճա­կա­տա­գիրն է, դա­ժան մա­հը, որ կը խլէ կեան­քեր, որոնք տա­կա­ւին անակն­կալ­ներ ու­նէ­ին տես­նե­լու, ցան­կու­թիւնը կեան­քը վա­յե­լե­լու. բայց ի՞նչ ըսել, կ՛ըն­թա­նայ առօր­եան առանց խորհր­դակ­ցե­լու, կար­ծիք առ­նե­լու:

Այս­պէս Հա­մազ­գա­յի­նի մեծ ըն­տա­նի­քը դժ­բախ­տու­թիւնը ու­նե­նա­լով կորսնց­նե­լու իր հա­րա­զատ շատ սի­րե­լի ան­դամ­նե­րէն Մի­սա­քը, հա­ւաք­ուած է հա­մա­տեղ սգա­լու, վեր­ջին յար­գան­քը մա­տու­ցե­լու անոր, որ տա­րի­ներ ամ­բողջ ծա­ռա­յած է հա­ւա­տար­մա­բար, իւ­րա­քան­չիւր հար­ցի լուծ­ման իր օժան­դա­կու­թիւնը ցու­ցա­բե­րե­լով :

Կա­նուխ հա­սա­կէն Հ.Մ.Ը.Մ.-էն ներս որ­պէս պար­տա­ճա­նաչ գայ­լիկ, ապա սկաուտ, իր ներդրու­մը ու­նե­ցած է միու­թե­նա­կան կեան­քին: Աւե­լի ուշ ան­ցած Հա­մազ­գա­յի­նի շար­քե­րը, Պա­րար­ուես­տի յանձ­նա­խում­բէն ներս որ­պէս գի­տա­կից միու­թե­նա­կան, ան­շա­հախն­դիր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ փու­թա­ցած է իւ­րա­քան­չիւր ծրագ­րի իրա­գործ­ման: Հե­տա­գա­յին որ­պէս վար­չա­կան դարձ­եալ աշ­խա­տակ­ցած է, ու­րախ զգա­լով յա­ջո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին եւ յու­սալք­ուած` ձա­խո­ղութ­եան առ­ջեւ:

Այս բո­լո­րին առընթեր, սի­րով ստանձ­նե­լէ ետք Քրիս­տա­փոր գրա­դա­րա­նի վար­չականի պաշտօնը, եղած է մշ­տա­կան ներ­կա­յու­թիւն գու­մար­ուած ժո­ղով­նե­րուն:

Աւելց­նելով կեան­քի դէմ պայ­քա­րե­լու իր հզօր կամ­քը, որ­պէս ար­հես­տա­ւոր եւ յա­ջորդող իր հօ­րը աշխատանք­ին. տա­կա­ւին ժա­մա­նակ կը ճա­րէր օգ­տա­կար դառ­նա­լու մօ­րը հս­կո­ղու­թեամբ ըն­թա­ցող ձե­ռար­ուես­տի գոր­ծե­րու իրա­գործ­ման` անհ­րա­ժեշտ նիւ­թե­ր հայ­թայ­թե­լով:
Այ­սօր չկայ ան. մե­զի հետ չէ՛ , բայց կը մնայ լու­սա­ւոր իր պատ­գա­մը, «Սի­րել եւ ծա­ռա­յել», բնա­բա­նով: Ար­դա­րեւ, դժ­ուար պի­տի ըլ­լար գըտ­նել անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ ան­նըպաստ կար­ծիք փո­խան­ցէր իր մա­սին. մեծ ու փոքր հա­ւա­սար­ապէս սի­րած են զինք եւ գնա­հա­տած. կեան­քը վա­ղան­ցուկ է եւ ձգ­ած անու­նը յա­ւեր­ժա­կան:

Այս­պէ՛ս էր ընկ. Մի­սա­քը, բո­լո­րին հետ եւ մշ­տա­պէս հա­մակ­րե­լի ներ­կա­յու­թիւն. խո­րա­պէս կը սգանք իր կո­րուս­տը բո­լորս, ծնող­քը, եղ­բայր­ներն ու հարազատնե­րը եւ վեր­ջա­պէս միու­թե­նա­կան իր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը: Եր­կար ատեն իր անունն ու յի­շա­տա­կը թարմ պի­տի մնան զինք ճանչ­ցող­նե­րու մըտ­քե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ, որ­պէս բա­րի, ծա­ռա­յա­սէր եւ ան­շա­հախըն­դիր բա­րե­կամ:
Թող այս խօս­քե­րը ըլ­լան խո՛ւնկ ու աղօ՛թք, փո՛ւնջ մը ծա­ղիկ իր լու­սա­փա՛յլ յի­շա­տա­կին
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւն