asbarez.com – ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրիահայութեան ճգնաժամային դրութեան շարունակութեամբ, նորանոր զոհեր կը խլուին Հալէպի, Դամասկոսի ու Քեսապի մէջ: Ամերիկայի Արեւելեան ափի հայ գաղութները կը շարունակեն նիւթական օժանդակութիւն հայթայթել Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինին (ՍԱՐՖ), որուն գլխաւոր նպաստը կու գայ Արեւմտեան ափէն:

Հայ ամերիկեան հիւանդապահներու միութիւնը, որ հաստատուած էր 1988ի Հայաստանի Սպիտակ քաղաքի երկրաշարժէն ետք, այժմ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է նոր աղէտին վրայ: Ըստ կազմակերպութեան նախագահ տոքթ. Զարմինէ Նագգաշեանի՝ հիւանդապահները իրենց նուիրատուութիւնները կատարեցին՝ «փոխան միութեան տրամադրուելիք կաղանդի նուէրներու»: Այսպիսով, 3500 տոլար հանգանակուեցաւ:

Նաեւ, Կլենտէյլի ուսուցիչներու ընկերակցութիւնը, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 1200 ուսուցիչներ, տեղական մասնաճիւղերէն մին է Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու ընկերակցութեան: Ընկերակցութեան նախագահ Ֆիլիս Միլըրը 500 տոլարի նուիրատուութիւն մը փոխանցեց ՍԱՐՖի գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեանին: Ընկերակցութեան փոխնախագահ Թալին Արսէնեան գնահատած է Խանճեանի բծախնդրօրէն պատրաստուած տեղեկութիւնները՝ զանոնք համարելով «դասարանի յարմար»:

Մեսեչուսեց նահանգի Պոսթընի համալսարանի Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը 1000 տոլար հանգանակած է՝ աւարտականներուն Եռագոյն վզկապներ վաճառելով. աւարտականները այդ վզկապները հագած են վկայականաց բաշխման արարողութիւններուն ընթացքին: Համալսարանի Լիբանանեան ակումբը տրամադրած է գումարին մէկ երրորդը:

Նաեւ, Միշիկընի համալսարանի Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը հանգանակած է 3500 տոլար, Տիթրոյիթի Հայ կանանց ակումբը՝ 500 տոլար, Ֆիլատելֆիոյ հայկական միջգաղութային յանձնախումբը՝ 1000 տոլար. նաեւ, Մերիլենտ նահանգի Ուեսթ Ֆրենտշիփ քաղաքէն Ռաֆֆի Եուսէֆեանի բարեկամները հանգանակած են 1000 տոլար: Կլենտէյլի Fighting Club-ը 1100 տոլար հանգանակեց խառն մարտարուեստի Մայիս 17ի սեմինարին ընթացքին: Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Մաթէօ շրջանէն տէր եւ տոքթ. Աբրահամ եւ Մարիէն Եագուպեանները հանգանակած են 1200 տոլար՝ փոխան իրենց մանչի տարեդարձին առթիւ կատարուած նուէրներու:

Վարուժան Գունտաքճեանի բարեկամները, Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Գունտաքճեանին «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքա-նշանի շնորհման առիթով, Կլենտէյլի մէջ 75,000 տոլար հանգանակեցին Քեսապի համար:

Այդ ձեռնարկը նաեւ առիթ էր Գունտաքճեանի 80րդ տարեդարձը նշելու:

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՁԵՌՆԱՐԿ

12ամեայ Էլիզապէթ Քուպաթեան որոշած է հանգանակութեան արշաւ մը կատարել Քընեթիքեթ նահանգի Նիւ Հէյվըն քաղաքի «Ալէքս եւ Անի» հաստատութենէն ներս, Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2014ին, երեկոյեան ժամը 5էն 7 (284 New York Street, New Haven, Conn): Հետաքրքրուողները կրնան պատառ մը ուտել եւ իրենց գնումներուն 15 առ հարիւրը տրամադրել ՍԱՐՖին: Քուպաթեանի հետ կապ կարելի է պահել [email protected] ե-նամակի հասցէով:

Գաղութի այն անդամները, որոնք մտահոգ են սուրիահայութեան դիմագրաւած վտանգներով, իրենց տարեդարձներու եւ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցել ՍԱՐՖին, օգնութեան ձեռք երկարելու համար մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն վտանգներ եւ ապրուստ ապահովելու անհնար պայմաններ, յաճախ զրկուած են տարրական պէտքերէ կամ բաւարար սնունդ հայթայթելէ իրենց ընտանիքներուն: Հոգեկան եւ մարմնական բեռները ծանր կը ճնշեն ոչ միայն մանուկներուն, այլեւ չափահասներուն վրայ:

Ձեր նուիրատուութիւնները կը թեթեւցնեն իրենց ցաւերը եւ գոյատեւելու յոյս կու տան: Կը խնդրուի տուրքէ-զերծ ձեր նուիրատուութիւնները ուղղարկել Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 հասցէին կամ
www.SyrianArmenianReliefFund.org կայքէջին միջոցաւ:
***
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին՝ հետեւեալ անդամներով.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն:

asbarez.com/arm/195265