Perio News/fb/ – Ս.Օ.Խ.-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը Նոր գիւղ եղած է միշտ մարմնաւորումը Ս.Օ.Խ.-ի բազմաբնոյթ եւ մանաւանդ ընկերային ծառայութեան աշխատանքին, որուն միջոցաւ վստահութիւն եւ յարգանք պարտադրած է ամբողջ շրջապատին:
Փաստօրէն, երկրիս եւ մանաւանդ քաղաքիս երեքամեայ արտակարգ իրավիճակը, Նոր գիւղի թաղամասին, որպէս «տաք գօտի» յայտնուիլը ոչ մէկ ձեւով կրցաւ ընկրկում պարտադրել Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ գործող ներկայ անձնակազմերուն, որոնք արհամարհելով ամէն վտանգ, հրասանդ ըլլայ անիկա կամ դիպուկահար իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրին՝ հասնելու համար ժողովուրդին առողջապահական եւ խնամատարական կարիքներուն:
Այսօր սակայն, երբ Յունիսի 1-2-3, 2014 ռմբակոծումները թիրախ դարձուցին Նոր գիւղի շրջանը՝ լրիւ քանդելով եւ աւերակոյտի դարձնելով բնակելի տարածքներ եւ ազգապատկան կալուածքներ, մէծապէս տուժեց եւ անապահով վիճակի ենթարկուեցաւ նաեւ Ս.Օ.Խ.-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը, մասնաւորապէս դարմանատունն ու վարչական գրասենեակները, ուր դռներ, պատուհաններ, կահոյք ու կազմածներ մեծ վնասներ կրեցին:
Այս իրավիճակը, նիւթական վնասներէն բացի, անհնար դարձուց աշխատանքը ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս:
Այս պատճառով, Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը, ցաւով կը յայտնէ թէ ընկերաբժշկական կեդրոնը ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ իր ծառայութիւնները, համոզուած, որ մօտիկ ապագային հաւաքական ճիգերով պիտի կարողանայ կեանքի կոչել կանացի այս հսկայ ԱՄՐՈՑԸ:
Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութիւն
Հալէպ 7 Յունիս 2014