kantsasar.com – Յու­նիս ամս­ուան առա­ջին օրէն սկս­եալ, զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­ներ թի­րախ դար­ձու­ցին Հա­լէ­պի հա­յա­հոծ Նոր Գիւղ շր­ջա­նի այն­պի­սի թա­ղա­մա­սեր, ուր ո՛չ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի հրե­տանիի ներ­կա­յու­թիւն կար, ո՛չ զին­եալ հա­կա­դար­ձու­թիւն, ոչ ալ մար­տե­րու մէջ խր­ուե­լու տրա­մադ­րու­թիւն, որ­պէս­զի այս կամ այն ձե­ւով բար­բա­րոս­ներ փոր­ձէ­ին «ար­դա­րաց­նել» իրենց վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն դր­դա­պատ­ճա­ռը: Նպա­տա­կը մէկ էր` սար­սա­փի մատ­նել ու սպան­նել խա­ղաղ բնակ­չու­թիւնը, քան­դել անոր բնա­կա­րան­նե­րը, դպ­րոց­նե­րը, եկե­ղե­ցի­նե­րը, կեդ­րոն­նե­րը. ատե­լու­թեան ու վայ­րա­գու­թեան ծայ­րա­յե­ղա­կան դր­սե­ւո­րում մը, որուն հե­տե­ւան­քով ար­ձա­նագր­ուե­ցան վի­րա­ւոր­ներ, զո­հեր. փուլ եկան, մա­սամբ քանդ­ուե­ցան կամ վնաս­ուե­ցան խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու տու­ներ, աշ­խա­տա­վայ­րեր, դպ­րոց, ակումբ, եկե­ղե­ցի, Ազգ. պատս­պա­րան, հայ­կա­կան հա­մա­լիր­ներ եւ Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի ըն­կե­րաբշժ­կա­կան կեդ­րո­նը:

Մար­դիկ վայրկ­եան­նե­րու ու ժա­մե­րու մէջ կորսն­ցու­ցին իրենց ըն­տա­նե­կան բոյ­նը, դար­ձան ան­տուն, եր­բեմն հնա­րա­ւո­րու­թիւն իսկ չու­նե­նա­լով հա­րա­զատ­նե­րու կամ այլ բնա­կա­րան­նե­րու մէջ հաս­տատ­ուե­լու` տե­ղա­ւոր­ուե­ցան շր­ջա­նի Հայ Առա­քե­լա­կան Ս.Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ կամ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս.Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղե­ցի­նե­րուն սրահ­նե­րը:

Ակում­բի նուիր­եալ տղաքն էին կր­կին, որոնք ան­տե­սե­լով իրենց կեան­քի ապա­հո­վու­թիւնը փու­թա­ցին օգ­նել, ամո­քել, բու­ժել, գէթ փր­կե­լու կեան­քը Նոր­ Գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն…

Այս բար­բա­րո­սու­թիւնը լուռ անց­նե­լու չէ, անհ­րա­ժեշտ է հայ­կա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը ողո­ղել դա­տա­պարտ­ման կո­չե­րով…
Ան­մարդ­կա­յին այս արարք­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ պէտք է բե­րել, որով­հե­տեւ անոնք ո՛չ պայ­քա­րի, ո՛չ յե­ղա­փո­խու­թեան եւ ոչ ալ վար­չա­կարգ տա­պա­լե­լու ուղղ­ուած քայ­լեր են, այլ` ատե­լու­թեան ու ոճ­րա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան դր­սե­ւո­րում: Այս­տեղ ո՛չ գա­ղա­փա­րա­կան տա­րա­կար­ծու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւն կայ, ո՛չ եր­կի­րը աւե­լի ժո­ղովր­դա­վար դարձ­նե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն, ոչ ալ յե­ղա­փո­խա­կա­նի բա­րո­յա­կան նկա­րա­գիր, այլ` պար­զա­պէս ահա­բեկ­չա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւն…

Սուր­իոյ հայ եւ քրիս­տոն­եայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց պաշտ­պան­ուա­ծու­թիւնը այս­պի­սի բար­բա­րոս­նե­րէ ապա­հո­վե­լու հա­մար գէթ դա­տա­պարտ­ման ու բո­ղո­քի կո­չեր ու ցոյ­ցեր պէտք է կազ­մա­կեր­պել ու լուռ չանց­նիլ:

Եւ ոչ միայն փոք­րա­մաս­նու­թեանց, այլ` ողջ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին, որ վեր­ջին շր­ջա­նին ահա­բեկ­չա­կան ար­մա­տա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րու վրէժխնդ­րու­թեան առար­կան դար­ձած է կար­ծէք: Անոնք չյա­ջո­ղե­լով բնակ­չու­թեան տար­բեր խա­ւե­րը իրա­րու դէմ լա­րել ու ներ­քին խռո­վու­թիւն­ներ հրահ­րել, ընդ­հա­կա­ռակն` սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան տար­բեր բա­ղադ­րիչ­նե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան նկր­տում­նե­րուն ակա­նա­տե­սը դառ­նա­լով, եղան աւե­լի վայ­րագ ու ժո­ղո­վուր­դէն վրէժ լու­ծե­լու եւ ամէն բան այ­րել ու անց­նե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ սկ­սան գոր­ծել:
Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, հա­կա­ռակ բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն ու հրահ­րում­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր հայ­րե­նի­քի ըն­կե­րա­յին հիւս­ուած­քի տար­բեր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան գրա­ւա­կա­նը:

Նոր Գիւ­ղը աղէ­տա­լի պա­հեր կ՛ապ­րի, ահա­զան­գի հա­մա­զօր ար­ձա­գանգ է պէտք. աւե­լի՛ն` հայ քա­ղա­քա­կան ու դիւա­նա­գի­տա­կան կող­մե­րու շտապ զօ­րա­շարժ` գէթ փր­կե­լու հա­յու­թեան այս բե­կո­րին կեանքն ու կա­սեց­նե­լու խա­ղաղ բնակ­չութ­եան ուղղ­ուած հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րը:

Զ.Պ.