kantsasar.com – ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Ազգային, թեմական եւ միութենական պաշտօնները ընդհանրապէս կը յանձնուին պաշտօնական գիրերով կամ համապատասխան ժողովներու կողմէ կատարուած ընտրութիւններով: Պաշտօնի յանձնման արձանագրութեան մէջ յիշուած կ՛ըլլայ պաշտօնատիրոջ անունը եւ ստանձնած պաշտօնը: Երբեմն կը յիշուի նաեւ պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը: Նորապաշտօնը կ՛անցնի իրեն տրամադրուած վայրը եւ հանգիստ-հանգիստ կը նստի աթոռին վրայ: Անշո՛ւշտ հանգիստ պիտի նստի, որովհետեւ իրեն պաշտօն յանձնուեցաւ, պաշտօն մը հնչեղ մակդիրով ու գեղեցիկ տիտղոսով: Պաշտօն մը, ժողովասենեակ մը եւ աթոռ մը, հետեւաբար ինչո՛ւ հանգիստ պիտի չըլլայ, հանգիստ ալ կ՛ըլլայ, ուրախ ալ կ՛ըլլայ: Իսկ ինչ մեղք ունի ան եթէ պաշտօնը յանձնողը մոռցած է, կամ մոռացութեան տուած է պաշտօնին հետ պատասխանատուութիւնը յանձնելը, պատասխանատը-ւութիւնը, որուն կրելու եղանակին համաձայն կը յստականայ ստանձնած մակդիրին, տիտղոսին, սենեակին եւ աթոռին գեղեցկութիւնը կամ տգեղութիւնը, յարգարժանութիւնը կամ անարգումը, արժանաւորութիւնը կամ անարժանութիւնը:
Եւ պատասխանատուութիւն չյանձնած ու պատասխանատըւութիւն չստանձնած ազգային, թեմական եւ միութենական պատասխանատուներուն պատճառով հետզհետէ առաւել մտահոգիչ կը դառնայ մեր կազմակերպուածութիւնը: Կը բարձրանայ պատասխանատուութիւն չկրող պաշտօնասէրներուն թիւը, կ՛աւելնան լուծման չյանգած խնդիրները եւ ամենավատը կը բազմապատկուին «վնաս չունի»-ներու մօտեցումով լուծուած հարցերը: Այս «վնաս չունի»-ներն են, որոնք քանդիչ դերակատարութիւն կ՛ունենան մեր կազմակերպուածութեան աստիճանական քայքայման վրայ:
«Վնաս չունի»-ները պատճառ կը դառնան, որ հարցերու պատասխանատուները հաշուետուութեան չհրաւիրուին, իսկ երբ հաշուետըւութեան համակարգը կանգ առնէ` արագօրէն ընթացք կ՛առնէ անպատասխանատու վերաբերմունքը: Ի վերջոյ երբ հաշիւ պահանջող չկայ պաշտօնատէրը ինչի՞ն հոգը պիտի առնէ… Ալ մտահանգիստ սխալ կը գործէ, պաշտօնի պահանջած աշխատանքներու կատարման մէջ կը թերանայ, ինք ալ իր կարգին իրեն ենթակայէն հաշիւ չի պահանջեր: Հետզհետէ այս մօտեցումները կը բարդանան իրարու վրայ, յառաջացնելով խառնաշփոթ, անկազմակերպ եւ կործանիչ միջավայր մը: Իսկ ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ պաշտօններու տէր այրեր եւ կիներ խղճի ամենայն հանգստութեամբ կը շարունակեն գործել նման մթնոլորտի մէջ:
Ի՞նչ ձեւեր կան արդեօք անպատասխանատու պաշտօնատէրերուն հասկցնելու համար թէ` իրենց սեփական ազգին նկատմամբ աւերներ կը գործեն: Ի՞նչ ձեւեր կան արդեօք անպատասխանատու պաշտօնատէրերուն հասկցնելու թէ` այս պաշտօնները առաքինի պաշտօններ են, սահմանուած առաքինի մարդոց համար եւ ի՞նչ ձեւեր կան հասկցնելու, որ այս առաքինութիւնը կը կայանայ պատասխանատը-ւութիւն վերցնելու մէջ:
Ի՞նչ ձեւ կայ հասկցնելու, որ օր մը պատմութեան ընդառաջ պատասխան պիտի տան իրենց այս անպատասխանատու կեցուածքին համար եւ իրենց ամէն մէկ «վնաս չունի»-ին, «քալեցո՛ւր»-ին եւ «հարց չէ»-ին համար իրենց ստանձնած կառոյցի բարոյական իւրաքանչիւր կառուցուածքի կրած վնասին համար հաշուետու պիտի ըլլան:
Եւ ինչպէ՞ս պիտի հասկցնենք, որ այդ հաշուետուն անձ մը կամ պաշտօն մը պիտի չըլլայ, այդ հաշուետուն ժողովուրդը պիտի ըլլայ, որուն վճիռը թէեւ խիստ է, բայց արդար է:
Մարիա Գաբրիէլեան
ՀՐԱՒԻՐԱՏՈՄՍԵՐ
ԵՒ ՀՐԱՒԻՐԵԱԼՆԵՐ
Հակառակ Հալէպի ճգնաժամային կացութեան` գաղութը կը շարունակէ իր հայապահպանման աշխատանքը մշակոյթի տարբեր բնագաւառներէն ներս` գրական ձեռնարկներով, երգ ու պարի փառատօններով, երաժշտական երեկոներով: Այս բոլորին կողքին կը շարունակէ նաեւ կազմակերպել իր աւանդական ազգային ժողովրդային տօնախմբութիւնները, որոնք եռանդ, արիութիւն եւ հպարտանք կը ներշընչեն նոր սերունդին` պապենական ժառանգը պահելու եւ պահելով հպարտանալու:
Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Մայիսեան յաղթանակի տօնախմբութիւնը լաւագոյն փաստն էր հալէպահայ գաղութի վճռակամութեան, հալէպահայ գաղութի անզիջելի եւ անդրդուելի կեցուածքին, հակառակ իր դիմագրաւած կենցաղային դժուար պայմաններուն:
Բայց կարծէք մենք վարժ ենք մեր ձեռնարկները լարուած վիճակով սկսելու եւ ջղագրգիռ ալ վերջացնելու, որովհետեւ հարցը նստելու տեղ չգտնելով կը սկսի ու կ՛աւարտի երկու կծու խօսք «քամելով» կազմակերպող մարմնին: Բայց ինչ կրնանք բացատրել համեստ դասակարգի պատկանող, ոտքի սպասող եւ հաւանաբար ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին այդպէս մնացող հանդիսատեսին, երբ քանի մը քայլ անդին տասնեա՜կ դատարկ աթոռներ կը պահուին, որովհետեւ որեւէ ժամանակ կրնայ ըլլալ, որ այդ աթոռին ներկայացուցիչը ներկայանայ եւ իր տեղը հարցնէ: Տրամաբանութիւնն անգամ այս մէկը չ՛ընդունիր:
Դեռ աւելին, ընդունուած կարգուձեւին (փրօթօքոլ) մէջ բոլորովին անընդունելի է այն պարագան, որ պաշտօնական մարմնի մը ատենապետին կամ նախագահին բացակայութեան պարագային, անոր յատկացուած տեղը գրաւէ տուեալ մարմնէն ոեւէ անդամ եւ գայ տեղաւորուի ատենապետներու եւ կամ նախագահներու շարքին: Իսկ ամէնէն խոցելին` երբ այդ ատենապետը հրաւիրատոմսը տուն տարած կ՛ըլլայ ու յանկարծ ինք պարագայ մը ունենալու բերումով իր կինն ու զաւակը կը ներկայանան իրեն փոխարինելու…
Իսկ ինչ խօսք երբ կազմակերպող մարմինը ընդհանրապէս կ՛անտեսուի եւ հրաւիրեալ մարմնէն ոչ մէկ ներկայացուցիչ ներկայ կ՛ըլլայ: Հաւանաբար իրենց յարգելի պարագաները ունենան անոնք, բայց արդեօք իրենց սուղ ժամերէն քանի վայրկեա՞ն պիտի խլէր եթէ տուեալ հաստատութիւնը, մարմինը, միութիւնը եւ կամ նկատի առնուած ոեւէ անհատ հեռաձայնը վերցնելով տեղեակ պահէր կազմակերպող մարմնին իր բացակայութեան մասին:
Կարգուձեւը բարեկամական եւ ընկերական կապակցութիւններով չէ որ կը դասաւորուի, այլեւ պաշտօններ եւ հանգամանքներ իրենք են, որոնք կը կարգաւորեն թիւն ու շարքը, սակայն իւրաքանչիւր պատասխանատուէ եւ ղեկավարէ պահանջուածը ճշդուած ժամէն 10 վայրկեան առաջ ներկայ գտնուիլն է, որպէսզի ոչ թիւրիմացութիւններու առիթ տանք եւ ոչ կազմակերպող մարմինը նեղ կացութեան մատնենք:
Յուսանք յառաջիկային կը բարեփոխուի մեր ընթացքը:
Սեւան Շահպազեան