kantsasar.com – Երկրի ներկայ տագնապին մէջ ներգրաւուած մեր փոքրամասնութիւնը, տիրող այլազան դժուարութեանց դէմ յանդիման` ապրուած իրավիճակը «Նոր ջարդ» կ՛անուանէ:
Խաղաղ ու ապահով միջավայրի մէջ ապրող սուրիահային համար պայթումներն ու քանդումները, կորուստներն ու մանաւանդ անմեղ զոհերը, աներեւակայելի կացութիւն ստեղծեցին: Անտանելի այս պայմաններու երկարաձգումն ու անորոշութիւնը յուսահատական վիճակը կըրկնակի վատթարացուցին ու մեր ժողովուրդի մեծ հատուածը կամքէ անկախ, կամաւորաբար դարձաւ գաղթական… Գաղթական իր քաղաքին մէջ ու երկրէն դուրս: Ընտանիքներ մասնահատուեցան, երիտասարդներ ցրուեցան օտար երկիրներու մէջ, տուներ քայքայուեցան:
21 -րդ դարու ոճով այս «Նոր ջարդ»-ի իրագործման մէջ, անկասկած մեր վաղեմի ոսոխն ալ ունեցաւ իր «ներդրում»-ը, գորշ գայլի արիւնոտ երախը գաղտագողի ցցած, նոր դարու վայել քաղաքակրթուած երեւոյթով, մարդասիրական մօտեցումով, ժողովրդավարութիւն քարոզելով:
Մարդ արարածի մօտ վախը բնական զգացում է, իսկ սարսափը սահմռկեցուցիչ… Իւրաքանչիւր անակնկալ պայթումի հետ, այդ սարսափն ու զարհուրանքը կ՛ապրի մեր ժողովուրդը, այսուհանդերձ խիզախօրէն ապրելու յարմարութիւններ կը ստեղծէ:
Ապրելու ու կեանքը բնականոն շարունակելու տենչը մեծապէս գնահատելի է, իսկ հարուածի որպէս հակազդեցութիւն, երբեմն պայմաններու յարմարելու փոխարէն, անտրամաբանական ծայրահեղութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Ընդհանրապէս նիւթական ճնշուած վիճակ կը տիրէ: Մարդիկ երբ նպաստէ օգտուելու հնարաւորութիւն կայ կը ջանան իրենց ծայրահեղ ողորմելի պատկերը ցոյց տալ, իսկ սեղաններու շուրջ, կամ հրաւէրներու ընթացքին քօղարկել իրականութիւնները ու ամենապատշաճ տեսքով ներկայանալ:
Պարզ օրինակ մը.
Պսակադրութեան արարողութիւն, ապա հարսանիք տեղի պիտի ունենայ, զոյգ մը երկար սպասելով վիճակի բարելաւման, վերջապէս որոշում կայացուցած է ապրիլ ընտանեկան յարկի տակ, իրաւունք ալ ունի, մինչեւ ե՞րբ սպասել:
Հրաւէր ստացած ազգականուհիին համար խառն վիճակ ստեղծուած է, հագուստի, կօշիկի, պայուսակի, մազի յարդարանքի կարգադրութեան խուճապ… Հետեւաբար նիւթականի հարց:
Տան մէջ ծայր կու տայ «չկայ»-ներու ու «տեղէ մը կարգադրէ»-ներու խուճապը:
Ու այսպէս պարանի մէկ ծայրէն հրաւիրեալի իր պատշաճ ներկայութիւնը պարտադրող կինը, միւսէն գաւաթ մը խմելու ու քիչ մը փոխուելու պատրաստ, բայց նիւթական անբարենպաստ պայմաններու մէջ թաւալող ամուսինը, կը քաշեն, կը քաշքշեն, կինը` անզիջող իգական իր դիրքին վրայ, ամուսինը` հին օրերու նման պահանջքը ապահովելու անկարող: Ու նոր կազմուող ընտանիքի կողքին կը յայտնուի քայքայուած մը:
Վերջին ժամանակաշրջանին, վիճակագրութիւններու տուեալները կը ցուցաբերեն, թէ ամուսնացած զոյգերու անհամաձայնութեանց գըլխաւոր պատճառը նիւթականի չգոյութիւնն է:
Չգոհանալ ու չզիջիլ, սա է ընդհանուր մթնոլորտը, պատճառը բացայայտ, սակայն վերացնելը անկարելի:
Որպէս հետեւանք տուներ, ընտանիքներ, քաղաքներ կը քանդուին:
Կը տիրէ համատարած խուճապ.
Խուճապ ընտրութեան
Խուճապ մրցակցութեան
Խուճապ քանդումներու
Խուճապ անհամաձայնութեանց
Եւ ժողովուրդին համար ամենասարսափելին` խուճապ թռչող հրասանդներու:
03/06/2014