Այսօր 2 Յունիս 2014ին, Նոր Գիւղի մէջ ահաբեկչական խմբակներու կողմէ նետուած հրթիռներուն պատճառով զոհուեցաւ Անդրանիկ Գանթարճեանը:

Անդրանիկին մարմինը գտնուեցաւ աւերակ շէնքի փլատակներուն տակ:

Նոյն շրջանին մէջ ինկած կազի շիշերուն պատճառով վիրաւորուեցաւ Մանուկ Ղազէլեանը: Վիրաւորին պարագան մտահոգիչ չէ:

Իսկ Ճալաաի շրջանին մէջ ինկած հրասանդներուն պատճառով վիրաւորուեցաւ Յովսէփ Արամեանը: Վիրաւորին վիճակը կայուն է:

Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ