Perio News/fb/ – Տարիներու ընթացքին հայերը կ՛ապրէին Հոմս քաղաքի բոլոր միւս համայնքներուն, ինչպէս սիւննիներու եւ արաբ քրիստոնեաներու հարեւանութեամբ:
Հայերը Հոմսի մէջ կը բնակէին Համիտիէ, Պապ Սպաա, Մահաթա եւ Ինշաաթ թաղամասերուն մէջ: Տասնամեակներէ ի վեր Հոմսի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ Հարեթ Արման (հայերու թաղամաս), որ տարիներու ընթացքին դատարկուած է հայ բնակիչներէ:
Հոմսի մէջ հայերը մեծամասնութեամբ կը զբաղէին ինքնաշարժի մասերու նորոգութեամբ եւ վաճառականութեամբ, իսկ երիտասարդ խաւը կ՛աշխատի նաեւ որպէս պաշտօնեայ պետական հաստատութիւններուն մէջ:
Նախապէս Համիտիէ թաղամասը յատկանշուած էր հայերուն ներկայութեամբ, որովհետեւ հոն հաստատուած էին հայերուն մեծամասնութիւնը, Համիտիէ եւ Սինաա շրջաններուն մէջ կը գտնուէին անոնց աշխատանոցները եւ վաճառատուները, որոնք այսօր վնասուած են:
Սակայն երկու տարիէ ի վեր` Համիտիէի շրջանը զինեալներու հակակշռին տակ անցնելէ ետք, հայերը տեղափոխուեցան Մահաթա եւ Ինշաաթ թաղամասերը, որոնք աւելի ապահով կը համարուին` նկատի առնելով կառավարական հաստատութիւններու եւ շէնքերու առկայութիւնը: Նշենք, որ քանի մը հայ ընտանիքներ տեղափոխուեցան Հոմս նահանգի տարածքին գտնուող ապահով գիւղերը, ինչպէս` Մաշթալ Հլու, իսկ ոմանք ալ անցան Լաթաքիա եւ Լիբանան` իրենց ետին ձգելով իրենց կալուածները եւ ունեցուածքները:
Կենցաղային իմաստով հայերը փորձած են յարմարիլ առկայ պայմաններուն: Յիշենք, որ «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի դասաւորումով 2013-ին Հոմսի հայ ընտանիքներուն նիւթական նպաստ բաժնուեցաւ:
Պէտք է նշել, որ Հոմսի Համիտիէ շրջանին մէջ կը գործէին Հայ առաքելական Ս. Մեսրոպ եկեղեցին (օծուած 2009 թուականին) եւ անոր կից գտնուող Սահակեան վարժարանը (նախակրթարան):
Դամասկոսի Հայ առաքելական առաջնորդարանէն հոգեւորականները շաբաթական դրութեամբ կ՛այցելէին Ս. Մեսրոպ եկեղեցին` Ս. պատարագ մատուցելու համար: Վերջին Ս. պատարագը մատուցուած է 2011-ին Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Իսկ 2011-ի վերջաւորութեան եկեղեցին ու դպրոցը ենթարկուեցան յարձակումի եւ բռնագրաւման, որուն իբրեւ հետեւանք` տեղւոյն հայերը եկեղեցական կարգերուն կը հետեւէին արաբ քրիստոնեաներու եկեղեցւոյ մէջ եւ երեխաները կը յաճախեն տեղւոյն արաբական վարժարանները:
Պէտք է ընդգծել, որ զինեալները եկեղեցին եւ դպրոցի շէնքը կ՛օգտագործէին որպէս կեդրոն, շէնքի նկուղը որպէս հիւանդանոց եւ պահեստանոց, իսկ դպրոցի սենեակները աղօթատեղի եւ հաւաքոյթի վայր: Շէնքը կրած է ծանր վնասներ, պատերը ստացած են հրթիռներու հարուածներ եւ սրբապղծուած է եկեղեցւոյ Սուրբ խորանը:
10 մայիս 2014-ին, երբ զինեալ գործողութիւնները դադրեցան, եւ Հոմսի նահանգապետը անվտանգ յայտարարեց Հին Հոմս շրջանը, հազարաւոր բնակիչներ վերադարձան ստուգելու համար ազատագրուած շրջանին մէջ իրենց բնակարաններն ու ունեցուածքը: Նոյնպէս հայ բնակիչները շրջան վերադարձան իրենց բնակարաններուն վիճակը ստուգելու եւ որոշ կահոյք կամ ունեցուածք տեղափոխելու, սակայն շէնքերը վնասուած էին, եւ նշեալ թաղամասերը ընդհանրապէս բնակելի չեն:
Այս ծիրին մէջ 15 մայիսին, Դամակոսի Հայոց թեմի առաջնորդ եպս. Արմաշ Նալպանտեան այցելեց Հոմսի Ս. Մեսրոպ եկեղեցին և ձեռնարկեց փրկել եկեղեցւոյ խորանի սրբապատկերն ու խորանի խաչը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարեխօս` Ս. Մեսրոպի սրբապատկերը, հաւաքեց նաեւ եկեղեցական զգեստները, ժամագիրքերն ու շարակնոցները:
Ներկայիս հայերը Հոմսի մէջ կը հաշուեն մօտաւորապէս երեք տասնեակ ընտանիք, հաշուի առնելով նաեւ ժամանակաւոր կերպով հոն տեղափոխուած ընտանիքները: Պէտք է նշել, որ պետութիւնը նախաձեռնած է արագօրէն սկսիլ ազատագրուած շրջաններուն վերաշինութեան գործերուն, միւս կողմէ կառավարութիւնը քաղաքի ենթակառուցուածքային ծրագիրներ պատրաստած է ընդհանրապէս Հին Հոմսի վերակառուցման համար:
26 մայիս 2014