Perio News/fb/ – Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնոր գերշ. Տ. Արմաշ Եպիսկոպոս Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ՝ ազգային իշխանութեան քաղաքական ժողովի անդամներ Աւօ Ոսկեան, Մովսէս Հալաճեան եւ Աւօ Ճուլֆայեան մայիս 18-ին երկրորդ անգամ այցելած են Հոմսի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցի եւ ազգային Սահակեան վարժարան: Այս մասին կը հաղորդէ Դամասկոսի առաջնորդարանը իր Facebook-ի էջով:
Անոնք արձանագրած են Հոմս վերադարձած հայ ընտանիքներուն տուեալները եւ յանձնած Դամասկոսի թեմի կողմէ յատկացուած անմիջական օգնութիւնը:
Պատուիրակութիւնը Հոմսի Ս. Մաշտոց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վազգէն Խաչատուրեանի հետ նախ այցելած է Հոմսի նահանգապետ Թալալ ալ Պարազիին: Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը ազգայիններու անունով իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնած է նահանգապետին եւ պատասխանատուներուն` պետութեան կողմէ տարուած բոլոր ծառայութիւններուն համար, որմէ ետք քննարկուած են քաղաքաշինութեան, վերականգնման եւ տարբեր ծրագրային խնդիրներ: Այնուհետեւ սրբազան հայրը եւ ազգային իշխանութեան անդամները Ս. Մաշտոց եկեղեցիին մէջ հանդիպած են հոմսահայ ընտանիքներու հետ: Յուզիչ մթնոլորտի մէջ սրբազան հայրը մխիթարական խօսքեր փոխանցած է ժողովուրդին` յայտնելով իր եւ ազգային իշխանութեան աջակցութեան ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: Այնուհետեւ, 2,5 տարի ընդմիջումէ ետք, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է փառաբանական եւ գոհաբանական աղօթք Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հոմսի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար: