kantsasar.com –

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Ձե­զի հետ ալ նման դէպ­քեր կը պա­տա­հի՞ն, թէ բո­լոր տա­րօ­րի­նակ բա­նե­րը ին­ծի կը հան­դի­պին: Սու­լէյ­մանիէ թա­ղա­մա­սի նեղ փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ խա­նութ մը կը փնտ­ռէի: Նեղ, քանդ­ուած ու աղ­տոտ մայ­թե­րու վրայ, պա­րա­յին շար­ժում­նե­րով, հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնս պա­հե­լու ջան­քե­րու մէջ էի, երբ նկու­ղա­յին յար­կի սեն­եա­կէ մը ձայն մը կան­չեց.

-Հէ՜յ, տի­կի՛ն…

Վս­տահ չէի թէ նշ­ուած «հէյ»-ը ես էի, բայց պահ մը ընկր­կե­ցայ. շուր­ջը ու­րիշ «հէյ» մը չկար: Կան­չը կրկն­ուե­ցաւ: Քայլ մը ետ առի ու նա­յե­ցայ ներս: Տա­րի­քոտ կին մը զիս կը կան­չէր: Եթէ ծեր կին մը, որ ան­կո­ղինն է ու քաղց­րա­բար­բառ հա­յե­րէ­նով ձեզ կը կան­չէ` չէ՞ք մօ­տե­նար: Խոր­հե­ցայ` գա­ւաթ մը ջուր պի­տի ու­զէ, կամ ոտ­քին եղունգ­նե­րը կտ­րել (պա­տա­հած է), կամ այլ ծա­ռա­յու­թիւն. ու կը սպա­սէի:
-Հա՞յ ես. եկո՛ւր, հո՛ս եկուր,- հրա­մա­յեց ան ու ես, անմ­ռունչ` սկը­սայ իջ­նել կտրտ­ուած քա­նի մը աս­տի­ճան­նե­րը:

-Մէյ մը նա­յէ՛, հոն` մայ­թին մարդ մը նս­տա՞ծ է,- հար­ցուց, ու կըր­կին ստիպ­ուե­ցայ ել­լել:

-Մարդ չկայ, ան­ցորդ­ներ կան,- ըսի հնա­զանդ պզ­տիկ աղ­ջի­կի պէս, սպա­սե­լով հրա­հան­գը:

-Ես այդ մար­դէն կը վախ­նա՛մ,- ըսաւ տի­կի­նը, կար­ծես բան մը ըսե­լու հա­մար, ան­մաս­նա­կից ձայ­նով,- առա՛ջ եկուր, մտի՛ր:
Մօ­տե­ցայ: Մի­ակ նեղ­լիկ սեն­եակ էր, մի­ակ մահ­ճա­կալ, մի­ակ աթոռ ու մի­ակ ծեր տի­կին: Սա­կայն կար նա­եւ մի­ակ գոց դուռ մը, որ այլ տեղ կը տա­նէր: Բայց իմ իրա­ւունքս չէր այդ մէ­կը պրպ­տել:
-Ահա, ասանկ ան­կո­ղի­նին կը ծա­ռա­յեմ,- մէ­կը չու­նիմ, կ՛ու­զես` նըս­տէ,- ըսաւ, ապա ան­մի­ջա­պէս ու գործ­նա­կան ձայ­նով աւել­ցուց,- ին­ծի եր­կու հա­րիւր ոս­կի տո՛ւր, դեղ պի­տի առ­նեմ` դրամ չու­նիմ:
Ձեռ­քիս կը նա­յէր, որ­մով նոր գնածս պա­նա­նը բռ­նած էի: Հա­նե­ցի ու քա­նի մը հատ դրի սե­ղա­նին:
– Մի­նա՞կ հոս կ՛ապ­րիս,- հա­մար­ձա­կե­ցայ հարց­նել:

-Քա՛, չէ՞ որ Մայ­սա­լուն կ՛ապ­րէի, տունս քան­դե­ցին, ես ալ ահա հոս եմ. աւեր­ուէ՛ր այդ շուն Հիթ­լե­րին տու­նը. Հիթ­լեր չէ՞ր Ամե­րի­կա­յի մար­դը…

Ահա՛, պա­տիժդ ստա­ցի՛ր, պրն. Օպա­մա, ալ ո՞ւր պի­տի փախ­չիս այս անէծ­քէն, սիրտս հո­վա­ցաւ: Բայց եւ խեղ­ճա­ցայ ու մե­ղա­ւոր զգա­ցի, որ չէի գի­տեր, թէ ինչ ճա­կա­տագ­րի են­թարկ­ուած էր հայ մայ­րի­կը: Պատ­ճառ ու­նէի՞ կաս­կա­ծե­լու: Բայց եկուր տես որ կը կաս­կա­ծէի. շատ գործ­նա­կան ու հրա­մա­յա­կան կը պա­հան­ջէր ան իր եր­կու հա­րիւր ոս­կին: Հայ էր ի վեր­ջոյ` ար­ժա­նա­պա­տուու­թի՛ւն կար, պի­տի մու­րա՞ր….
Ու ես ու­զե­ցի խաբ­ուիլ: Կա­մա­ւոր խաբ­ուե­լուս առա­ջին դէպ­քը չէր ասի­կա: Երբ կը զգամ, թէ մար­դը ջանք կը թա­փէ զիս խա­բե­լու, կ՛ըն­դա­ռա­ջեմ` ամօ­թէս: Մա­նա­ւանդ` պա­տե­րա՛զմ, տե­ղա­հան­ուած­նե՜ր, մու­րա­ցիկ­նե՜ր կան խիղ­ճիս վրայ… Տուի ու­զա­ծը: Գոր­ծար­քը աւար­տած էր ու նս­տե­լու նոր առա­ջարկ չե­ղաւ: Կտրտ­ուած աս­տի­ճան­նե­րէն կտոր կտոր ելայ, ետե­ւէս հն­չող իր առ­հար­կին օրհ­նանք­նե­րուն տակ: Ապա յի­շե­ցի, թէ ինձ­մէ առաջ ու­րիշ տի­կին մը ելաւ նոյն աս­տի­ճան­նե­րէն: Մինչ­դեռ ահար­կու մար­դը, որ ծեր ու անօգ­նա­կան կի­ներ կ՛ահա­բե­կէ` չկար ու չկար:

Կը քա­լէի ու կը ժպ­տէի յի­մա­րիկ…

***
-Ինչ­պէ՞ս ես…
– ……..
-Ըսէ` կա՛նք, ոտ­քի վրայ ենք,- կը պա­տաս­խա­նէ նոյ­նինքն հար­ցում ընո­ղը, որ աշ­խար­հի ամէ­նէն վտանգ­ուած քա­ղա­քի ամէ­նէն վտանգ­ուած հա­յոց թա­ղին մէջ կ՛ապ­րի:

Այս­պէս ու­րեմն` ան­գործ մար­դիկ ձանձ­րոյթ փա­րա­տե­լու հա­մար յա­ճախ մե­զի կը մա­տու­ցեն թիւե­րու անո­ղոք ճշ­մար­տու­թիւնը: Ըստ վեր­ջին տե­ղե­կագ­րու­թեան (չեմ գի­տեր որու ըրած), Հա­լէպ առաջ­նու­թիւն առած է աշ­խար­հի ամէ­նէն վտանգը­ւած քա­ղաք­նե­րու կար­գին: Բայց վտանգ­ուա­ծու­թի՛ւն ալ կայ, վտանգ­ուա­ծու­թիւն ալ: Մէ­կուն հա­մար վտան­գը կր­նայ հիւ­լ­է­ա­կան ճա­ռա­գայ­թումն ըլ­լալ, ու­րիշ­նե­րուն հա­մար` երե­ւա­կա­յա­կան «թե­ռո­րիսթ­նե­րը», եր­թե­ւե­կի խցա­նում­նե­րը, ապա­կա­նած օդը եւայլն, իսկ Հա­լէ­պը… Երա­նե­լի օրեր կա­յին, երբ ան կը մր­ցէր այս վեր­ջի­նով: Բայց այ­սօր ան ո՜ւր եւ Նիւ Ճըր­սին ո՜ւր, որ նոյն­պէս վտանգ­ուած է եղեր (մի կար­ծէք թէ արաբ­նե­րը, պար­սիկ­նե­րը կամ այլ ահար­կու «թե­ռո­րիսթ­նե­րը» հոն հա­սան): Հա­լէպ­ցի­նե­րը այ­սօր մի­ա­ձայն ու մի­ա­կամ երա­նի պի­տի տա­յին այն օրե­րուն, երբ շըր­ջա­կայ աւե­լի քան 800 ֆապ­րիք­նե­րուն ծու­խը կ՛ապա­կա­նէր քա­ղա­քին օդը. օ՜, երա­նե­լի օրեր: Այ­սօր­ուան Հա­լէ­պը կր­նայ բաղ­դատ­ուիլ ու առաջ­նու­թեան յա­ւակ­նիլ յետ­պա­տե­րազմ­եան Պեր­լի­նին կամ Հե­րո­շի­մա­յին հետ…

Հա­մաշ­խար­հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին «դաշ­նա­կից­նե­րը» մտան կռիւի մէջ, երբ, բա­զում խար­դա­ւանք­նե­րէ ետք, զգա­ցին թէ ռուս բա­նա­կը յաղ­թար­շաւ իրենց դար­պաս­նե­րուն կը մօ­տե­նայ: Ու մինչ անոնք զի­րենք դա­սա­ւո­րե­լու վրայ էին` Ամե­րի­կա քե­ռին Սաս­նայ Դաւ­թի Քուռ­կիկ Ջա­լալի­ին պէս հրեց ամէն­քը մէկ կողմ ու ախո­ռին մէջ իր իշ­խա­նու­թիւնը հաս­տա­տեց` Հե­րո­շի­մա­յի ու Նա­կա­սագի­ին «նուի­րե­լով» մէ­կա­կան հիւ­լ­է­ա­կան ռումբ` «Ես հոս եմ, հա՜…»:
Այ­սօր ալ իր` ոս­տի­կա­նի դիր­քին վրայ է, ու մէջ­տեղ Հե­րո­շի­մա­յի բախ­տին կ՛ար­ժա­նա­նայ հի­նա­ւուրց Հա­լէ­պը, առաջ­նու­թիւն առ­նե­լով վտանգ­ուած քա­ղաք­նե­րու շար­քին:

Վտանգ­ուած… Դուն այդ մէ­կը կր­նաս հասկ­նալ միայն, եթէ հարթը­ւի ամէն վայրկ­եան փա­խուս­տի ճամ­բա­ներ մտմ­տու­քի մէջ` գլ­խուդ տե­ղա­ցող ռում­բե­րէն ու հր­թիռ­նե­րէն ազա­տիլ կ՛աղօ­թես, իսկ գի­շեր­նե­րը որե­ւէ ձայ­նի կը ցատ­կես տե­ղէդ` մար­դահ­րէշ­նե­րու հա­ւա­նա­կան յար­ձա­կու­մի սար­սա­փով հա­մակ­ուած…
Բայց զիս զբա­ղեց­նող այլ միտք կայ` ին­չո՞ւ այս տե­ղե­կագ­րու­թիւնը: Կը հարց­նեմ` ե՞տքը. կը հաշ­ուէք որ ամէ­նէն վտանգ­ուա­ծը պար­գե­ւատ­րէ՞ք – բայց երեք տա­րի է մենք պար­գե­ւատ­րու­մէն ձանձ­րա­ցանք. որ օգ­նէ՞ք – պէտք չէ ձեր օգ­նա­ծը, գէթ մի՛ վնա­սէք. թէ՞ կը ստու­գէք տա­կա­ւին որ­քան տեղ կայ Հա­լէ­պը կա­տար­եալ դժոխ­քի վե­րա­ծե­լու հա­մար…
………………………………………………………………………………………………………………..
– Երբ դուր­սէն մէ­կը կը հարց­նէ` ինչ­պէ՞ս ես, կը ջղայ­նա­նամ, թո՛ղ չհարց­նեն,- ահա՛ մօ­տե­ցում մը, որ դժ­ուար հասկ­նա­լի է դուր­սէն, մինչ­դեռ հա­լէպ­ցին հո՛ն հա­սած է:

***
Ինչ­պէս գար­նան ամպ գոռ­գո­ռայ` էր­կիր պոռ­թեց,
Ինչ­պէս երկ­րա­շարժ մի զար­կի` էր­կիր պոռ­թեց,
Թօզ ու տու­ման էր­կիր- էր­կինք բռ­նեց,
արե­գա­կան էրեսն առաւ,
Իրեք ցե­րեկ, իրեք գի­շեր….
«Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ»
Ահա­ւո՜ր է, ահա­ւո՜ր է… Գի­շե­րը հրա­սանդ­նե­րէ անձ­րեւ տե­ղաց կարգ մը թա­ղե­րու վրայ. այ­սօր առտ­ուը­նէ սկ­սաւ կռիւը:
Պա­տե­րազմ` քա­ղա­քին մէջ, «խա­ղաղ» բնակ­չու­թեան գլ­խուն վրայ: Տունդ ապաս­տա­րանդ է, մինչ ան կը ցնց­ուի հի­մե­րէն. ար­դէն լսե­ցինք, թէ քա­նի մը շէն­քեր իջած են:
«Տունս` ամ­րոցս…», պի­տի ըսէր անգլ­ի­ա­ցին:
Կրակ կը տե­ղայ, զա­նա­զան զէն­քե­րու հա­ման­ուագ է, թն­դա­նօթ­ներ կ՛եր­գեն ան­դա­դար, ու մենք այն­քա՜ն մօտ կը զգանք մահ­ուան հո­տը. քիչ մը ան­դին է ան` երի­տա­սարդ կեան­քեր կը հն­ձէ:
Ամէ­նէն սոս­կա­լին, որ­մէ ահա­բեկ­ուե­ցաւ քա­ղա­քը` հզօր քա­նի մը պայ­թիւն­ներն էին. երկ­րա­շար­ժա­յին ուժգ­նու­թեամբ ցնց­ուե­ցաւ ամ­բողջ Հա­լէ­պը: Նախ` հզօր ցն­ցում, ապա` վա­յո­ցը գլ­խուդ վրա­յէն սու­րա­ցող ինչ որ հրէ­շի ու` դող մարմ­նիդ մէջ: Դե­ղա­հա­տը չօգ­նեց հանգս­տաց­նե­լու թրթ­ռա­ցող ջի­ղերս: Անդի­էն` հե­ռա­ձայն.

– «Ելի՛ր, եկո՛ւր, ասանկ ատեն մի­ա­սին պէտք է ըլ­լանք» (ըն­կե­րո­վի մա­հը հարս­նիք է):
Ապա`
-Մաք­րու­թիւն կ՛ընեմ ու կը խոր­հիմ` ին­չո՞ւ կ՛ընեմ, հի­մա պի­տի փլի:
Ու­րիշ մը.
– Մի՛ վախ­նար, սա «մաք­րում» է, մին­չեւ ե՞րբ պի­տի համ­բե­րենք հրէշ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան…
Եր­րորդ մը.
– Մի՛ հարց­ներ, տու­նիս ապա­կի­նե­րը ամէն իջա՜ն….
– Յա­ջոր­դը.
– Արդ­եօք խա­նութ­պա­նը իջա՞ւ գոր­ծի. կա­տուն ու ձա­գե­րը անօ­թի պի­տի մնան…
Այս` մահ­ուան դրաց­նութ­եամբ…
Այո՛ խեն­թա­ցեր են հա­լէպ­ցի­նե­րը:
Վա­ռօ­դի ու ինչ որ ան­յայտ բա­նե­րու խան­ձա­հո­տը իջած է քա­ղա­քին վրայ. ոմանք կը գրեն, թէ ծուխ ու փոշի­էն բան չեն տես­ներ…
Առա­ւել` ամ­պա­մած եր­կինք, չա­րա­գոյժ քա­մի, մեռ­եալ քա­ղա­քի պա­րապ փո­ղոց­ներ` ուր­ուա­կան­նե­րու քա­ղաք. ու ան­դա­դա՛ր, ան­դա­դա՛ր հզօր պայ­թիւն­ներ` ջի­ղե­րուդ վրայ, հոգի­իդ վրայ… Ու զո­հե՜ր, զո­հե՜ր, ծեր, երի­տա­սարդ ու մա­նուկ…
Դժոխ­քը բարձ­րա­ցեր է երկ­րի երես.
Աղօթ­քէն զատ այլ ճար ու­նի՞նք…
***
Պատ­կեր
Կոր­ծա­նիչ օդա­նա­ւը կը սու­րայ եր­կին­քին մէջ, չա­րա­գոյժ ձայ­նը հետզ­հե­տէ կ՛ուժգ­նա­նայ, ապա` զար­կին դղր­դիւնը, որ­մէ ետք լռութ­եան մի­ջոց մը:
Քա­նի՜ տուն փլա­տակ եղաւ,
Քա­նի՜ մարդ զոհ­ուե­ցաւ վայրկ­եա­նի մը մէջ,
Քա­նի՜ մա­նուկ մնաց որբ,
Քա­նի՜ մայր` ան­զա­ւակ…
Խումբ մը ստա­հակ տղաք լայն փո­ղո­ցին մէջ հա­րայ-հրո­ցով կա­տու կը հա­լա­ծեն: Ան կը սու­րայ: Երբ կը մօ­տե­նայ, բեր­նին մէջ բռ­նած ձա­գը կը տես­նեմ, որ կը ծւծ­ւայ: Հա­լա­ծա­կան մայ­րը կը սու­րայ նե­տի պէս, մինչ տղա­քը եւս կը մօ­տե­նան: Փըր­կու­թեան մի­ակ դու­ռը բարձր պատ ու եր­կա­թէ դար­պաս է, բայց թշ­նա­մին կը մօ­տե­նայ: Մայ­րը կը հե­րո­սա­նայ` կը մագլ­ցի դար­պա­սը, քա­նի որ պա­տը առա­ւել բարձր է ու ողորկ: Աճա­պա­րան­քէ՞ն, թէ՞ ու­ժե­րու գեր­լա­րու­մէն` ձա­գը կ՛իյ­նայ: Արագ ակ­նար­կով մը կը չա­փէ թըշ­նամի­ին տա­րած­քը, կր­կին բե­րա­նը կ՛առ­նէ ձա­գը ու հե­ւի­հեւ կը մագըլ­ցի: Գա­գաթ հա­սած է ար­դէն, թշ­նա­մին մօ­տե­ցած է: Պէտք էր տես­նե՜լ նայ­ուած­քը, որ­մով չա­փեց եր­կու վտանգ­նե­րը` վա­րը` թշ­նա­մին ու դար­պա­սի վտան­գա­ւոր բարձ­րու­թիւնը: Ու կա­տա­րեց մի­ակ կա­րե­լի քայ­լը, զոր ան­հա­սա­նե­լի էր թշ­նամի­ին` ցատ­կեց վար` փր­կե­լու ձա­գը:
Սուր­ի­ա­ցի մայ­րե՜ր… Ու­նի՞ք այդ կա­րո­ղու­թիւնը փր­կել ձեր ալ ձա­գե­րը, երբ թշ­նա­մին դա­ւա­դիր, բազ­մագ­լուխ ու ամե­նա­կեր է…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ