ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 27ին, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին, Սանթա Մոնիքայի ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղի ընկերուհիներն ու համակիրները կրցած են 4000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ապահովել՝ Քեսապէն տեղահանուած ու Լաթաքիա ապաստանած հայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու համար:
Ձեռնարկին բացումը կատարած է մասնաճիւղի ատենապետուհի Հեկլա Սարգիս, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամներուն, որոնք ապահոված էին ընկերային այս ձեռնարկին յաջողութիւնը:
Ապա, ելոյթ ունեցած է Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով Քեսապի հայութեան կացութեան մասին ու շեշտելով այս դժուար պայմաններուն տակ սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը:
Ներկաները վայելեցին «Արարատ» եռեակի երաժշտութիւնը:
asbarez.com
23/05/2014