asbarez.com – Վերջին քանի մը շաբաթներուն, արար աշխարհով, ուր ափ մը հայութիւն կայ, ընդվզում արտայայտուեցաւ թրքական անարգ արարքին դէմ, որ գործադրուեցաւ Քեսապի մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ, տեղահան ընելով շուրջ 2200 քեսապահայեր, որոնք հաստատուած էին իրենց պապենական հողերուն վրայ, երկար տարիներէ ի վեր՝ ըլլալով Սուրիոյ հաւատարիմ քաղաքացիներ:
Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայ գաղութն ալ անմասն չմնաց ու իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քեսապի մեր հայրենակիցներուն: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀԵԴի «Ռոստոմ» ուխտին եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբին, Երեքշաբթի, Ապրիլ 22ի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի հայութեան ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկ մը: Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօսները՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանն ու Հայ իրաւաբանական միութեան ատենապետ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը, ինչպէս նաեւ շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ ու շուրջ 200 հայրենակիցներ, որոնք եկած էին իրենց ներկայութեամբ քաջալերելու սոյն զօրակցական ձեռնարկը:
Երեկոյթի հանդիսավարը՝ Ռաքսեն Մաքասճեան, ողջոյնի խօսքերով դիմաւորեց ներկաները ու ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց օրուան երկու պատգամախօսները՝ դոկտ. Յովսեփեանն ու իրաւաբան Ղազարեանը, տալով իրենց կենսագրական գիծերը:
Առաջին հերթին, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան զգացական եւ յուզիչ կերպով ներկայացուց իր ներաշխարհը՝ ըսելով. «Երկու օր ետք Ապրիլ 24ի 99ամեակը պիտի ըլլայ, բայց նախքան Ապրիլ 24ը, կ՛ուզեմ ձեզի հետ ճամբորդել դէպի Մարտ 21, 2014: Երբ ըսեմ 2014ի Մարտ 21ը, մարմինս կը փշաքաղուի այս վայրկեանիս, որովհետեւ կը յիշեմ այն զգացումը, զոր ապրեցայ, երբ լուրը ստացայ: Այդ իրականութիւնը սրտաճմլիկ էր ոչ միայն Կարօ Ղազարեանին, այլ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք հայ կը համարեն: Իմ հերթին, ունենալով մեծ հայր մը, որ 1915ին Միացեալ Նահանգներէն վերադարձած է Քեսապ, իբրեւ կամաւոր զինուոր, նաեւ քեսապցի երկրորդ մեծ հայր մը՝ ես քեսպացի մըն էի, որ Քեսապ ոտք չէր կոխած: Այս զգացումներէս ետք, պարտաւոր էի ուղղուիլ դէպի Միջին Արեւելք, Պէյրութ, Քեսպա ու Այնճար»:
Ապա ան նկարագրեց իր ուղեւորութիւը՝ ըսելով. «Նախքան Պէյրութ ժամանելս, ինչպէս բոլոր հայերը, որոնք Հայկական Հարցով անքուն կը մնան, տեսած էի բազմաթիւ տեսաերիզներ ու լսած ականատեսներու վկայութիւններ, որոնց կարգին՝ հայ ծերունիի մը հետ օտար զինեալներու կողմէ հարցաքննութեան տեսաերիզը, ուր փորձ կը կատարուէր ցոյց տալու, թէ իրենք մարդասէր ու գթասէր են: Սակայն անոնց արտայայտութիւններուն ընդմէջէն պարզ յայտնի էր, որ անոնք ոչ մարդասէր էին, ո՛չ ալ հայասէր: Առաջին հերթին փորձեցի գտնել այդ ծերուկը եւ գտայ՝ Քեսապէն ազատ արձակուած եւ Լաթաքիա հասած, ապա Լաթաքիայէն Պէյրութ հասած, ծերանոցի մը մէջ: Ես այդ 95ամեայ ծերունիին հետ մտերիմ զրոյց մը ունեցայ»: Հոս ցոյց տրուեցաւ այդ զրոյցին տեսաերիզը՝ խոր յուզում եւ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով ներկաներուն մօտ: Կարօ Ղազարեան իր խօսքը աւարտեց՝ տալով տեղեկութիւններ տարուած եւ տարուելիք քաղաքական աշխատանքներուն մասին:
Ապա, նախքան իր քաղաքական ու վերլուծական զեկոյցը, դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան իւրայատուկ ձեւով պատկերացուց Մարտ 21, 2014ին սկսած Քեսապի հայութեան դիմագրաւած ողբերգութեան մանրամասնութիւնները՝ ըսելով. «Երբ լուրը ստացանք, մեզի համար շատ արագ առնուելիք քանի մը քայլեր կային: Առաջինը, անշուշտ, լուրերու խառնարանին մէջէն անմիջապէս լուրերու ճշգրտութիւնը որոշելն էր, որպէսզի գիտնայինք, թէ ո՛րն է իրականութիւնը, ո՛րն է սուտը: Մէկ կողմէ կ՛ըսէին, որ Քեսապի մէջ մարդիկ կը մորթուին, ուրիշներ սկսած էին քաղաքական պատճառներով «ԵուԹիւպ»ի վրայ զանազան տեսակի հեռարձակումներ եւ նկարներ դնելու. նկարներ, որոնք առնուազն երկու տարուան նկարներ էին եւ հայու նկարներ չէին: Ուրեմն, մենք պէտք էր արագօրէն լուրեր ստանայինք՝ կապուելով Սուրիոյ մեր ընկերներուն հետ: Հրաշքի նման բան մը կատարուած էր, որովհետեւ այդ իրադարձութիւններէն 8-9 ժամ ետք, արդէն 2100 հոգին տեղափոխուելու ընթացքին մէջ էին: Պատի՜ւ այդտեղի կազմակերպութիւններուն, որոնք շատ արագ հասկցած էին, թէ պէտք է ժողովուրդը անմիջապէս տեղափոխել եւ ամէն տեսակի փոխադրամիջոց գործածելով՝ ժողովուրդը հասցուցած էին Լաթաքիա: Քեսապ մնաց 30-40 հոգի: Անոնց պարագան իւրայատուկ էր: Անոնք տարեցներ էին, որոնք չեն ուզած տեղափոխուիլ, իսկ քանի մը ուրիշներ ետ մնացած էին այդ իրարանցումին մէջ ու անոնցմէ շատերը Թուրքիոյ Վագըֆ գիւղը տեղափոխուած են»:
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան տեղեկութիւններ փոխանցեց նախաձեռնուած քայլերուն մասին: «Նախ, Լոս Անճելըսի հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները հրաւիրեցինք, ինչպէս նաեւ կրօնական ղեկավարութիւնը՝ երկու առաջնորդները, Աւետարանական եւ Կաթողիկէ համայնքներու ներկայացուցիչները, ու մեր ունեցած տեղեկութիւնները բաժնեցինք իրենց հետ, ապա որոշ քայլերու ձեռնարկեցինք: Անմիջապէս ետք հրապարակեցինք միացեալ յայտարարութիւն մը՝ քանի մը ժամուան ընթացքին, իրազեկութիւնը բարձրացնելու համար արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ: Արտաքին ճակատին վրայ, գլխաւորաբար Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերակցութեան հետ գործակցաբար, անմիաջպէս վարձեցինք ամերիկեան «Փի.Առ.» (հանրային յարաբերութեանց) կազմակերպութիւն մը, որուն յանձնեցինք ամերիկեան մամուլին մէջ յօդուածագրութեան ու զանազան տեղեկագրութեանց ճամբով ճշգրիտ լուրերը տարածելու գործը:
«Որպէս անմիջական օգնութիւն քեսապահայութեան, SARF-ի (Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմին) միջոցաւ ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով ուղարկեցինք 100,000 տոլար: Այս մէկը մեծ գումար մը չի համարուիր, բայց Քեսապի համար անմիջական օգնութիւն մըն էր՝ մինչ յաւելեալ օժանդակութեանց ժամանումը:
Քեսապի հարցով կը փորձենք պէտք եղած ճնշումները բանեցնել, որպէսզի Լաթաքիոյ մէջ մեր քոյրերն ու եղբայրները անմիջականօրէն բաւարարուած ըլլան ֆիզիքական ապահովութեամբ: Ներկայացանք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ 11 պահանջներով: Կ՛ուզէինք նաեւ, որ Թուրքիան ամբաստանէին, որովհեւտեւ թրքական կողմը մասնակից եղած էր յարձակումին: 11 պահանջներէն 10ին հետ հարց չունէին անոնք, միայն Թուրքիան ամբաստանելուն հետ հարց ունէին, որովհետեւ թուրքին դաշնակից են:
Կ՛ուզենք, որ Քեսապի հայութիւնը Քեսապ վերադառնայ: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ ետ կ՛երթան, ոչ թէ անոր համար, որ Քեսապը սուրիական գիւղ մըն է, այլ՝ չմոռնանք, որ Քեսապը մեր պատմական Հայաստանի վերջին մէկ կտորն է եւ մենք այդ ձեւով պէտք է ընդունինք Քեսապը»:
Ձեռնարկի աւարտին տրուեցան բազմաթիւ հարցումներ զոյգ բանախօսներուն, որոնք գոհացուցիչ կերպով պատասխանեցին անոնց:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
16/05/2014