perio news/fb/ – «Հալէպ» Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական կազմակերպութեան անունով Կիրակի, 27- Ապրիլ- 2014-ին տեղի ունեցաւ նիւթական օժանդակութեան բաշխում՝ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայ առաւել ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած 101 ընտանիքներուն։

Քեսապահայերու աջակցելու նպատակով հանգանակուած գումարը փոխանցուած է վերոյիշեալ ընտանիքներուն, «Հալէպ» ՀԿ-ի Լաթաքիոյ ներկայացուցիչ՝ տիկին Յասմիկ Մանճիկեան-Պէրպէրեանի ձեռամբ, եւ Սուրիոյ «Ծովափահայութեան շտապ օգնութեան մարմին»ի անդամներէն՝ Ղազար Պէտրճիքեանի, Նշան Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ` Մարիա Ղազարեանի, Դալար Թութիկեանի եւ Դալար Աւետիսի ներկայութեամբ։ Օժանդակութեան բաշխումը տեղի ունեցած է Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջաբակին կից գտնուող՝ հայկական վարժարանէն ներս։