PERIO NEWS/fb/- Ըստ սուրիական պաշտօնական աղբիւրներու, սուրիական բանակը 27 ապրիլի առաւօտուն գրաւած է Քեսապի Գարատուրան գիւղի սահմանակէտը: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, զինուորական գործողութեան մասնակցած են սուրիական բանակի ծովային մասնայատուկ ուժերը, որոնք ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած են Գարատուրանի ծովափը: