Սիրելի հայրենակիցներ, տարեվերջին պարտականութիւն կը սեպեմ անդրադառնալու Ազգ. Պատսպարանի առօրեային, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած յանձնախումբը իր աշխատանքը կը կեդրոնացնէ նոյն ատեն կրթական, դաստիարակչական, առողջապահական եւ ընկերային մարզերուն մէջ, տրուած ըլլալով որ բոլորիս թիրախը եղած է օգնել մանուկներուն եւ յաղթահարել անոնց դժուարութիւնները:
Ս.Օ.Խաչի մեծ ընտանիքը, որ կը գործէ 93 տարիներէ ի վեր, կը հաւատայ այն իրականութեան որ անցած տարիները իրենց մէջ կը պարփակեն խաչուհիներու հարազատ պատմութիւն մը, որուն մէջ մեծ բաժին ունի նախ 84 տարիներու անցեալ ունեցող Ազգ. Պատսպարանը:
Երկար ճամբայ կտրած այս կազմակերպութիւնը իր տարբեր հանգըրուաններուն ունեցած է բազմաթիւ ելեւէջներ, կերտած է սերունդներ, որոնք իրենց կարգին, ծառայած են այս գաղութի բարգաւաճման, թռիչք տալով իրենց առաքելութեան եւ յանձնառու ըլլալով իրենց պարտականութիւններուն:
Վայելած են ջերմ համակրանքը ամբողջ ժողովուրդին, ապրած են հալէպահայութեան ազգային մթնոլորտին մէջ համարելով գոյատեւել այնքան որքան գաղութը կը պահէ իր գոյութիւնը:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի զոյգ տօներուն առիթով ձեզ բաժնեկից կը դարձնենք մեր ամէն անցուդարձերուն, միշտ հաւատալով որ մեր շուրջ կը գտնուին մեր առաքելութեան հաւատացող եւ մեր կոչերուն արձագանգող բազմաթիւ նուիրեալներ, որոնց մէջ կայ նաեւ անդամուհիներու հսկայ փաղանգ մը, որոնք իրենց նիւթաբարոյական ներդրումով կու գան սատարելու այս մարդասիրական հաստատութիւնը, յատկապէս այսօրուան ստեղծուած քայքայուած իրավիճակին մէջ:
Մենք տառապեցանք Հալէպի դէպքերուն հետ: Մեզի համար շատ դժուար է բառերը գտնել, Պատսպարանի ճիշդ պատկերը ներկայացնելու համար:
Սաները ապրեցան Սուրիոյ արիւնոտ կռիւներուն ամբողջ դառնութիւնը եւ միայն հինգ ամիսներ վայելելէ ետք Սիս համալիրի մէջ տեղակայուած նոր կեդրոնը, իրենց ետին ձգեցին չարդուփուշուր, պատուհաններով ու դռներով սրտաճմլիկ պատկեր ներկայացնող շքեղ տունը, եւ ապաստանեցան Ա.Մ.Ժ.Տ «Լ.Շանթ» սրահ, որ սիրայօժար կերպով եւ ամէն յարմարաւէտ պայմաններով տրամադրուեցաւ կեդրոնի խնամակալութեան կողմէ, որոնց այս հիւրընկալութեան դիմաց իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն կը նուիրենք մեր սաներուն դէմքերուն վրայ արտայայտուող ապահովութեան զգացումները նոյն ատեն անվըթար կեանք մաղթելով Գերշ. Սրբազան Հօր, Ազգ. մարմիններու բոլոր պատասխանատուներուն եւ մեր սիրելի ժողովուրդին, որուն հաւատքը տակաւին զօրաւոր է հանդէպ գոյատեւելու իր պայքարին:
Ամիսներ անցան, սակայն մենք չկրցանք վերադառնալ մեր տունը:
Մարտի վերջաւորութեան էր, երբ մեր հնամէնի սակայն պատմական ու ամրակուր պատերով շէնքը ձգեցինք փոխադրուելու համար Սիս համալիր, այսօր, այն ալ ենթարկուած է հալէպահայութեան ներկայ ճակատագրին, ու շըղթայակապ իր դուռը փակած, ապաստան տալով ձմրան ցուրտէն պաշտպանութեան երթիք գտած թըռչուններուն:
Ինչ յոյսերով սաները Սիս փոխադրուեցան եւ ինչ յուսախաբութեամբ դուրս ելան հոնկէ:
Այժմ, միայն բաղդաւոր կը համարենք զիրենք որ ողջ առողջ են եւ շըրջապատի աջակցութիւնը կը վայելեն, երբ ընդունուած սովորութիւնները բլատակներու տակ թաղուեցան ու տօնական օրերու խանդավարութիւնները միայն յուշ դարձան:
Յայտնենք, թէ շնորհիւ բարերարներու նուիրատուութիւններուն սաները Լ.Շանթ սրահէն ներս օժտուեցան յարմարաւէտ պայմաններով, մահճակալներով, ծածկոյթներով, հաւասարակշռուած ճաշի սպասարկութեան կողքին, յատկապէս ներկայի քայքայուած տնտեսական տագնապալից օրերուն, որոնք նոր մարտահրաւէրներ բացին սուրիահայութեան տարբեր խաւերուն մօտ:
Մեծապէս շնորհակալ ենք մեր Համայնքապետերուն, որոնք գործօն եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն կը բերեն սուրիահայ եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային կեանքին:
Ահաւասիկ մեր անցնող ամիսներու հաշուեկըշիռը ուր տիրապետողը եղաւ Հալէպի քաղաքական տագնապները, երկար ամիսներու անորոշութիւնը, երկրին դժնդակ պայմանները եւ մեր կորուստները, որոնց հետ երբեք չկրցանք հաշտուիլ սակայն կը մնանք յուսալից եւ կը դիմաւորենք Նոր Տարին հայաշատ Հալէպի մեր եկեղեցիներուն, կեդրոններուն, ճեմարաններուն, վարժարաններուն եւ մեր պարագային Ազգ. Պատսպարանի դռները բաց տեսնելու յոյսով:
Երախտագիտական զգացումներով շնորհակալ ենք Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանին, Ազգ. Վարչութիւններուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շրջանակային Յանձնախումբին, Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմնին:
Շնորհակալ ենք մեր կազմակերպութիւններուն, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններուն:
Շնորհակալ ենք Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութիւններուն, որոնք իրենց ներդրումը կատարեցին նպատակադրած, որպէսզի ապահովուի մեր ծրագիրներու շարունակականութիւնը: Շնորհակալ ենք Ս.Օ.Խաչի բոլոր անդամուհիներուն, Շրջ. Յանձնախումբերուն եւ վերջապէս շնորհակալ ենք Աստուծոյ, որ իր շնորհիւ մեր գոյութիւնը կը պահենք յուսալով, որ Կաղանդ Պապան խաղաղութիւն կը բերէ ու դարձեալ ժպիտ կ՛արձանագրէ մեր այտերուն:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 3 Յունուար 2013