Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 156-րդ նիստը գումարուեցաւ 27 Դեկտեմբեր 2012, Հինգշաբթի կէսօր ժամը 1:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն եւ բացման խօսքէն ետք, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Դիւանի նախապատրաստութեամբ, Ժողովին յաջորդաբար ներկայացուեցան ընդհանուր երեք վերնագրումներով երեք զեկոյցներ`
ա.-Սուրիոյ ներկայ տագնապը
բ.- Սուրիահայութեան իրավիճակը
գ.- Տնտեսական իրավիճակը
Զեկուցաբեր Երեսփոխաններու ներկայացումներէն ետք, Երեսփոխանական Ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց ներկայացուած զեկոյցները, իրադըրութեան, հնարաւորութիւններու, ակընկալութիւններու եւ իրատեսական պատկերացումներու հիմամբ: Կատարեց արժեւորումներ, հաստատումներ եւ գծագրեց կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ լուծումներու պատկերացումներ:
Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը հաստատեց.
1.- Սուրիոյ վիճակուած քաղաքական տագնապի զարգացման հոլովոյթով համատարած անապահովութիւնը, ռազմական գործողութիւններու սաստկացող ալիքով ստեղծուած բնակելի թաղամասերն ու աշխատատեղիներու տարբեր համեմատութիւններով կրած վնասներն ու քանդումները հասցուցած են տնտեսական համատարած տագնապի մը: Այս բոլորէն անմասն չէ մնացած սուրիահայութիւնը, իսկ երբեմն ալ կրած անոնց ահեղ ծանրութիւնը:
2.- Թեմի բոլոր շրջաններուն մէջ տարբեր համեմատութիւններով առկայ վերոյիշեալ երեւոյթները արդիւնքով խախտած են սուրիահայութեան` որպէս Սուրիոյ քաղաքացիական հիւսուածքի մէկ բաժինը, խաղաղութիւնը եւ բնական կեանքի ընթացքը:
3.-Հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, Թեմի տարածքին Ազգ. Վարչութեան բոլոր մարմինները, Խորհուրդները եւ Հոգաբարձութիւններն ու Յանձնախումբերը թէեւ դժուարին պայմաններու մէջ, սակայն պատասխանատուութեամբ կը շարունակեն իրենց վստահուած ազգային պարտականութիւնը:
4.-Հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն եւ նիւթական հսկայական դժուարութիւններուն,կրթական հաստատութիւններու առաքելութեան շարունակումը կը մնայ անհրաժեշտ :
5.- Ազգ Երեսփոխանական Ժողովը դրուատեց տագնապի դիմագրաւման համար ձեռք առնուած միջոցառումները, կազմակերպման եւ գործնական իրականացման բաժիններով, Ս.Շ.Օ.Վ.Մ. յառաջացումով եւ առ այդ Հալէպի, Ճէզիրէի, Դամասկոսի եւ Ծովափի (Լաթաքիա – Քեսապ ճիւղերով) գործադիր մարմիններու յառաջացումով, քաղաքական-յարաբերական, լրատուական շրջագծով կատարուած տնօրինումներով եւ ժողովրդային զանգուածներու ստուար կարիքներուն հասնելու ճիգերով:
Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ.
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ ծայր առած սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագրին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան անոր մասնակցութեան:
– Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան զօրակցական ծրագրին:
-Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան մարդասիրական օժանդակութեան:
– «Օգնի՛ր Եղբօրդ» ծրագրին:
-Հայկական վարժարաններու օժանդակութեան ՀՕՄ-ի ծրագրին:
– Թեմերուն, Կազմակերպութիւններուն, Հիմնարկներուն,անհատ բարերարներուն եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած ազնիւ վերաբերմունքին:
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը սուրիահայութեան օժանդակութեան համազգային տարողութիւնը գտաւ գօտեպնդիչ եւ քաջալերող:
Ներկայ իրադրութեան գնահատումով.
ա.-Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը հաստատեց մեր ժողովրդային զանգուածներուն, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիի հայերնիքին կառչած մնալու հաստատակամութիւնը եւ առ այդ, բնականաբար, անոր զարգացումներու հոլովոյթին առնչուած ըլլալու հանգամանքը:
բ.-Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը շեշտադրեց ծայրայեղ աչալրջութեամբ, շրջահայեացութեամբ եւ լրջախոհութեամբ ընթանալու ցարդ որդեգրուած գործելաոճի շարունակման անհրաժեշտութիւնը եւ ընդհանրացումը բոլոր մակարդակներու վրայ:
Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը իր գնահատանքը արձանագրեց Շտապ Օգնութեան զանազան մարմիններուն, կազմերուն եւ բնագաւառներուն մէջ կամաւոր կերպով մշտապէս ծառայողներուն:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.ԵրեսփոխանականԺողովը կը հաւատայ, որ սուրիահայութեան սրտի զարկերով այսօր կը տրոփեն աշխարհասփիւռ հայութեան սրտերը եւ համայնական ճիգերու մէկտեղման ճամբով կարելի կը դառնայ շրջանցել այս տագնապը կամ գէթ թեթեւցնել անոր ծանր հետեւանքները:
Յարգանք Սուրիական Հայրենիքի բոլոր նահատակներուն:
Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը իր աշխատանքը աւարտեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով: