ՀՕՄ-ի մնա­յուն ծրա­գիր­նե­րուն մաս կը կազ­մէ «Ամա­նոր Ծրա­գի­րը», զորս կը կազ­մա­կերպ­ուի ամէն տա­րի Ամա­նո­րի առի­թով, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ՀՕՄ-ի հա­մա­հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քի ներդ­րում­նե­րով նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թեամբ նպաս­տել տար­բեր եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան ման­կա­տու­նե­րուն, ծե­րա­նոց­նե­րուն, կա­րի­քա­ւոր եւ թե­րաճ երե­խա­նե­րուն, եւայլն:

Սուր­իոյ պա­րա­գա­յին, Ամա­նոր Ծրա­գի­րը ամէն տա­րի կ՛օժան­դա­կէ Հա­լէ­պի Ազգ. Պատս­պա­րա­նին եւ Հայ Ծե­րա­նո­ցին, որոնց կող­քին այս տա­րի, Սուր­իոյ եւ յատ­կա­պէս Հա­լէպ քա­ղա­քի տագ­նա­պա­լից վի­ճա­կին բե­րու­մով, ՀՕՄ-ի Կ.Վար­չու­թիւնը, նիւ­թա­կան բա­ցա­ռիկ յատ­կա­ցու­մով, հո­վա­նա­ւո­րած էր նա­եւ Հա­լէ­պի հայ փոք­րե­րուն յա­տուկ ամանոր­եան ձեռ­նարկ մը:

Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­լէ­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ­ ներք­նաս­րա­հէն ներս, 1 Յուն­ուար 2013-ի կէ­սօր­ուան ժա­մը 12.00-ին, մաս­նակ­ցու­թեամբ Ազգ. Վար­ժա­րան­նե­րու աւե­լի քան 200 հայ փոք­րիկ­նե­րու:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին ՀՕՄ-ի Կ. Վար­չու­թեան ան­դամ Տիկ. Զե­փիւռ Է. Ռէ­իս­եան եւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վար­չութ­եան ատե­նա­պե­տու­հի Տիկ. Ան­նա Տ. Յա­կոբ­եան:

Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը տա­րած էին նս­տա­վայ­րի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը, իսկ յայ­տագ­րի իրա­գոր­ծու­մը վըս­տահ­ուած էր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­խում­բե­րուն: Անոնք խա­ղե­րով, եր­գե­րով, պա­րե­րով եւ բա­րի մաղ­թանք­նե­րով տօ­նա­կան մթ­նո­լորտ ստեղ­ծե­ցին մեր փոք­րե­րուն հա­մար:

Շրջ. Վար­չու­թեան «Փե­թակ» յանձ­նա­խում­բը այս առի­թով պատ­րաս­տած էր հա­մեղ ճաշ, իսկ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը Կա­ղանդ Պա­պու­կին պար­կը լե­ցու­ցած էին գոյնզ­գոյն նուէր­նե­րով, որոնք Կա­ղանդ Պա­պու­կին ձե­ռամբ բաշխ­ուե­ցան բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն:

Փոք­րիկ­նե­րուն եր­գով, պա­րով եւ ու­րա­խու­թեան ճի­չե­րով թն­դաց սրա­հը: Այս առի­թով Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Եպս. Սար­գիս­եան այ­ցե­լեց փոք­րիկ­ներն ու իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը տա­լով մաս­նակ­ցե­ցաւ անոնց եր­գե­րուն եւ ու­րա­խութ­եան: Գերշ. Սր­բա­զան հայ­րը բա­րի եւ խա­ղաղ տա­րի մաղ­թեց մեր մա­նուկ­նե­րուն, եւ անդ­րա­դառ­նա­լով Ազգ. Վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տին, բա­րի վե­րա­մուտ մաղ­թեց բո­լո­րին: Այ­նու­հե­տեւ Տէր Շա­հան շնոր­հա­կա­լու­թեան ջերմ խօս­քեր ուղ­ղեց ՀՕՄ-ի Կ.Վար­չու­թեան եւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վար­չու­թեան նման ձեռ­նար­կի մը կազ­մա­կերպ­ման առի­թով, ապա Ամա­նո­րի եւ Ս.Ծնուն­դի զոյգ առիթ­նե­րով բո­լոր փոք­րե­րուն գիր­քեր նուի­րեց:

ՍՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 25 Յունուար 2013