kantsasar /fb/ – Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը սովորութիւն դարձուցած է ամէն տարի կազմակերպել ճեմարանական աշակերտներու ձիրքերու յայտնաբերման յատուկ ձեռնարկ “Jemaran’s Got Tallent” խորագրով, ուր հանդէս կուգան զանազան ձիրքեր ունեցող աշակերտներ։

Այս տարի եւս Շրջ․ Միութիւնը կազմկերպեց “Jemaran’s Got Tallent- 3” -ը, որուն առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ի յետմիջօրէին «Գ․Եսայեան» սրահէն ներս, որուն մասնակցեցան՝ երաժշտական, թատերական, պարարուեստի, մարզական, նկարչական եւ այլ ձիրքերով 28 ճեմարանականներ։