yerakouyn.com – Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) իր ծնունդով, որ անվհատ կը մղէ իր դիւցազնամարտը աշխարհի ամէն տեսակ մարտահրաւէրի դիմաց՝ ի խնդիր Հայ լեզուին ու մշակոյթին եւ աւանդութիւններու ու բարքերու անաղարտ պահպանումին, եւ ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ նշանաբանով կը ծառայէ ողջ հայութեան:
95 տարիներ առաջ Տէր Զօրի, Ռագգայի, Մարկատէի, Րաս Իւլ Էյնի արիւնախառն աւազներէն ծնունդ կ՛առնէր ՀՄԸՄ եւ իբրեւ փիւնիկ թափ կու տար իր թեւերուն՝ վերստին ճախրելու այնպէս, ինչպէս վայել է հայու արժանապատուութեան:
Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապալի այս շրջանին ընդհանրապէս եւ յատկապէս Հալէպը, որպէս անմիջական մարտադաշտի մէջ ըլլալու վիճակին առընթեր Հալէպի մէջ հայկական համայնքը հերոսաբար կը դիմագրաւէ իր առջեւ ծառացած խնդիրները ու իր գոյութիւնը:
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, նախագահութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւններուն, կիրակի, 23 Փետրուար 2014-ին, ժամը 4:00-ին «Գէորգ Եսայեան» սրահէն (Սուլէյմանիէ, Հալէպ) ներս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնը (թէեւ անցեալ տարի բոլորուեցաւ 95 տարին): Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Երեք Համայնքապետերը` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Մեծարգոյ Տիար Կարէն Գրիգորեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան իբրեւ Բերիոյ թեմի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Կարպիս Թովմասեանը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկերուհին, Բերիոյ Թեմի Ազգային Գաւառական ժողովի երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան անդամներ, Հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ սուրիական եւ հայկական հիմներով ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի նուագակցութեամբ: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներն ու նահատակները, 16 փետրուար 2014-ին, Պէյրութի մէջ անկնկալօրէն մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եւ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ Եղբ. Միհրան Շիմիրեանը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ ինկած տեղացի թէ հայ նահատակներու անմար յիշատակին:
Բեմի վարագոյրը երբ բացուեցաւ հանդիսատեսին դիմաց կոկիկ եւ գեղեցիկ զարդարանքով բեմայարդակ մը ներկայացաւ: Ապա պաստարի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմականը հակիրճ կերպով: Մինչ բեմին վրայ կը գտնուէին խումբ մը քոյր-եղբայրներ զանազան տարիքներէ, որ գեղարուեստական յայտագրով յատուկ երանգ տուին հանդիսութեան: Անոնք ներկայացան անհատական եւ խմբային ասմունքով, իսկ ուրիշներ երգերով՝ միատեղ ամբոջական ներդաշնակութեամբ եւ ներկայացումով, մինչ պաստարի վրայ կը ներկայացուէր ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ գործունէութիւնը:
«Մեր սրտերու ՀՄԸՄ» խորագիրը կրող քերթուածին հեղինակն էր Հալէպահայ բանաստեղծ եղբ.՝ Յակոբ Տլտլեանը: Եղբ. Եղիա Քիլէճեան մեներգեց «ՀՄԸՄ մեծ դպրոց» երգը: Տեղի ունեցաւ զուգերգ «Անցեալէ ապագայ ՀՄԸՄ ներկայ», զոր մեկնաբանեցին եղբ. Սուրէն Աճէմեանը եւ քոյր Նորա Սիմոնեանը: Գեղարուեստական այս գեղեցիկ ներկայացման եւ պատրաստութեան համար շնորհակալութիւն յատնուեցաւ ասմունքի հեղինակ եղբ. Յակոբ Տլտլեանին, իսկ բեմադրութեան համար եղբ. Նշան Օղիկեանին եւ քոյր Յուշիկ Ղազարեանին:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արասանեց եղբ. Կարպիս Թովմասեանը:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան խօսքը՝ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Լեւոն Իսկէնտէրեանը:
Արտասանուած խօսքերէ ետք «Հայրենիքիս հետ» երգը ինքնատիպ, տպաւորիչ եւ ազդու կատարողութեամբ մեներգեց եղբ. Եղիա Քիլէճեանը, դաշնամուրի նուագակցութեամբ անոր կ՛ընկերակցէր Ռուզան Պարսումեանը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ «Ծառայութեան» շքանշանի եւ գիր ծառայութեան տուչութիւն կատարուեցաւ հետեւեալ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուն.-
Եղբ. Բժշկ. Աբրահամ Եագուպեան
Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան
Եղբ. Զաւէն Էքմէքճեան (փոխան եղբ. Զաւէնի յանձն առաւ տիկինը՝ Անին)
Եղբ. Ռաֆֆի Տէր Յակոբեան
Եղբ. Խաժակ Տիլպէրեան
Եղբ. Արմէն Քէօշկէրեան
Եղբ. Պօղոս Պալիոզեան
Եղբ. Սարգիս Խուրշուտեան
Եղբ. Զարեհ Փամպուքեան
Եղբ. Շիրազ Համամճեան (Յետ մահու: Յանձն առաւ եղբ. Շիրազի տիկինը՝ Ալինը)
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ յատուկ յուշանուէր յանձնուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանին: Պէտք է նշել, որ այլ առիթներով յուշանուէրներ յանձնուած էր նաեւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Մեծարգոյ Տիար Կարէն Գրիգորեանին:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին իր սրտի խօսքը տուաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը: Սրբազան հայրը բոլոր համայնքներու անունով շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակը, եւ նշեց, որ հակառակ Սուրիոյ ներքին պայմաններուն տակաւին ան, կը գործէ:
Գերշ. Շահան սրբազան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակին կ՛օրհնենք հայկական հոգիով ու ձգտումներով գործող միութիւնը մաղթելով սակայն, որ դէպի հարիւրամեակ գացող անդամ-անդամուհիները իրենց գործունէութեան նշանաբան ունենան «Բարձրացիր բարձրացուր»ի կողքին, «վերանորոգուիր եւ վերանորոգէ» գաղափարը»: Ապա, շնորհաւորեց տասը պարգեւատրեալ ՀՄԸՄ-ական եղբայրները:
ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ անոր յաջորդող սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով ու խաղաղութեան ողջոյնի օրհնութեամբ:
Նշենք, որ տօնակատարութեան բեմավարներն էին եղբ. Ծերուն Գահուէճեան եւ քոյր. Լուսին Ջիլաբոշեան, որ շատ լաւ ձեւով կատարեցին իրենց վստահուած գործը:
Յոբելինական հանդիսութեան համար վերջապէս կարելի է ըսել, որ սրահը լեցուցած հանդիսատեսը, մերթ յուզիչ մերթ ոգեւորիչ ու մանաւանդ հպարտութեամբ վայելեց ուրախ մթնոլորտը:
Յետ հանդիսութեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ ԱՄԺՏ «NEW SBIDAG» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտերմիկ հաւաքոյթ»: