Մարդիկ քիչ են- գազանները՝ շատ:
Եւ այժմ ապրում ենք մի ժամանակ, երբ մեծ ասպարէզ կայ մարդու էդ վայրենի բնազդին:
Յ. Թումանեան
Քանի մը օր Հալէպի երկինքը համեմատաբար խաղաղ էր ու միամիտներուս կը թուէր, թէ լռութեան մէջ կը խմորուէր բան մը, թէ մեր հիւսիսի կապուտաչեայ բարեկամը ի վերջոյ վճռական ու լայնահոգի շարժումով մը հարցը այլ գետին պիտի տեղափոխէր: Բայց ինչպէ՜ս աշխարհի մեծերը մեր հարցը լուծեն, երբ իրենց մատակարարած զէնքերով հեղուած արիւնը իրենց գրպանները կը հոսի իբրեւ ոսկի:
Կրկին աստղային պատերազմի հոլիվուտեան երեւակայութիւնը կը գործէ: Հարիւրաւոր կեանքեր կը մարին, տնանկներուն թիւը կը բազմապատկուի: Շուարած, տագ-նապած աջ ու ձախ վազվզող մարդիկ, իրենց հարազատները փլատակներու տակէն հանելու անկարողութենէն ցնորուած ու այրած… Վիրաւորուած երեսներով ու թաթիկներով մանուկներ… «այս աչքերովս անգթօրէն մարդկային, ես տեսայ…»:
Անդին՝ ամերիկեան ու ֆրանսական պատանդներու համար աշխարհը կը ցնցեն: Անդին՝ Ֆրանսայի մեծագոյն դերասանը կը պարծենայ, թէ իր առանձնատան մէջ բազում շուներ կը պահէ, զանոնք կը թաղէ քրիստոնէակա՜ն կարգով եւ այլն…
Օ՜, դէմ չեմ- շուները մեր բարեկամներն են: Իսկ Սուրիոյ մէջ ահաբեկուող ու արիւնալուայ մանուկները ձեր ահարկու թշնամինե՞րն են, պարոնայք… շնասէրնե՛ր, չէ՞ որ ձեր ձայնը կարող էր միլիոններ ոտքի հանել ի պաշտպանութիւն անոնց:
Կամ՝ պէտք էր ծնիլ ձեզի պէս՝ կապոյտ արիւնով, քանի որ հողը միայն կարմիր արիւն կը սիրէ:
***
Փողոցները քալած միջոցիս, մարդոց գորշ, մթին գոյներով հագուստները ու իրենց ներքին վիճակը ուղիղ համեմատականն են իրարու: Սակայն միշտ բան մը կը խուսափի միտքէս: Կարծես կը զգամ, կարծես լեզուիս ծայրն է ու հիմա պիտի գտնեմ ճիշդ բառը. բայց ոչ՝ անկարող կ՛ըլլամ անուն տալ հալէպցիներուս այս օրուան: Անոր իւրայատկութիւնը, գոյնը, բոյրը, ձայնը (կամ՝ լռութիւնը) կը զգամ բոլոր ջիղերովս, սակայն անուն տալ չեմ կրնար: Իսկ անուն տալ անհրաժեշտ է, քանի որ ան շատ իւրայատուկ է, սովորական քաղաքի սովորական բնակիչներ չեն փողոցները քալողները, ծախող-առնողները, բոլորս…
Այսօր կրկին կը քալէի Սուլէյմանիէ՝ Աուճ էլ Ճըպ հիմնական շուկայիկ գիծին վրայ: Կը դիտեմ մռայլ, ցեխոտ, քանդոտուած, աղբաշատ, պատնէշուած փողոցները ու անթիւ անհամար »պաստաճի«ներու մայթեզերեայ »խանութ«ները: Ծախողները այլեւս իրենց ապրանքները գովերգող կատակախառն, յանգաւոր պոռոցներով »էստի՛ համեցէք« չե՜ն ըներ, գնորդները աշխոյժ սակարկութիւն չե՜ն ըներ. հազիւ լսելի շշուկներ են: Կարծես ստուերային քաղաք է, մարդիկ՝ սմքած, սիրտ չունին սակարկելու: Մինչդեռ գիները՜… Ու այդ անիրական պատկերին դիմաց՝ գտայ փնտռած անունս- »ուրուականներու քաղաք«: Չէ՞ որ ուրուականները, կ՛ըսուի, աւերակներու մէջ կ՛երեւին: Իսկ Հալէպի քանի՞ տոկոսը այսօր աւերակ չէ՝ կառոյց, միտք կամ հոգի: Ու հազարաւոր մեռեալները մեզի հետ քով քովի կը քալեն: Այնքան շատ, որ իրենց մէջ մենք ալ ուրուականային, ստուերային ենք:
Կեանքը խլուած է, մնացեալը օրերուն հետ թաւալում մըն է, ու մարդիկ չեն ապրիր այս քաղաքին մէջ, կը գոյատեւե՛ն յանուն բանի մը, որ անծանօթ է ու մշուշային: Կը կարծեն պայքարիլ բանի մը դէմ, բանի մը համար: Ուտելիքի պակաս չկայ, բայց ուղեղներու մէջ է անօթութեան վախը. ուտե՛լ, տաքնա՛լ, ո՛ղջ մնալ-ահա մարդոց պարտադրուած մտածիրը: Իրականութեան մէջ՝ ակամայ պայքարի մէջ ենք մեր կեանքի օրերուն դէմ՝ գաղափարազուրկ ու բարոյազուրկ խաղի մը զոհեր որպէս: Խաղ, որ սկսած է մարդակեր մարդը, կը շարունակուի մինչեւ օրս, շառագունելով նաեւ վաղուան հորիզոնը…
***
Ծանր է նաեւ այսօրուան լրաբեռս: Իմացայ, թէ որդի մը եւս մեկնեցաւ հայրենիքէն: Ի՞նչ տարբերութիւն՝ որուն որդին: Անոնք բոլորը ՄԵՐ որդիները չե՞ն: Ան, որ վճռած էր՝ հայրենիքին մէջ նոյնիսկ մուրացկան ըլլալ ու Հալէպ չվերադառնալ: Մուրացկան ըլլալը արժանապատիւ մարդուն ճամբան չէ: Ան տարբեր միջոցներու դիմեց արդարօրէն կտոր մը հաց վաստկելու համար, սակայն իր մայր հողին վրայ արդարութեան շուքը չգտաւ. չտոկաց կեանք մը ամբողջ նուաստանալու եւ աղքատ մնալու հեռանկարին: Հեռացաւ հիասթափ, ցաւած ու գանա՛ծ:
Իւրաքանչիւր օր բաժին մը արիւն կը քաշէ հայոց երակէն: Երբ մտովին կը շրջիմ ու կը տեսնեմ երկրագունդի բոլոր ծագերուն քալող որդիներս, որոնց հրայրքով ու համոզումով հայրենիքի սէրը ներշնչած եմ, անցած կեանքս ինծի կը պատկերուի որպէս ի սէր վերացական գաղափարի վատնուած ու անպտուղ ճիգ, կը զգամ ինքզինքս որպէս միամիտ Տօն Քիշոտ: Փոխանակ հայրենիքի բարիքները ծծողներ կրթելու՝ ժամանակավրէպ երազողնե՜ր կրթած եմ: Ու հիմա անոնք, իրենց փշրուած երազանքներուն բեկորները Երեւանի մէջ թաղած՝ հայկական անձնագիրը որպէս ճերմակ դրօշակ պարզած՝ կ՛երթան, իբրեւ հայրենիքէն փրցուած բուռ մը հող, ծուէն մը երկինք՝ ովկիանոսներու մէջ անհետանալու, օտարին ի սպաս դնելու երիտասարդի իրենց եռանդը:
Ինչո՞ւ կը տխրիք….
Որ իւրաքանչիւրի մեկնումով աւելի ու աւելի կը պզտիկնա՞յ ու կամայանա՞յ հայրենի հողը…
***
Նաեւ գեղեցիկ երեւոյթ մը՝ »Գոհար« հանրայայտ երգչախումբին անունով դրամական օգնութիւն կը բաշխուի հալէպահայ ուսուցիչներուն: Միտքս նենգափոխելու առիթ չտալու համար անմիջապէս շեշտեմ, թէ »գեղեցիկ«ը չգործածեցի դրամին համար, որ շատերու համար հոգիները խաթարելու չափ գեղեցիկ է ու գայթակղիչ:
Մեզի համար գեղեցիկ էր մտայղացումը, ապա՝ կիրարկման կերպը: Առաջին անգամը չէր, որ այդ ազնուասիրտ տիկինը՝ Գոհար Խաչատուրեան, կը յիշէր ու կը գնահատէր հայ ուսուցիչները, սակայն գրելու իմ դրդապատճառս, ինչպէս նշեցի, նիւթականը չէր (թէեւ մեր պայմաններու մէջ ան նոյնպէս կենսական է): Օրինակելի ու մատնանշելի էր ձեւը: Ազգին դրամը չէր որ ազգին կը բաշխուէր, այլ՝ անձնականը, սակայն ոչ ոք խճողումի մէջ ոտքի տակ գնաց, ոչ ոք խտրութեան ենթարկուեցաւ, ոչ ոք անարգեց ու անարգուեցաւ: Բաշխումը կատարուեցաւ քաղաքակիրթ ձեւով, առանց մարդիկը մերկացնելու իրենց արժանապատուութենէն:
Ուրեմն հնարաւոր է…
Եւ քանի որ հայերս նշանաւոր ենք միայն ժխտականը տեսնելու եւ դրականի մասին լռելու (թերեւս ալ այդ մէկը բնակա՛ն կը գտնենք. թէ՞ կը նախանձինք…)- վճռեցի խախտել աւանդոյթը: Քանի որ Տիկնոջը անձնապէս տեսնելու եւ իր ազնիւ կեցուածքը շնորհաւորելու հնարաւորութիւն չունիմ, առանց իր համեստութիւնը վիրաւորող փառաբանական ներբողներու, այս մտածումս կը յղեմ իրեն.
Երանելի էք, որ մեր ազգին անխարդա՛խ երակին արիւնն ու առաքինութիւնները կը կրէք:
***
Այսօր գիւղացի մը նարգիզներ ու մանուշակներ կը ծախէր: Գարնան աւետաբերներ: Կեանքը կը նորոգէ ինքզինք: Գարունը ի՞նչ խոստումներ ունի մեզի համար…
ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ», 12 Փետրուար 2013