Կազմութիւն

Սուրիոյ տագնապը պատճառ դարձաւ Սուրիահայութեան կեանքին դժուարացման՝ ապահովական թէ կենցաղային իմաստով: Սուրիահայութեան մայրաքաղաք՝ Հալէպը աւերածութիւններու եւ զոհերու տխուր պատկերը կը ներկայացնէ: Արտակարգ կացութիւններու դիմաց անյապաղ լուծումներ գտնելու համար, անհրաժեշտ էր համապատասխան շտապ տնօրինումներ կատարել: Առ այդ, սուրիահայ կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները, գլխաւորութեամբ հայ համայնքապետերուն յառաջացուցին ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ:

Աշխատանքներու կազմակերպման եւ գործնականացման համար Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը յառաջացուց երկրիս չորս տարածքներուն համապատասխան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Ճէզիրէ եւ Ծովափ:

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը կը բաղկանայ հայութիւնը ներկայացնող բաղադրիչ հետեւեալ կազմերէն.-

Հայ Առաքելական Համայնք
Հայ Կաթողիկէ Համայնք
Հայ Աւետարանական Համայնք
Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ
Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն
Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութիւն
Ազգային Մշակութային Միութիւն

Այսպէս, իւրաքանչիւր Գործադիր Մարմին իր կարգին յառաջացուց օժանդակ ենթայանձնախումբեր՝ ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ, ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ եւ ԿՐԹԱԿԱՆ:


Ա.- ՆՊԱՏԱԿ

1. Սուրիոյ տարածքին տիրող արտակարգ իրավիճակի պատճառով օգնութեան (կենցաղային, առողջապահական, բնակարանային եւ կրթական) կարօտ հայորդիներու շտապ օգնութեան մատակարարում:

2. Սուրիոյ տագնապի աւարտին Մարմինը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնները մատուցել սուրիահայութեան վերականգնումի նպատակով:

Բ.- ԿԱԶՄ

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը կը բաղկանայ ներկայացուցչական անդամներէ.-

Հայ Առաքելական Համայնքապետութիւն 1 (Հալէպ)
Հայ Առաքելական Համայնքապետութիւն 1 (Դամասկոս)
Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետութիւն 1 (Հալէպ)
Հայ Աւետարանական Համայնքապետութիւն 1 (Հալէպ)
Ս.Դ.Հ.Կ. 1 (Հալէպ)
Հ.Յ.Դ. 1 (Հալէպ)
Ռ.Ա.Կ. 1 (Հալէպ)
Հ.Բ.Ը.Մ. 1 (Հալէպ)
Ս.Օ.Խաչ 1 (Հալէպ)
Գ. ԿԱՌՈՅՑ

1. Սուրիոյ տարածքին հայաշատ շրջաններու մէջ կը գործեն տեղական Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններ, որոնք կառուցային իմաստով կապուած են Ս.Շ.Օ.Վ. Մ.ին: Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններ կը գործեն Հալէպի, Դամասկոսի, Ճէզիրէի եւ Ծովափի մէջ (օրինակ՝ Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմին):

2. Գործադիր Մարմինները կը յառաջանան Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի կազմին օրինակով:

Դ.- ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

1. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը սուրիահայութեան ուղղուած ամէն տեսակի համահայկական օգնութիւններ ստանձնող եւ յանձանձող մարմինն է:

2. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը տրամադրուած օգնութիւնները (նիւթական թէ այլ) կը բաշխէ առաջնահերթութիւններու ճշդումով (մեկնած իրավիճակներու տարողութենէն) եւ առ այդ տնօրինումը Գործադիր Մարմիններու ճամբով:

3. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը տրամադրուած օգնութիւններու փոխան կը հրապարակէ յատուկ ընկալագիր եւ կը փոխանցէ տրամադրող կողմերուն:

4. Գործադիր Մարմինները իրենց տրամադրուած օգնութեան փոխան կը հրապարակեն ստացագիր եւ տրամադրուած օգնութեան յանձանձման տեղեկագիր (հերթական՝ ամսական կամ եռամսեայ պարբերականութեամբ) Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին:

5. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին կը վերապահուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն կամ յայտարարութիւն կատարելու իրաւունքը:

Ե. ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Օգնութիւններու յանձանձումը կը կատարուի գլխաւորաբար հետեւեալ վերնագրումներով.

1. Կենցաղային

2. Առողջապահական

3. Բնակարանային

4. Կրթական

Որեւէ նոր վերնագրում կրնայ կեանքի կոչուիլ իրադրութիւններու տուեալներով եւ Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի համապատասխան որոշումով:

Զ. ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Աշխարհասփիւռ համահայկական օժանդակող մարմիններու կամ այլ բարեսիրական կողմերէ կատարուած օգնութիւնները Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններու ճամբով կամ այլ միջոցներով կարելի է փոխանցել Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին:

2. Օգնութիւն տրամադրող հաւաքականութեան կամ անհատին կողմէ ճշդեալ եւ նպատակաուղղուող օգնութիւնը Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին ճամբով կը տրամադրուի ճշդեալ նպատակին: Օգնութիւն ստացող կողմը կը հրապարակէ պաշտօնական ընկալագիր:

3. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը եւ Գործադիր Մարմինները իրենց ստացած եւ իրենց տրամադրուած օգնութիւններու մասին կը պահեն յատուկ տոմար (հաշուապահութիւն), ինչպէս նաեւ տրամադրուած օգնութիւններու յանձանձման հնարաւոր մանրամասնեալ տուեալները:

4. Օգնութիւններու ստանձման եւ յանձանձման ամբողջական պատկերները կը կեդրոնանան Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի մօտ, որուն պարտաւորութիւնն ու իրաւասութիւնն է անոնց նպատակայարմար հրապարակում կատարելը:

5. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը ընդհանուր իրադրութեան մասին կը տեղեկացնէ համայն հայութիւնը, պարբերական վիճակագրական հրապարակումներով՝ հաղորդակցական կարելի բոլոր միջոցներով:


Յուլիս 2012ին, կազմուեցաւ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.-

Տիար Զարեհ Փօլատեան Հայ Առաքելական Համայնքապետութիւն

Տիար Զարեհ Փամպուգեան Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետութիւն

Տիար Ատուր Պոսնոյեան Հայ Աւետարանական Համայնքապետութիւն

Տիար Պերճ Սանոսեան Հայ Աւետարանական Համայնքապետութիւն

Տիար Գէորգ Թորոսեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Տիար Ռաֆֆի Աւետիսեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Տիար Յակոբ Գըլընճեան Ս.Դ.Հ.Կուսակցութիւն

Տիար Յարութ Պալապանեան Ս.Դ.Հ.Կուսակցութիւն

Տիար Ճորճ Տէմիրճեան Ռ.Ա.Կուսակցութիւն

Տիար Յարութ Պաղտասարեան Ռ.Ա.Կուսակցութիւն

Տիար Վիգէն Աթթարեան Հ.Բ.Ը.Մ.

Տիար Էրնէստ Բիւզանդեան Հ.Բ.Ը.Մ.

Տիկին Մարալ Սէմէրճեան Ս.Օ.Խաչ

Տիկին Անի Մուրատեան Ս.Օ.Խաչ

Տիար Միսաք Սէմէրճեան Գերմանիկ Վասպուրական Միութիւն

Տիար Եղիա Գրիգորեան Ազգային Մշակութային Միութիւն

Տիար Ռաֆֆի Զէյթճեան Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն

Հ.Շ.Օ.ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

1. Սուրիոյ մէջ տիրող պայմաններուն բերումով, բախումներու, ռմբակոծումներու եւ այլ պատճառներով, օգնութեան կարիք ունեցող քաղաքացիներ անխտիր կրնան դիմել Հ.Շ.Օ.Գ.Մ.ին, իրենց հետ ունենալով անձնագիրը, ընտանեկան տետրակը եւ տաներէց հոգեւորականին անունը:

2. Դիմորդի կողմէ ամբողջացուած տեղեկութիւններով դիմումնագիրը՝ ըստ առաջարկութեան եւ կարիքի բնոյթին, կը փոխանցուի համապատասխան յանձնախումբին:

3. Յանձնախումբի շրջագիծերէն դուրս հաւանական արտակարգ պարագաները կը փոխանցուին ուղղակի Գործադիր Մարմնին:

4. Գործադիր Մարմինը իր ծառայութիւններու բոլոր բնագաւառներու աշխատանքի ընթացքի կանոնակարգումը կը կատարէ. այս շրջագիծին մէջ հաստատուած ընթացակարգերը որպէս յայտարարութիւն կը զետեղուին Գործադիր Մարմնի ծառայութեան կեդրոնին մէջ, հանրութեան տեսանելի կերպով:

5. Ծառայութեան իւրաքանչիւր բաժանմունք իրեն ներկայացած պարագաները եւ անոնց նկատմամբ իր տնօրինումները կ՛արձանագրէ յատուկ տոմարի մը մէջ եւ շաբաթական հերթականութեամբ կը տեղեկագրէ Գործադիր Մարմինին:

6. Գործադիր Մարմինը կը պահէ օրինական հաշուապահութիւն (մուտք-ելք ու անոնց անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները), ըստ օրինի՝ կարգով:

7. Գործադիր Մարմինը իրեն վստահուած ծառայութեան շրջագիծին մէջ կրնայ հրապարակումներ կատարել Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի գիտակցութեամբ:

8. Յանձնախումբերը, որպէս օժանդակ մարմիններ, կը կազմուին Գործադիր Մարմինի կառոյցին համապատասխան եւ անոնց թիւերը՝ ըստ պահանջքի:

9. Գործադիր Մարմինի դիւանը պարտի ունենալ իր փոխ-ատենապետն ու փոխ-ատենադպիրը:


ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2012ին, կազմուեցաւ ՃԷԶԻՐԷԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.-

Տիար Զարեհ Սիմոնեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Տիար Բաբգէն Սիմոնեան Հայ Առաքելական Եկեղեցի

Տոքթ.Անդրանիկ Սարգիսեան Հայ Առաքելական Եկեղեցի

Տիար Յովսէփ Պարիշան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Տիկին Սիլվա Յովհաննէսեան Ս.Օ.Խաչ

Բարեշ.Աբրահամ Սրկ.Պետոյեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Տիար Հըսնի Աամասի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Օր.Շուշիկ Շարոյեան Ս.Օ.Խաչ

Տիար Ղուկաս Ղուկասեան Հայ Առաքելական Եկեղեցի

Տիկին Անժէլ Յարութիւնեան Ս.Օ.Խաչ

Տիար Երուանդ Մովսէսեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Տիկին Սօսէ Խաչատուրեան Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Տիար Զոհրապ Կիրակոսեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Տիար Ռաֆֆի Արսէեան Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Տիար Խաչիկ Մելքոնեան Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն


ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013ին, կազմուեցաւ ԾՈՎԱՓԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ (ԼԱԹԱՔԻԱ) Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.-

Տիար Յակոբ Ադամեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Տիար Յարութ Սաղտըճեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Տիար Ասպետ Ղազէլեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Տիար Կիրակոս Նազարեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Տիար Զաւէն Քորքիւնեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2012ին, կազմուեցաւ ԾՈՎԱՓԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ (ՔԷՍԱՊ) Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.-

Արժ.Տէր Միւռոն Քհն.Աւետիսեան Հայ Առաքելական Եկեղեցի

Տիար Կարօ Մանճիկեան Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Տիար Շահէ Աբէլեան Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Տիար Ղազար Պետրճիկեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Տիար Վազգէն Չափարեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն