aztagdaily.com –
«Իմ տունս-իմ ամրոցս»:Դուրսէն զմեզ հարցնողներուն յաճախ կը պատասխանենք` «Վարժուեցա՛նք»: Ի՞նչ բացատրես, երբ «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ», ու մարդ իր մորթին վրայ միայն ամբողջութեամբ կը զգայ ուրիշին ցաւը:
Վարժուեցա՜նք…
Երբ տունիդ ցնցումին հետ հիմերէդ կը սարսիս ամէն հուժկու պայթիւնի, իսկ ծանօթներէդ իւրաքանչիւրը կը պնդէ, թէ իրենց թաղն էր պայթիւնը,
Երբ հրթիռը կ՛իյնայ դրացի, կամ քու շէնքիդ վրայ (Աստուած հեռու ընէ), կը մնաս անառաստաղ` բառացիօրէն, ու փառք կու տաս այս անգամ ալ ողջ մնացած ըլլալուդ համար,
Երբ գիշերային սարսափը գունազարդելով` շրջակայ թաղերուն մէջ անվերջ «կ՛երգեն» գնդացիրներն ու կ՛որոտան հրասայլերը, ու մութ սենեակին մէջ խարխափելով, պատեպատ զարնուելով` կը դեգերիս, քանի որ տանջալի անքնութիւնը անհնարին կը դարձնէ մոռացումին ալ կարելիութիւնը,
Երբ կը լսես օրական նոր ու սահմռկեցնող լուրեր ու գիշերային մղձաւանջիդ մէջ պայթիւնէն օդ թռած ու կտոր կտոր վար իջած մարդուն գրպանէն թափած դրամը հաւաքողները կը խորհիս. խնդա՞ս, թէ՞ լաս… Մութին մէջ առանձին` կը խնդաս ջղագրգիռ, քանի որ արդէն լացած ես բոլոր լացերդ…
Երբ խաւարը կը խենթացնէ տկար ջիղեր ունեցողները, երբ գիշերուան մութին մէջ միայնակ մնացող դրացիիդ լալագին երգը կամ պոռչտուքը կը լսես ու կը կասկածիս քու ալ մտային առողջութեանդ,
Երբ գրեթէ պարպուած է բազմամարդ քաղաքդ ու կարեւոր մաս մըն ալ աւերակներու ուրուականներ են` բուերու ընկերակից, երբ մահը բոլոր անկիւններէն «կը ժպտի» քեզի ու գիտես, որ անոր դաւին անակնկալ զոհ էք իւրաքանչիւրդ…
Երբ կից թաղէն բորենիներու վայնասունը կը լսես` գիշերային սարսափը բազմապատկող` «Ալլա՜հ աքպա՜ր» ու կը սահմռկիս, թէ այս մարդակերները կրնան իրենց առջեւի պատնէշները խորտակել ու գալ… կոտորելու` Աստուծոյ անունով…
Ալ ի՞նչ անուն ունին այս ամէնով հանդերձ մեր ապրիլը, գործելը, եթէ ոչ` վարժուեցա՜նք…
Սակայն` զարմացնելով հակառակը կարծողները, դեռ չենք մոռցած, որ մարդ ենք ու գիտենք, թէ գոյ է այս երկրին վրայ այլ կեանք մը` վերապահուած մարդուն. պէտք է որ ըլլայ գոյ…
***
Յաջորդ երեկոյին մեր «ծերակոյտի» ժողովը կը քննարկէր նոր հրէշագործութիւններ, երբ ես, որ ամէնէն տկար ջիղերը ունիմ, չտոկացի ու ըսի.
– Անոնք, որոնք զմեզ միադէմ, անբան անասուններ դարձնելու ճիգերու մէջ են ու իրենց ստամոքսին սիրոյն մարդկութեան ստորին բնազդները կը խթանեն, անոնցմէ Աստուծոյ պիտի գանգատիմ, պիտի ըսեմ` զմեզ քու պատկերիդ համաձայն ստեղծեցիր, ինչո՞ւ չես արգիլեր որ…
– Ահա միամիտ խօսք,- ընդհատեց իմաստուն դրացիս,- Աստուած մեզի չ՛ըսեր անասուն դարձէք… Ան խելք տուած է ընտրելու:
– Բայց հոս արդէն երրորդ տարին կը մտնենք, որ աշխարհի մէջ եղած ամէնէն գարշելի պատերազմը կ՛ըլլայ,- ըսի:
– Ինչո՞ւ, Պէյրութ ասկէ պակա՞ս էր,- կարծես վիրաւորուեցաւ նախկին պէյրութցի դրացուհիս:
– Սխա՛լ է բաղդատելը, Պէյրութ այսքան ծանր չէր,- ընդհատեց մեր ամենագէտը,- Պէյրութ ալ կար ջուրի, ելեկտրականութեան եւ կենցաղային տագնապներ, կամ ղաննաս` կարգ մը տեղեր, բայց երբ թաղի մը մէջ կռիւ էր, մնացեալները վտանգ չունէին, իրենց գործին էին…
Ես, որ տեղեակ չեմ Պէյրութի դէպքերէն, լռեցի, մինչդեռ անոնք շարունակեցին վիճիլ, մինչեւ որ պարտուեցաւ պէյրութցին ու մեր պատերազմը եղաւ ամէնէ՛ն դաժանն ու գարշելին: Ահա՛ հպարտանալիք, ահա՛ աշխարհի հետ չափուելիք, մրցելիք բան մը:
Աստուած զձեզ փրկէ՛ նման մրցումէ…
***
Նոր լսածս անեկդոտը.
Խեղճ, պարզուկ սուրիացի մը թաքսի կ՛առնէ ու կ՛ըսէ.
– Քշէ՛ զինուորական ոստիկանութիւն:
– Խէ՞ր է, ի՞նչ գործ ունիս հոն,- կը հարցնէ զարմացած վարիչը:
– Կ՛երթամ յանձնուելու:
– Զինեա՞լ ես,- մէկ ոտքը դուրս դնել փորձելով կ՛ըսէ ահաբեկուած վարիչը:
– Չէ՛, բայց այս քանի օրը այնքան SMS-ներ ստացայ, որ յանձնուիմ, ես ալ կ՛երթամ յանձնուելու…
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
