aztagdaily.com – Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան վերջերս այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Առիթը օգտագործելով` ուզեցինք ծանօթանալ այն գործունէութեան, որ դեսպանատունը կը տանի` հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող ոչ բնական պայմաններուն: Դեսպանը սիրայօժար կերպով ընդառաջեց մեր փափաքին եւ տուաւ դեսպանատան աշխատանքներուն մասին լուսաբանութիւններ:

Դեսպան Արշակ Փոլատեան յայտնեց, որ հակառակ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին ստեղծած դժուար ու ոչ բնական պայմաններուն` դեսպանատունը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ: Այդ աշխատանքը, մանաւանդ վերջին շրջանին, առնչուած է հիւպատոսական աշխատանքին: Դեսպանատունը մնայուն կապի մէջ է սուրիահայ ամբողջ համայնքին հետ` երկրին հեռաւոր արեւելքէն մինչեւ Դամասկոս, եւ կը փորձէ ծառայել սուրիահայութեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու հարցերուն, դեսպանը յայտնեց, որ դժբախտաբար պէտք է արձանագրել, թէ ճգնաժամի այս ժամանակաշրջանին հիւպատոսական աշխատանքը քիչ մը ծանրաբեռնուած է. մեծաթիւ մարդիկ կը դիմեն քաղաքացիութիւն ստանալու համար: Հալէպի մէջ կը գտնուի գլխաւոր հիւպատոսարանը, ուր կը գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանը եւ հիւպատոսութեան խորհրդական` Վարդան Յովհաննիսեանը:

Դեսպան Փոլատեան նշեց, թէ` «հակառակ անոր որ տխուր ժամանակաշրջան մը կ՛ապրինք, պէտք է արժանին մատուցենք մեր հայրենակիցներուն, անոնց, որոնք այսօր տանելով ծանրագոյն դժուարութիւնները` ամուր կերպով կառչած են սուրիական հողին, եւ ատիկա դրուատելի երեւոյթ է:

«Դեսպանատունը կը գործէ համեմատաբար ապահով աշխարհագրական վայրի մը մէջ, սակայն բոլորիս (անձնակազմին, «Ա.») կեանքը որոշ չափով վտանգուած է` իրավիճակին եւ երկրին մէջ ծաւալող ռազմական իրադարձութիւններուն պատճառով, մանաւանդ որ ամէն օր ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարուին եւ այս կամ այն վայրի մէջ ռումբեր կ՛իյնան: Մեր տեղաշարժը ընդհանրապէս դժուարացած է, եւ մենք զգուշ ըլլալով` կը ջանանք որոշ չափով սահմանափակել մեր առօրեայ կեանքը», ըսաւ դեսպանը:

Խօսելով վերջերս Դամասկոսի համալսարանին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ գործակցութեան ծաւալման նախաձեռնութեան մասին` Հայաստանի դեսպանը նշեց. «Մենք ընդհանրապէս Սուրիոյ հետ ունեցած ենք մշակութային լաւ համագործակցութիւն, Հայաստանի անկախութենէն ետք, ստորագրելով մշակութային պայմանագիր, այդ ծիրին մէջ մենք ստորագրած ենք նաեւ գործնական ծրագիրներ կրթութեան ասպարէզին մէջ: Մինչեւ սուրիական ներկայ իրադարձութիւնները` կրթութեան ասպարէզի մէջ կամ գիտակրթական ոլորտին մէջ բաւական լաւ համագործակցութիւն տեղի կ՛ունենար: Սակայն այժմ, ներկայ պայմաններուն բերումով, անիկա դանդաղած է:

«Դամասկոսի համալսարանին հետ մենք շատոնց կը բանակցէինք հայագիտական կամ հայկական բաժին հաստատելու շուրջ: Նախ պէտք է ըսեմ, որ նոյն աշխատանքը տարուեցաւ Հալէպի համալսարանին հետ: Մենք 2008-ին Հալէպի համալսարանին մէջ բացինք հայոց լեզուի բաժին, եթէ զայն այդպէս կարելի է կոչել, սակայն ներկայ իրադարձութիւնները խանգարեցին այդ բարեյաջող աշխատանքը: Նոյնիսկ Երեւանի պետական համալսարանը յատուկ դասախօս ուղարկեց Հալէպ: Ճիշդ է, որ ուսանողներուն թիւը քիչ էր, սակայն որոշ աշխատանք կատարուեցաւ:

«Վերջին շրջանին Դամասկոսի համալսարանին կողմէ հետաքրքրութիւն յառաջացաւ հայոց լեզուի նկատմամբ: Պէտք է ըսել, թէ ոչ միայն հայերէնի, այլ նաեւ շարք մը այլ լեզուներու նկատմամբ կայ հետաքրքրութիւն. Դամասկոսի համալսարանը ունի օտար լեզուներու հիմնարկ, եւ փափաք յայտնեցին այդ հիմնարկին մէջ հաստատել հայերէնի ուսուցման դասընթացքներ:

«Նոյնպիսի նպատակներով Դամասկոս ժամանեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանը: Ան, ի հարկէ, այցելեց Դամասկոսի պետական համալսարան, որուն հետ համագործակցութեան ծրագիրներ քննարկուեցան: Այդ ծրագիրներուն շարքին էր հայոց լեզուի ամպիոնի հաստատման հարցը: Մենք երկու-երեք ամիս առաջ Դամասկոսի համալսարանին մէջ նոյն նպատակով հանդիպում ունեցած ենք: Վերջին հանդիպումը ունեցանք օրեր առաջ` Դամասկոսի համալսարանի ղեկավարութեան հետ, եւ վերջնականապէս խնդիրը լուծուած է, ու մօտիկ ապագային արդէն կը սկսին դասընթացքները:

«Անոնք այժմ Հայաստանէն դասագիրքերու կը սպասեն: Ես մէկ շաբաթով կը մեկնիմ Հայաստան եւ վերադարձիս հետս կը բերեմ այդ գիրքերը, ուստի հաւանաբար երկու-երեք շաբաթէն դասընթացքները կը սկսին: Ներկայիս պիտի սկսին գործնական դասընթացքներ, որոնց համակարգող նշանակուած է դամասկահայ տոքթ. Նորա Արիսեանը, որ արդէն սկսած է տանիլ կազմակերպչական աշխատանքներ: Առաջին քայլերը ցոյց պիտի տան, թէ ապագային ինչ պէտք է ընել», ըսաւ դեսպան Արշակ Փոլատեան:

«Իմ գերագոյն նպատակս է, որ այդ դասընթացքները վերածուին հայագիտական ամպիոնի: Այդ մէկը շատ կարեւոր է, մանաւանդ որ մենք Սուրիոյ հետ ունինք բաւական ամուր հոգեւոր կապեր եւ ունեցած ենք պատմական հրաշալի անցեալ սուրիացի ժողովուրդին հետ, որուն մենք ազգովին երախտապարտ ենք: Ժողովուրդ մը, որ մեր ժողովուրդի ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին ձեռք երկարեց մեզի, եղաւ նեցուկ եւ տուաւ յոյս: Հայը աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ ըլլայ, այս իրականութեան կը գիտակցի, եւ այս բոլորը հիմք կը ծառայեն կամ կարելիութիւններ կը ստեղծեն, որ այս երկրին հետ մենք ունենանք, քաղաքական ու տնտեսական լաւ գործակցութեան կողքին, գիտամշակութային կապեր: Համոզուած եմ, որ Դամասկոսի համալսարանի այս բաժինը եթէ վերածուի ամպիոնի, ապա մենք գործ կ՛ունենանք նոր երեւոյթի հետ: Անշուշտ, եթէ ամպիոնը հիմնադրուի, ստեղծուի կամ ձեւաւորուի, պիտի տարուին բաւական բարձր մակարդակով աշխատանքներ, որոնց հիմերը կան` շնորհիւ մեր շատ հրաշալի գաղութին եւ սուրիացիներու ջերմ հոգատարութեան, որոնց վրայ կարելի է կառուցել վաղուան լաւ օրը», ընդգծեց դեսպան Փոլատեան:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ