panorama.am – Հալեպում հինգ օրից ավելի բնակչությունն ապրում է մթության մեջ: Այս մասին հալեպահայերի ֆեյսբուքյան էջում գրառում է կատարել Ջոնի Յամանյանը:
«Ելեկտրական կեդրոններուն մէջ արկածներ պատահեցան որոնց բոլոր կեդրոններն ալ միասնաբար անհնար է նորոգէլ այնպէս որ ժողովուրդը մթութեան մէջ ապրելով կը սպասէ նորոգութիւններուն:
Հետաքրքրականը այդ է որ եթէ պատահի միւս քաղաքներուն մէջ հարց մը կամ արկած մը արդէն մարդիկ իրար կանցնին, Նահանգապետին քով պատուիրակութիւններ կ՛երթան, հեռատեսիլէն անոնց մասին կը խօսուի իսկ Հալէպը միշտ կը մնայ անտեսուած վիճակի մէջ:
Այդ քաղաքներուն մէջ ժամեր չանցնիր արդէն ամէն ինչ կը նորոգուի և կեանքը կը շարունակուի բնականոն կերպով իսկ Հալէպը կը մնայ լուսանցքէն դուրս:
Ամէն անգամ երբ ելեկտրականութեան հարց պատահի միշտ պատրուակ մը կայ գողազերծելու կատարուածը: 16 ամիսներ առաջ երբ ելեկտարականոթեան հարցերը ծայր տուածէին Հալէպի մէջ ուրիշ շատ մը հարցերու կոշքին, երբ Վարչապետը և 12 Նախարարներ ներարեալ ելեկտրականութեան նախարարը այցելեցին քաղաքը խօստացան որ շատ շուտով հարցերը պիտի լուծուին և արդէն անցան 16 ամիսներ ոչ մէկ փոփոխութիւն ստացաւ կացութիւնը:
Մրրիկը և սառն եղանակը ճնշեց քաղաքին վրայ, ելեկտարականութեան կողքին վառելանոյթի չգոյութիանը աւելցաւ: Ճիշդ է որ կարգ մը թաղամասեր ինչպէս որ խոստացուած էր հասաւ իրենց վառելանիւթ բայց մեծ մասը տակաւին կը մնայ առանց վառարանի: Երեխաներուն մեծ մասը կը տարապի զանազան տեսակի հիւանդութիւններ է սառն եղանակին պատճառով: Վառարան և հոսանք չկայ ապա կայ սառսռալ կայ սառնամանիք եղանակ կայ սահմռկեցուցիչ պայմաններ:
Երբեմն մարդիկ կը մտածէն թէ Հալէպի հանդէպ լառուածութիւն կայ կարծես ոխ ունին եկած էն վրէժ լուծելու, պատէ պատ զարնելու ժողովուրդին: Շուկայի լուրերը կապացուցէն թէ հազարներով ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաներ ծախուած էն, պէնզինի և խառելանիւթի գիներն ալ հասած էն 250 ս.ոսկիի սահմանները «Սեւ շուկային» մէջ: Ո՞վ է շահողը առիթը օգտագործողը, ապագային ամէն ինչ ի յայտ կըլլայ բայց կարեւորը հիմա է, երեխաներ սառեցան ուրիղներ մահացան տակաւին հրասանդերու և պայթումներու մասին չեմ խօսիր:
Ինչո՞ւ այս բոլորը կը պատահին Հալէպին, բոլորն ալ մոռցան երբ անցեալին Հալէպն էր մատակարարը երկրին: Առիթը օգտագործողները և չարաշահութիւն ընողները շատ էն, ցաւալին այդ է որ պատուախնդիր և անմէղ ժողովուրդը ոտքի տակ կերթայ:
Տա Աստուած որ օր մը առաջ այս մութ ամպերը փարատին, Պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը հաստատէ այլապէս Հալէպին վիճակը երթալով աւելի պիտի վատանայ:
Ինչուները շատ էն բայց բոլորն ալ կը մնան անպատասխան:
Աստուած օգնական ըլլայ Հալէպին և անոր ազնուական ժողովուրդին»,- գրել է սիրիահայը: