yerakouyn.com – Ժամանակին բարեկամներէս մէկը իր ամերիկացի գործընկերը զարմացուցեր էր անոր բացատրելով, որ Հալէպի մէջ օրական մէկ տոլարով կարելի է երեք ժում կուշտ ու կուռ ուտել, այն ալ՝ շատ համով տեսակներ:
– Միայն մէ՞կ տոլար:
– Միա՛յն մէկ տոլար, որ յիսուն սուրիական կ’ընէ. առտուն տասը ոսկիի ֆուլ կ’ուտես, վրայէն ալ տասը ոսկիի շաապիյէթ, կէսօրին տասնհինգ ոսկիի ֆալաֆէլի էքսթրա սէնտուիչ մը կ’ուտես, հետն ալ հինգ ոսկիի կազոզ կը խմես, իրիկունն ալ՝ տասը ոսկիի համմոս, հետը` սէրվիս` սոխ-լոլիկ-հասքուրի (հալաբինոյի նման կանանչ մանր պղպեղ, Հալէպի յատուկ):
Բոլոր զբօսաշրջիկներն ու Հալէպ այցելող նախկին հալէպցիները ամէ՛ն բանի գինը կը հարցնէին, յետոյ տոլարի կը վերածէին եւ բառացիօրէն սրտանցում կ’ունենային.
– Եա պալաշ … սէնթեր, շատ-շատ՝ քանի մը տոլար… շատ աժան է ձեր քաղաքը, մեր հո՜ն…
Եւ ոչ ոքի միտքէն կ’անցնէր հալէպցիին ամսական աշխատավարձն ալ տոլարի վերածել:
Այսօր ֆալաֆէլի մէկ նիհար սէնտուիչը հարիւր ոսկի է, կէս քի0լօ համմոսը՝ հարիւր ութսուն հինգ, իսկ յիսուն ոսկիի ֆուլ ծախող ա՛լ չկայ- երբ այդքան ֆուլով չորս հոգի կը կշտանար:
Իսկ ամսականնե՞րը… յիսուն տոլար, որովհետեւ տոլարին սակը այսօր քառապատկուեր է:
Բայց ըստ երեւոյթին ա՛լ զարմացող չկայ:
***
Կրկին երկա՜ր ժամեր հոսանքի անջատում:
Արդէն կարօտցեր ենք հեռատեսիլը: Երբ հոսանքը կը միացնեն, կը սկսի վազքը տան մէջ՝ լուացք, ելեկտրական սալիկներու վրայ ճաշի պատրաստութիւն, եւ եթէ տակաւին հոսանք կայ, քիչ մըն ալ հեռատեսիլ դիտել:
Լուրերը գրեթէ միշտ նոյնն են, վայրերու եւ դէմքերու փոփոխութեամբ, այնքան նոյնը, որ կարելի է Իրաքէն կամ Եգիպտոսէն քանի մը տարի առաջուան պատկերները ցուցադրել եւ հաւատացնել, որ անոնք տեղի կ’ունենան այսօր, հոս:
Գոնէ ֆիլմ մը ըլլայ: Այստեղ ալ նոյն հարցը ունինք՝ գրեթէ բոլոր ֆիլմերը կը բեւեռուին սպանութիւններու, ոճիրներու, պատերազմներու շուրջ: Արիւնն ու խուժդուժութիւնները սովորական տեսարաններ են: Մանկութեանս կը յիշեմ, որ նման տեսարաններու առջեւ հայրս կ’ըսէր՝ աման ճանըմ, սուտուփուճ բաներ են: Այսօր սակայն, երբ գիտենք որ այս
բոլորը սուտ ու փուճ բաներ չեն, ամէն օր, ամէն տեղ ու մանաւանդ մեր մօտ եղած բաներ են, ա՛լ չենք կրնար դիտել: Եւ հեռատեսիլը, որ հաճոյքի միջոց պէտք էր ըլլար, կը դառնայ տառապանքի ձեւ մը: Տառապանքի ձեւ կը դառնայ նաեւ անոր համար, որ կ’անդրադառնամ, թէ արեան եւ ոճիրներու ֆիլմերու այս հոսանքը, որ տասնեակ մը տարիներ առաջ սկսած էր յատկապէս մեր կողմերուն համար- ասիկա հաստատեցի, երբ դրացի երկրի մը կարեւոր մէկ պաշտօնեայ բարեկամուհիս ըսաւ, որ նման ֆիլմեր ՁՐԻ կը տրամադրուին մեծ պետութիւններու կողմէ, հեռատեսիլի պետական կայաններուն – կը ծառայեն մարդիկը նման արարքներու վարժեցնելու:
Երբ հոգիով մարդ պատրաստ է ոճիրի, մինչեւ գործադրութիւն երկար չէ միջոցը:
Եւ անշուշտ կը մարեմ հեռատեսիլը. նախընտրելի է նոյնիսկ նոյն գիրքը կրկին կարդալ, քան նման ֆիլմեր դիտել:
Հաճոյք մը եւս որ կը մարի, ինչպէս մարեր են խոհանոցի, եփել-թխելու, շուկաներուն մէջ ուզածդ գտնելու, թէկուզ հիմնական բաներ գտնելու «հաճոյքները»:
Մարուշ Երամեան