yerakouyn.com – Ընթացիկ ամսուան, 12 Երեքշաբթի եւ 13 Չորեքշաբթի Պէյրութէն Հալէպ մեկնած մեծ չափի հանրակառքեր դժբախտ ճակատագրի հանդիպեցան: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

Երկու հանրակառքերն ալ Թրիփոլիէն դէպի Սուրիոյ սահմանը (Լիբանանեան հողի վրայ) զինեալ խմբաւորումներու կողմէ պարտադրուեցան կանգ առնել եւ բոլոր ուղեւորները կողոպտուեցան, յատկապէս անոնց ամէն տեսակի վաւերական թուղթերը (ոչ բոլորին), բջիջայիններ եւ այլ իրեր:
Նշենք, որ ուղեւորներուն մեծամասնութիւնը հայեր էին: