PERIO NEWS-ի անձնակազմը կը գուժէ մահը՝ Շքանշանակիր եւ վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական, ՀԵՄ-ական, Գաղափարական, ազգային-հասարակական գործիչ, ՊԱՐԳԵՒ ՊՈՇԿԷԶԷՆԵԱՆի, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, նոյեմբեր 14-ին:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն օրը, հինգշաբթի 14 նոյեմբերին, կ.ե. ժամը 1:30-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
1928-ի ծնեալ ՊԱՐԳԵՒ ՊՈՇԿԷԶԷՆԵԱՆ իր կեանքի ընթացքին տառապած եւ նուիրուած է գաղութի հոգերով, բարձր գիտակցութեամբ ծառայած Բերիոյ թեմի շրջանին մէջ, ստանցնելով զանազան պաշտօններ՝ Ազգ. գաւառական Ժողովի անդամ, երկար տարիներ Ազգ. Սահակեան վարժարանի հոգաբարձութիւն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական եւ այլ պաշտօններ:
Բոլոր անոնք, որոնք տարիներու ընթացքին աշխատակցած են հանգուցեալ ՊԱՐԳԵՒ ՊՈՇԿԷԶԷՆԵԱՆի հետ, անոր կողքին, գնահատած են անոր անմիջականութիւնը, անոր սրտակցութիւնը, անոր նուիրումը:
Կորսնցուցինք մեր սիրելի ընկերը, բարձր արժանիքներով օժտուած գաղափարական ՀԵՄ-ականը (PERIO NEWS):