yerkirmedia.am – Հալէպի մէջ անցնող շաբթուան ընթացքին տեղատարափ հրասանդերն ու պայթող արկերը տասնեակ վիրաւորներ եւ զոհեր պատճառեցին։ Տագնապալի այս օրերուն մէջ սակայն, հակառակ կենցաղային եւ ապահովական ծանր պայմաններուն, համայնքին կեանքը կենսունակ պահելու ճիգերը շարունակուեցան ու կը շարունակուին։
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արի- Արենոյշները յաղթահարելով ծանր պայմանները, տօնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95 ամեակը։
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ը, իր ազգային գաղափարախօսութեամբ, հայրենասիրական գործունէութեամբ ու դժուարութիւնները յաղթահարելու չարքաշութեան օրինակով մնաց Սուրիահայ արի-արենոյշներու ապահով միջավայրը՝ հայրենի տունը։
Հալէպի տագնապը չխաբանեց արի-արենուշին սկաուտական երթը, ու բարձրացիր բարձրացուր նշանաբանով աւելի քան 400 ՀՄԸՄ-ականներ, հանդիսաւոր զոյգ ձեռնարկներով նշուեցին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութեան 95 ամեակը։
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան նախաձեռնութեամբ կայացած ձեռնարկներուն առաջինը կազմակերպուած էր Հալէպ մասնաճիւղի պետական վարչութեան եւ հրատարակչական յանձնախումբին ջանքերով, իսկ երկրորդը՝ Սկաուտ խորհուրդին։
Զոյգ Հանդիսութիւնները յագեցած էին գեղարուեստական յայտագրով՝ պարախումբ, երգչախումբ, նուագախումբ, շեփորախումբ, անհատական կատարումներ, մարզական ներկայացումներ։
ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ գործունէութեան պատկերը կ՜արտացոլար Հալէպի “Գ.Եսայեան” սրահի բեմայարդակէն։
Համառօտ կերպով ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ միութեան համահայկական կառոյցն ու համազգային գործունէութիւնը։
Զոյգ ձեռնարկներու բանախօսները շեշտեցին, թէ ՀՄԸՄ-ը տարիներ շարունակ պատրաստեց ազգային գիտակցութեամբ զինուած սերունդներ, եւ զանոնք ի սպաս դրաւ հայ ազգի ծառայութեան։
Յարգանքի եւ յուզումի խառն ապրումներով յիշատակուեցան Սուրիոյ երկամեայ տագնապի ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ականները ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Շահան Ս.Եպս. Սարգիսեան թելադրեց հաւատարիմ մնալ լաւագոյնին ձգտելու ՀՄԸՄ-ականի կամքին ու նուիրումին։
ՀՄԸՄ-ականներ ազգային – յեղափոխական երգերով վերանորոգեցին հայ ժողովուրդին ծառայելու իրենց ուխտը։
Զարմիկ Պօղիկեան