kantsasar.com – Ներկայացուած` Շրջ. Վարչ. Ատենապետ`
եղբ. Վիգէն Գապագեանի կողմէն
Սի­րե­լի՛ սգա­կիր հա­րա­զատ­ներ,

Եղբ. Ալեք­սան Իս­կէն­տէր­եան` բազ­մա­վաս­տակ դաստ­ի­ա­րակ, օրի­նա­կե­լի ու­սու­ցիչ եւ բարձր ար­ժա­նիք­նե­րով օժտ­ուած խմ­բա­պետ, մէկ խօս­քով տի­պար միու­թե­նա­կա­նի եւ հա­յու նմոյշ մը, որ իր եր­կա­րամ­եայ ծա­ռա­յու­թեան շր­ջա­նին դաստ­ի­ա­րա­կած եւ պատ­րաս­տած է հա­րիւ­րա­ւոր խմ­բա­պետ­ներ, որոնց­մէ շա­տեր այ­սօր­ուան մեր սե­րուն­դի ղե­կա­վար­ներն են, բո­լորս եր­կիւ­ղա­ծութ­եամբ կը խո­նար­հինք իր ան­մահ յի­շա­տա­կին:

Եղբ. Ալեք­սան Իս­կէն­տէր­եան ծնած է Հա­լէպ 1933-ին: Շատ փոքր տա­րի­քէն կորսն­ցու­ցած է հայ­րը: Նախ­նա­կան ու­սու­մը հա­զիւ ստա­ցած` Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նէն, կը նետ­ուի կեան­քի աս­պա­րէզ, ընտ­րե­լով եր­կա­թա­գոր­ծի ար­հես­տը, ուր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մաս­նա­գի­տա­նա­լով` կը նուա­ճէ բար­ձունք­ներ:
13 տա­րե­կա­նին կ՛ան­դա­մակ­ցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ Նոր Գիւ­ղի կազ­մին եւ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին աս­տի­ճա­նա­բար կը բարձ­րա­նայ, ըլ­լա­լով «Կա­քաւ» խում­բի խմ­բա­պետ, ետ­քը կը ստանձ­նէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նոր Գիւղ կազ­մի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը, պաշ­տօն մը որ տա­րի­նե­րով բծախնդ­րօ­րէն վա­րեց եւ առիթ ըն­ծա­յեց իրեն` մե­ծա­թիւ պա­տա­նի­նե­րու եւ երի­տա­սարդ ղե­կա­վար­նե­րու հետ ան­մի­ջա­կան շփ­ման մէջ ըլա­լու, դր­սե­ւո­րե­լով իր ղե­կա­վա­րի ար­տա­սո­վոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէն իր օգ­տա­կար ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով այդ շր­ջա­նի բո­լոր երի­տա­սարդ­նե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ պատ­րաստ­ման աշ­խա­տան­քին մէջ: Ապա 1970-ական թուա­կան­նե­րուն եղբ. Ալեք­սա­նը կը տես­նենք որ­պէս Հա­լէ­պի Սկ. Խոր­հուր­դի ան­դամ` ետ­քը ատե­նա­պետ, իսկ 1980-ական­նե­րուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չա­կան, յե­տոյ Շրջ. Սկաուտ Խոր­հուր­դի ան­դամ եւ ատե­նա­պետ, հաս­նե­լով մին­չեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան: Իր ներշն­չու­մը առած ըլ­լա­լով եղբ. Նշան Թիւյ­սիւզ­եա­նէն, ան իր վա­րած զա­նա­զան պաշ­տօն­նե­րու ըն­թաց­քին միշտ եղած էր կեդ­րո­նա­կան եւ ղե­կա­վար տի­րող դէմ­քը: Մեծ եղած էր իր դե­րը Քե­սա­պի Էքիզ Օլու­խի մէջ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բա­նա­կա­վայ­րի հո­ղա­շեր­տի գն­ման եւ շէն­քին կա­ռուց­ման աշ­խա­տան­քին մէջ, ուր տա­րի­նե­րով բազ­մա­հա­զար հա­յոր­դի­ներ բա­նա­կե­ցան եւ ան­ցու­ցին իրենց կեան­քի ամէ­նէն հա­ճե­լի եւ օգ­տա­շատ օրե­րը: Նա­եւ եղբ. Ալեք­սան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր ամէն տա­րի սո­վո­րու­թիւն դար­ձած Զատկ­ուան Աւան­դա­կան Տո­ղանցք­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ մեծ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ դի­մա­կա­լե­լով հան­դերձ ան­պայ­ման յա­ջողցնե­լու զայն:

1996-ին կը մաս­նակ­ցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 7-րդ Ընդհ. Ժո­ղո­վին, Լի­բա­նա­նի մէջ: Իսկ 1993-ին` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Մի­սաք Ար­զու­ման­եա­նի ձե­ռամբ` կը ստա­նայ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ծա­ռա­յութ­եան Շքանը­շան»:

Եղբ. Ալեք­սան Իս­կէն­տէր­եան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կող­քին` նա­եւ միշտ ներ­կայ եղած է Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան մէջ` զա­նա­զան պաշ­տօն­նե­րով: Մօտ 20 տա­րի եղած է Ազգ. Զա­ւար­եան Վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու եւ ետ­քը ատե­նա­պետ: Նա­եւ տա­րի­նե­րով Կալ­ուա­ծոց Հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ եւ ատե­նա­պետ: Այս պատ­ճա­ռաւ` մաս կազ­մած է ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու յա­տուկ` շատ մը շի­նա­րա­րա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու: Եղած է Ազգ. Ծե­րա­նո­ցի խնա­մա­կալ, նա­եւ ընտր­ուած է Բեր­իոյ Թե­մի Ազգ. Գա­ւա­ռա­կան Ժո­ղո­վի ան­դամ: Իսկ վեր­ջին շր­ջա­նին տա­րի­նե­րով կը ծա­ռա­յէր Ազգ. Դա­տաս­տա­նա­կան Խոր­հուր­դին մէջ, ըլ­լա­լով Նա­խա­դատ Ատ­եա­նի եւ Հաշ­տեց­ման Մարմ­նի ան­դամ:

Եղբ. Ալեք­սան ամուս­նա­ցած է Մա­րի Տա­րագճ­եա­նի հետ, եւ կազ­մած հայ­կա­կան ըն­տա­նե­կան տա­քուկ բոյն մը, ուր Աստ­ուած իրենց պար­գե­ւած է 3-զա­ւակ­ներ` Մա­նուկ, Լե­ւոն եւ Դա­լար: Որոնք իրենց հօր բա­րի օրի­նա­կին հե­տե­ւե­լով մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ծա­ռա­յել Ազ­գա­յին զա­նա­զան մար­մին­նե­րու մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հետ առըն­թեր:

Եղբ. Ալեք­սան ու­նէր կեան­քի ան­սահ­ման փոր­ձա­ռու­թիւն եւ կը սի­րէր գոր­ծը քան խօս­քը: Ան շատ խըս­տա­պա­հանջ եւ ուղ­ղա­միտ միու­թե­նա­կան էր, որ իր իսկ պար­կեշ­տու­թեամբ եւ աշ­խա­տան­քի յանձ­նա­ռու­թեամբ յար­գանք կը պար­տադ­րէր բո­լոր շր­ջա­պա­տին: Կը յար­գէր ամէ­նէն փոք­րը եւ փո­խա­դարձ կը սիր­ուէր ու կը յարգ­ուէր բո­լո­րին կող­մէն: Ան միշտ ներ­կայ` եւ առ­ջե­ւէն գա­ցող ղե­կա­վարն էր, ըլ­լայ ժո­ղով­նե­րու, ըլ­լայ դաշ­տի վրայ միշտ պատ­րաստ էր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յե­լու:

Սկաու­տին դա­ւա­նան­քը Ս.Գիր­քի նման կը սի­րէր ու կը պար­տադ­րէր բո­լո­րին: Սկաու­տին խօս­քը նուի­րա­կան է, սկաու­տը հա­ւա­տա­րիմ, հնա­զանդ, ուղ­ղա­միտ, ծա­ռա­յա­սէր, բա­րե­կիրթ է, ու միշտ կ՛օգ­նէ ու­րի­շին: Վեր­ջա­պէս սկաու­տը մա­քուր է մտա­ծու­մով, խօս­քով եւ գոր­ծով: Այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը յա­րա­տեւ կը լսէ­ինք իր բեր­նէն: Իր խրատ­նե­րը եւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը միշտ կը հն­չեն մեր ական­ջին մէջ, որ­պէս կեան­քի գործ­նա­կան ու­սու­ցիչ, մենք եր­բեք չենք կր­նար մոռ­նալ մեր այս հս­կայ, նուիր­եալ երէց եղ­բայ­րը:

Աստ­ուած հո­գիդ լու­սա­ւո­րէ, հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ, Սի­րե­լի Եղբ. Ալեք­սան Իս­կէն­տէր­եան:

Հա­լէպ, 22/08/2013