aztagdaily.com – Սուրիոյ կեանքին մէջ սուրիահայութեան ներդրումը անգնահատելի եղած է կարգ մը ոլորտներու մէջ, մանաւանդ մշակութային ասպարէզի եւ երաժշտական շրջանակներու, ուր սուրիահայու մնայուն եւ անպայման ներկայութիւնը բնական երեւոյթ դարձած է տասնամեակներ շարունակ: Ասոր վառ օրինակը Սուրիոյ Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբն է (ՍԱՍՆ), որ կը համապարփակէ դամասկոսահայ երաժիշտներ:
Այս լուսարձակը առիթ մըն է աւելի մօտէն ծանօթանալու Սուրիոյ Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի սուրիահայ երաժիշտներուն, որոնցմէ աչքառու դիրք կը գրաւէ 2003-էն ի վեր ՍԱՍՆ-ի ղեկավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը, որ կը հաւատայ, թէ «Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը Սուրիոյ ընկերային կեանքի հայելին է, ինչպէս որ Սուրիոյ մէջ ընկերային կեանքին մէջ կայ ամէն տեսակի գոյն, այնպէս ալ ՍԱՍՆ-ի կազմին մէջ»:
Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան իր մասնագիտական ասպարէզը սկսած է ՍԱՍՆ-ին հետ, 1994-ին. Իտալիոյ մէջ 1997-2002 ուսանած է խմբավարութիւն` Խուլիոս Քալմարի հետ, ապա հռչակաւոր երաժիշտներու հետ դասընթացքներու հետեւած է:
Ան ղեկավարած է աշխարհի տարբեր երկիրներու նուագախումբեր, ինչպէս Ֆլորանսի Ամաթէոս օրքեսթրան, Միլանի, Պուքրեշի, Սոֆիայի, Տոմինիքանի, Ալճերիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու ու քաղաքներու նուագախումբեր:
Աշխատակցած է նաեւ համաշխարհային մենակատարողներու հետ, ինչպէս` Արմէն Պապախանեան, Կալինա Վրաչեվա, Ղազուան Զլրքլի, Ռաժի Սարգիս, Կլորիա Սքալքի, Ռիքարտօ Սանտիֆորտ եւ ուրիշներ:
Օրինակելի անձնաւորութեան գոյութեան մասին մայեսթրոն կ՛առանձնացնէ իտալացի խմբավար Արթիւր Թոսքանինի, որ չէր ուզեր միջամտութիւն կատարել խմբավարին կողմէ, եւ Գարլոս Գլայպըրը, որ բնազդային կերպով կ՛աշխատէր, քիչ կ՛աշխատէր, սակայն բնական երաժշտութիւն կը ներկայացնէր:
Պաղպուտարեան ՍԱՍՆ-ը ղեկավարած է տարբեր քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Լիբանան, Պահրէյն, Յորդանան, Օման, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Թուրքիա, Իտալիա, Ալճերիա եւ այլն: Իբրեւ ղեկավար` անոր կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններէն կը նկատուի իր մասնակցութիւնը 2006-ին Պերլինի մէջ Երիտասարդ եւրոդասական փառատօնին եւ 2008-ին «Դամասկոս մշակոյթի արաբական մայրաքաղաք»-ի ձեռնարկներու պաշտօնական բացումին, ինչպէս նաեւ 2010-ին Le Nozze di Figaro-ին, որ կը համարուի «Դամասկոսի Օփերայի տան» կողմէ պատրաստուած առաջին օփերան:
Պաղպուտարեանի համար դժուար է որոշել, թէ որն է լաւագոյն ելոյթը. «Իւրաքանչիւր նուագախումբ տարբեր փորձառութիւն է, քանի որ կան խումբեր, որոնք պատմութիւն ունին, աշխատած են մեծանուն անձնաւորութիւններու հետ, եւ իբրեւ արդիւնք նուագելու յատուկ կերպ ունին: Հետաքրքրական բաժինը այն է, որ նման խումբերու հետ պէտք է ընդհանուր յայտարար գտնել, թէ ինչպէս կարելի է իրարու մէջ ձուլուիլ, մէկ մարմինի նման: Ամէն նուագախումբ որոշ ճկունութիւն ունի նոր խմբավարի հետ միաձուլուելու համար, եւ որքան համոզիչ ըլլայ խմբավարը, այնքան աւելի դիւրին կը կատարուի միաձուլուելու գործողութիւնը: Վերջաւորութեան կը զգամ, որ ղեկավարը եւ նուագախումբը երաժշտութեան ծառաներն ենք, պէտք է բոլորս հեզութեամբ ստեղծագործութիւն ներկայացնենք»:
Ըստ մայեսթրօ Պաղպուտարեանին, նուագախումբին մէջ կատարողը հիմնական դերակատարն ու երաժշտական գործին իմաստ տուողն է. անոր ճամբով երաժշտութիւնը պէտք է փոխանցուի ունկնդիրին, իսկ հաւաքական աշխատանքի ձեւաւորումի մասին մայեսթրօ Պաղպուտարեան կը յայտնէ, որ սիմֆոնիք նուագախումբին մէջ կան տեսակաւոր գործիքներ, որոնք կրնան զանազան գոյներ ներկայացնել, հետեւաբար ստեղծագործողը աւելի լայն կարելիութիւններ ունի երաժշտութիւնը ներկայացնելու. «Այստեղ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն գոյութիւն ունի, երաժիշտներուն հետ յաջող կամ ձախող ձեւով ներկայանալն է առանցքը, կրնայ գեղեցիկ գործ մը ըլլալ, սակայն ժողովուրդը չհամոզուի այդ ստեղծագործութեամբ», կ՛ըսէ մայեսթրոն եւ կը հաստատէ, որ` «քանի որ սիմֆոնիք նուագախումբին մէջ տարբեր գոյներ կամ գործիքներ կան, ուրեմն ներդաշնակութիւնը կարեւոր կէտ մըն է, իսկ ներդաշնակութիւն ստեղծելու համար ղեկավարին դերակատարութիւնն ու աշխատանքը մեծ են, ղեկավարը այդ ներդաշնակութիւնը պէտք է ստեղծէ` ձայնային այլազանութիւնը օգտագործելով»:
Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան – նուագախումբը
Նկատի առնելով, որ Պաղպուտարեան հիմնադիր անդամ է Իտալիոյ մէջ Cantiere Musicale di Toscana հաստատութեան, եւ այլ աշխատանքներու կողքին, 1998-2006 համակարգած է Իտալիոյ Estate Regina -Montecatini Terme փառատօնը, մէկ խօսքով` Սուրիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ երաժշտական համագործակցութեան մէջ ներդրում ունենալու համար 2010-ին Իտալիոյ նախագահէն պարգեւատրուած է Commendatore-ի պատուոյ շքանշանով: Իսկ 2011-ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալին:
Եւ տակաւին ի՞նչ կրնայ ըլլալ իր երազը հարցումին ի պատասխան` մայեսթրոն կը խոստովանի, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն` ինչպէս Ճափոնի կամ Չինաստանի սիմֆոնիք նուագախումբերուն հետ աշխատիլն է, որովհետեւ վստահ է, որ կարելի է աւելի մեծ փոխանակում կատարել անոնց հետ: «Մենք որպէս արեւելքցի մեր երաժշտութեան պատմութիւնը ունինք, Մերձաւոր Արեւելքն ալ ունի հին երաժշտութիւն եւ մշակոյթ, ուրեմն հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ինչպէս կը մտածեն, ինչպէս օգտագործած են իրենց երաժշտութիւնը սիմֆոնիք նուագախումբերուն մէջ», կ՛ըսէ ան:
Իր փորձառութենէն մեկնած` արաբական միջավայրին մէջ հայ երաժիշտներու առկայութեան կարեւորութեան մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Եթէ համեմատենք Սուրիոյ մէջ հայերու թիւը եւ սիմֆոնիք նուագախումբին մէջ հայ արուեստագէտներու թիւը կը տեսնենք, որ քայլ մը առաջ ենք: Թէեւ կը կարծեմ, թէ անոնց թիւը տակաւին քիչ է, որովհետեւ հայերս աւելի կապ ունինք երաժշտութեան հետ, քան տեղացիները, երկրորդ` ընդհանրապէս հայը ձգտում ունի աւելի լաւին, եւ լաւ քաղաքացի ըլլալու համար տարբեր մարզերու մէջ մտնելով հայը կը փորձէ յաջողիլ եւ ինքզինք փաստել: Երրորդ` հայը նախանձ ունի, երբ կը տեսնէ այլ ընտանիքի մէջ կայ նման հակում, կ’ուզէ ինք նոյնպէս ունենալ, երբեմն ծնողներու մրցակցութիւն է: Իմ կարծիքով, մենք պէտք եղած արդիւնքին չենք հասնիր, որովհետեւ լրջութեան եւ հետեւողական աշխատանքի խնդիր ունինք, մենք շուտ կը յոգնինք ու կը ձանձրանանք: Մենք նորութիւն կը փնտռենք, ձեւով մը ամէն հարց մեզի համար «մոտա» է: Կը տեսնենք, թէ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար հայերը միայն ջութակ կամ միայն դաշնամուր կը սորվին, յետոյ կը փոխուի»:
Միսաք Պաղպուտարեան կը հաւատայ, որ Սուրիոյ մէջ հայ գաղութի չորրորդ սերունդը սկսաւ նոր կարելիութիւններ տեսնել, սկիզբը աւելի կենսական հարցերով եւ արհեստով զբաղած էին, հիմա պէտք է մտածել այլ ասպարէզներու մէջ նաեւ ներգրաւուիլ եւ հոն ներկայութիւն փաստել. «Կը կարծեմ, թէ ապագան աւելի լաւ առիթ պիտի տայ, որ մեր երեխաները աւելի լուրջ մօտենան երաժշտութեան, եւ ծնողները տարբեր ձեւով ընկալեն հարցը, ու արհեստավարժութեան հասնինք: Նման յաջողութիւն արձանագրածներ կան. այնքան ատեն որ սուրիահայ սոփրանօ Դալար Տէքէրմենճեանը կրցաւ աշխարհի մեծագոյն մրցումներէն մէկը նկատուող Էլիզապէթ թագուհիին մրցումին աւարտականին հասնիլ, ապա ուրեմն վստահ եմ, որ կրնանք նորանոր յաղթանակներու հասնիլ: Կը կարծեմ, թէ կարելիութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը ունինք, կը մնայ աշխատանքը եւ կամքը», կ՛ըսէ ան:
Կարելի չէր մայեսթրոյին հետ չքննարկել ժողովուրդներու երաժշտութիւններուն տարբերութիւնը ու հասկնալ, թէ ան համոզում ունի, որ մարդկութիւնը ունի երկու տեսակի երաժշտութիւն, եւ թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր ժողովրդային երաժշտութիւնը, որ գանձ մըն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի եւ կը զարգանայ այդ ժողովուրդին պատմութեան հետ, այդ երաժշտութիւնը կեանքի հայելին է: «Միւս կողմէ, նոյնպէս ամէն ժողովուրդ կամ երկիր իր մասնակցութիւնը ու ներդրումը կը բերէ դասական երաժշտութեան մէջ, որ համաշխարհային լեզուն է, եւ ամէն ժողովուրդ կրնայ զայն ներկայացնել: Ուրեմն այս երկու երաժշտութիւնները (ժողովրդայինն ու դասականը) կապուած են իրարու եւ որոշ իւրայատկութիւն ունին: Կը տեսնենք, որ երաժիշտը կամ երգահան ստեղծագործը օգտուած են ժողովրդական երաժշտութենէն եւ ստեղծագործած են դասական գործեր: Մեր պարտականութիւնն է քաջալերել այս ստեղծագործութիւնները եւ առիթ տալ միւս ժողովուրդներուն` ծանօթանալու մեր երկրի երգահաններու գործերուն, այսպիսով կրնանք մենք մեզ փաստել համաշխարհային գետնի վրայ», կ՛աւելցնէ մայեսթրօ Պաղպուտարեան:
Պատրաստեց` ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ