asbarez.com – ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».– 26 Օգոստոսին Դամասկոսի Պապ Շարքի թաղամասը ենթարկուեցաւ հրթիռարձակումներու, որոնցմէ երկուքը հարուածեցին Դամասկոսի Հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շէնքը եւ Թարգմանչաց Ճեմարանը: Եկեղեցւոյ գմբէթը աննշան վնաս կրեց, վնասուեցաւ ցանկապատը, իսկ պատուհաններուն մէկ մասը, նաեւ դպրոցին պատուհանները փշրուեցան։

Այս պատճառով վիրաւորուեցան տասնեակ անձեր, որոնց կարգին երկու հայեր՝ եկեղեցւոյ պահակը Թորոս Սարգիսեանը, որ կարճ ժամանակ մը հիւանդանոց մնալէ ու բուժման ենթարկուելէ ետք արդէն տուն վերադարձաւ, եւ Րաֆֆի Ճուպուրեանը, որ հիւանդանոցը կը գտնուի տակաւին։ Առաջին ինկած ռումբին պատճառով վիրաւորուածներուն օժանդակելու նպատակով դէպքի վայր փութացած Յակոբ Սարգիսեան տուեալ վայրը հարուածած երկրորդ հրթիռին պատճառով զոհուած է։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի օր։

Նշեալ անձերը անդամ են «Քաղաքացիական պաշտպանութեան փրկարար ուժեր»ուն եւ այլ անձերու կողքին կը հսկէին Պապ Շարքի կամարին եւ եկեղեցւոյ մուտքին։

Նոյն օրը առաւօտուն Պապ Շարքիի մօտ Տուելաա շրջանին մէջ ինկած հրասանդի մը պատճառով վիրաւորուեցաւ նաեւ այլ հայ մը։

26/08/2013