aztagdaily.com – Պատուարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Կարդացի չորեքշաբթի, 7 օգոստոս 2013-ի «Ազդակ» օրաթերթին առաջին էջին լուրը, որ կը վերաբերէր «հզօր պայթումի մը` Դամասկոսի Ժարամանա թաղամասին մէջ»: Տասնութերորդ տողին վրայ գրուած է. «Բարեբախտաբար զոհերուն եւ վիրաւորներուն շարքին հայեր չկան»: Եթէ ոչ հայ անձ մը իմանայ այս գրութեան բովանդակութեան մասին, տարակարծութիւն պիտի ունենայ հայութեան հետ: Պիտի ըսէ` քանի որ զոհերուն եւ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան բախտաւորութիւն է հայերուն համար, իսկ մնացեալ Աստուծոյ ստեղծած ժողովուրդին որքան չարիք պատահի, հոգ չէ, ըստ հայերու մտածելակերպին: Մենք կրնանք գրել զոհերուն եւ վիրաւորներուն շարքին հայեր չկան: Առանց «բարեբախտաբար» բառը գործածելու, որովհետեւ այսպիսի պարագաներու շատ սխալ եւ վիրաւորական է այդ բառը ոչ հայ բոլոր մարդոց համար:
ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ