Perio Newsfb – Ուրբաթ, 2 օգոստոս 2013-ին, Լիբանանի Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց սուրիացի գործարարներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Սուրիոյ առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի եւ Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զէքի Ետալեան, Ճորճ Ս. Թիւֆէնքճեան Հալէպի Ճարտարարուեստի գրասենեակի խորհուրդի անդամ, Ռոպեր Ա. Մինասեան, Յովիկ Կ. Թրթռեան, Սթիւ Պոյաճեան եւ ուրիշներ:
Սուրիացի գործարարները Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, յատկապէս Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստներուն կամ Պեքաայի ազատ գօտիներուն մէջ ծրագիրներ գործադրելու առումով:
Վ. Սապունճեան ողջունեց սուրիացի գործարարներուն նախաձեռնութիւնը եւ քաջալերեց անոնց կողմէ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը` դիտել տալով, որ այս իմաստով Լիբանանի մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան ընդհանուր ներկայացում մը կատարեց ներդրողներուն ընձեռուող դիւրութիւններուն, արտօնագիրներ ստանալու պայմաններուն եւ արաբ ներդրողներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին մասին: