kantsasar.com – Թուրք-սուրիական սահմանին մօտ առեւանգուած երկու սուրիահայ պատանիները արդէն ազատ արձակուած են եւ անոնց ոչ մէկ վնաս հասցուած է:
Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ վերջին շրջանին իրավիճակը հիմնականօրէն հանդարտ է, եւ նոր միջադէպեր չեն արձանագըրուած: Բնականաբար, պատահական, ինչպէս նաեւ արձակազէններուն կողմէ արձակուած փամփուշտներուն վտանգը միշտ ալ կայ, սակայն ընդհանուր առմամբ, մեր թաղամասերուն մէջ մարտեր չկան: Հալէպի մէջ ընդհանրապէս կարճատեւ մարտեր կը կատարուին, սակայն անոնք առայժմ հեռու են հայկական թաղամասերէն:
30 Յուլիսին կառավարական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ալ Խանասեր բլուր կոչուող շրջանը, ուրկէ կ՛անցնի Հալէպ տանող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճամբան, որուն միջոցով կարելի է Հալէպ բերել պարէն եւ դեղորայք:
Շրջափակման պատճառով հայաշատ Հալէպի մէջ արդէն հացի, սննդեղէնի ու վառելանիւթի կարիքը կը սրի: Հացի փուռերուն դիմաց կարգի կեցած մեծաթիւ քաղաքացիներ իրենց հերթը կը սպասեն, նոյնիսկ հացի սեւ շուկայ ստեղծուած է:
ՄԱՂԹԱՆՔ. «ԹՈՂ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՓՈՐՁԱՆՔ ՊԱՀԷ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԲՈԼՈՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ»
Հալէպ-Թուրքիա ճամբուն վրայ առեւանգուած եւ ապա ազատ արձակուած հայ պատանիներուն մեծ մայրը՝ Տիկ. Նազելի Պօյաճեան իր թոռնիկներուն ազատ արձակման առիթով «Գանձասար»ին կը յայտնէ.-
«Փառք Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն Հալէպի, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Կիպրոսի, Պէյրութի, Միացեալ նահանգներու եւ այլ երկիրներու մեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն, որոնք հետաքրքրուեցան ու մխիթարեցին մեզի, բաժնեցին մեր ցաւը, մտահոգութիւնն ու ապա թոռնիկներուս ազատ արձակման առիթով մեր գոհունակութիւնը: Շնորհակալութիւն Հալէպի Շտապ օգնութեան տղոց, Ազգ. Հայկազեան վարժարանի տնօրէնուհի Օր. Սիլվա Ճապաղջուրեանին: Յատուկ շնորհակալութիւն «Գանձասար»ի եւ «Երկիր Մետիայի» լրագրողներուն, որոնք միշտ կապի մէջ ըլլալով մեզի հետ, յարգեցին լրատուութեան սկզբունքներն ու ապահովական խորհրդապահութիւնը:
Թող Աստուած ողջ, առողջ ու անվտանգ պահէ մեր հայ ազգի բոլոր զաւակները աշխարհի չորս ծագերուն ու ոչ ոքի այսպիսի ցաւ ապրեցնէ: Խաղաղութիւն մաղթենք սուրիական մեր հայրենիքին ու ողջ աշխարհին»: