Perio Newsfb – Եթէ մտահոգ էք հալէպահայերու տխուր կացութեամբ` անոնց անբաղձալի վիճակին ու տառապանքին ի լուր եւ կ՛ուզէք անպայման օգնութեան փութալ խօսքով, թէ գործով, պիտի խնդրեմ, որ զգուշ վարուիք, մանաւանդ` խօսքի ընթացքին ու յայտարարութեանց մէջ: Զգո՜ւշ, արգահատանքի թող չվերածուի ձեր վերաբերմունքը. անգիտակցաբար մի՛ վիրաւորէք անոնց եսն ու արժանապատուութիւնը «Պնակ մը կերակուր» փութացնելու կոչերով, կամ` «250 տոլարով 80 ընտանիք կերակրելու» արշաւի ձեռնարկելով:
Հալէպահայերը անօթի մուրացկաններու մի՛ նմանցնէք: Մի՛ նուաստացնէք զիրենք:
Վստահ եմ, որ բարի նպատակով մէջտեղ կը նետէք այդ կարգախօսները, սակայն անոնք սիրտ խոցող ասեղներու թող չվերածուին:
Այո՛, դժնդակ են պայմանները այստեղ, յատկապէս` տնտեսական անապահովութեան մթնոլորտի մը մէջ, սական ամիսներէ ի վեր շարունակուող այս տագնապին մէջ դեռ չհանդիպեցանք հալէպահայ մուրացկանի մը, որ ափը պարզէր պատառ մը ուտելիքի համար:
Եթէ նոյնիսկ չենք ուզեր յիշել Աւետարանի «Աջ ձեռքիդ տուածը, ձախ ձեռքդ թող չիմանայ» պատուիրանը, գոնէ մարդկայնօրէն մտածենք ու լուռ գործենք: Անաղմուկ բարեգործութիւնը աւելի աստուածահաճոյ է, քան` բարձրաձայն, աղաղակող կոչերը:
Աշխարհի բոլոր կողմերէն ցաւակցող, զօրակցող խօսք ու գործով յորդեցան մեր մամուլն ու լրատուամիջոցները. շնորհակալ ենք եւ երախտապարտ բոլո՜ր բոլորի՛ն, սակայն մի՛ ձգէք, որ ակամայ ստորնանանք (Աստուած մի՛ արասցէ) ու յաւիտեան շնորհընկալ մնալով, գլխիկոր մնանք մեր «բարերարներ»-ուն դիմաց:
Գալիք օրերը ի՛նչ կը բերեն` չենք գիտեր, սակայն չենք ուզեր, որ երբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի, կոտտացող վէրք մը մնայ իւրաքանչիւրիս սրտին խորը:
Հալէպահայուն հպարտութիւնը ամէն բանէ վեր է, զգո՜ւշ, անգիտակցաբար ստուեր չձգենք անոր վրայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
aztagdaily.com