matig-eblighatian

Աշնանային զով առաւօտներուն վերամուտի մթնոլորտ կը տիրէր Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ:

Հաճելի էր սուրճի գաւաթին դիմաց նստիլ եւ պատշգամէն դիտել դպրոցական նոր համազգեստներով եւ պայուսակները իրենց կռնակին շալկած` մատղաշ սերունդի մեր արիւնակիցներուն շքեղ երթը դէպի կրթական ամրոցներ:

Ոմանք հետիոտն կ՛ուղղուին վարժարան: Ուրիշներ փողոցներու անկիւնները կամ նշանակուած կեդրոններ կը հաւաքուին` դպրոցի հանրաշարժը սպասելու: Փոքրիկներուն այդ սպասման կ՛ընկերակցի իրենց ծնողներէն մին, երբեմն` մեծ մայրը կամ մեծ հայրը, որոնց համար գերհաճոյք մըն է այդ յոգնութիւնը:

Միջին Արեւելքի հայկական գաղթօճախներու մէջ գործող հայկական վարժարաններու փոխադրակառքերու տողանցքը սովորական երեւոյթ մըն է, որ յաճախ ուշադրութիւնը գրաւած է Հալէպ այցելողներուն:

Այս փոխադրակառքերուն վրայ խոշոր գիրերով ու մեսրոպեան տառերով դրոշմուած են տուեալ դպրոցներուն անունները: Աշակերտ հաւաքելու համար երբ անոնք կը շրջին քաղաքիս պողոտաներուն երկայնքին, կարծէք իրենց հետ կը պտտցնեն նաեւ Մաշտոցի տառերը… Այս երեւոյթը, մօտիկ անցեալին, ուշադրութիւնը գրաւած էր պոլսահայ երիտասարդ լրագրողի մը, որ այդ մասին անդրադարձած էր մամուլի մէջ:

Ամրան արձակուրդի ամիսներուն դպրոցական այդ ինքնաշարժները պահ մը կ՛անյայտանան, ձմեռնաքունի մտած կրիաներու նման, կամ ալ` հայ արհեստաւորներու գործատեղիներուն մէջ. վերանորոգումի կը յանձնուին:

Այս գեղեցիկ եռուզեռը այս տարի զլացուեցաւ մեզի: Մեր դպրոցներուն փոխադրակառքերը չերեւցան, վշտահար մեր աշակերտները տուն մնացին: Ոմանք քաղաքէն մեկնեցան, դժբախտաբար անոնց արձակուրդն ալ գաղթականութեան վերածուեցաւ:

Աւետաբեր աղաւնիի մը նման դէմս ելաւ մեր վարժարաններու փոքր չափի ինքնաշարժներէն մին: Ուշադրութիւնս սեւեռեցի` պահ մը վայելելու համար մէջը նստող աշակերտներուն գեղեցիկ տեսարանը:

Երբ մօտեցայ, դժբախտ զգացում մը պատեց զիս: Սակայն անոր զուգահեռ սխրանքի յուզում մը ունեցայ, որովհետեւ փոխադրակառքին նստարանները հանուած էին եւ անոնց տեղ հիւանդատար պատգարակ մը կար… Դպրոցի ծանօթ վարորդին փոխան` ղեկին ետեւ եւ քովի աթոռին վրայ նստած էին անձնազոհ երիտասարդներ: Յստակացաւ, թէ դպրոցական աշակերտներ փոխադրող ինքնաշարժը «շտապ օգնութեան» կառքի վերածուած էր:

Հրթիռներու հարուածներուն եւ փլատակներուն տակէն հանուած վիրաւորներու արեան կաթիլներ նկատեցի դպրոցական ծառայութեան կոչուած այդ ինքնաշարժին մէջ: Արիւնոտ վերամուտ:

Յիշեցի այդ վարժարանին վաղ շրջանի ուսուցիչներէն` ծանօթ գրագէտ, հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեանին խօսքը անմահ Սիմոն Զաւարեանի մասին, որուն անունը խոշոր տառերով գրուած էր դպրոցական ինքնաշարժին վրայ:

«… Զաւարեանն` անբի՜ծ ինչպէս լոյս, թէ մեր աշխարհում մարդացած Յիսուս…»:

Զաւարեանի շունչով սնած երիտասարդներ, Քրիստոսի զոհողութեան գնով, կը շրջէին այս մահաբոյր միջավայրին մէջ:

* * *

Հայոց ցեղասպանութեան վկայարանը հանդիսացող Սուրիան, արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ, ճակատամարտի դաշտի մը վերածուած է:

Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքը եւ ճարտարարուեստի մայրաքաղաք Հալէպը, որ կը հանդիսանայ սուրիահայութեան մեծագոյն օճախը, արդէն երեք ամիսներէ ի վեր կիզակէտն է այդ տագնապին:

Տարագրութեան առաջին օրերէն, հայեր, երբ կայք հաստատած են Հալէպի մէջ, երկրէն իրենց հետ բերած են արհեստներ եւ ճանչցուած` որպէս հնարամիտ պարկեշտ աշխատաւորներ, իւրաքանչիւրը` իր մասնագիտութեան մէջ:

Հայ անհատը, երբ ոտք դրած է այս բարեբեր երկիրը, միշտ օրինակելի քաղաքացիի տիպար հանդիսացած է, գաղթականի ցուպը ձեռին` երբեք չէ մտածած մուրալու կամ այլ անվայել միջոցներով դրամ շահելու մասին:

Հալէպահայը ճանչցուած է որպէս առաջնակարգ վարպետ մեքենական արհեստներու, նաեւ` ոսկերչութեան, լուսանկարչութեան եւ այլ մարզերու մէջ:

Տագնապի այս օրերուն տարագիր սերունդներու այսօրուան թոռներն ու ծոռները ժամանակաւորապէս «տարագրուած» են արհեստներու եւ գործատեղիներու շրջաններէն (Ռամուսէ, Արղուպ, Պոսթան Փաշա, Նոր Գիւղ):

Հալէպահայ ընտանիքներու նեցուկ հայրեր շատ մեծ համեմատութեամբ անգործ են ամիսներէ ի վեր եւ զրկուած են իրենց աշխատավայրերը երթալու ամէնօրեայ հաճոյքէն եւ կարելիութենէն:

Միւս կողմէ, քարէն հաց հանող ճարտար եւ ճարպիկ հայրենակիցներու ալ կը հանդիպինք այս օրերուն:

Ուշագրաւ երեւոյթ է տեսնել հայորդիներ, որոնք մայթերու վրայ կը պարապին կանաչեղէնի եւ պտուղներու առեւտուրով:

Նման զբաղումներ ապրուստի միջոցի վերածող երիտասարդներու չէինք հանդիպած գէթ վերջին 40-50 տարիներուն: Սակայն այս երեւոյթը ծափահարելի՛ է, որովհետեւ պատուաբեր եւ ժամանակաւոր միջոց մըն է օրապահիկը ապահովելու:

Քսանական եւ երեսունական թուականներուն, Հալէպի մէջ գործած են փայտահատ կամ բեռնակիր հայեր, սակայն իրերայաջորդ սերունդները թօթափած էին այդ միջոցները եւ` նախանձելի տնտեսական վիճակ նուաճած:

Կը հաւատանք, որ այս ժամանակաւոր տագնապէն ետք հալէպահայը աւելի զօրաւոր դուրս պիտի գայ եւ վերարժեւորէ իր համբաւը` որպէս առաջնակարգ քաղաքացի բոլոր մարզերու մէջ:

* * *

Մօտիկ անցեալին իր խաղաղութեան, անդորրութեան եւ ապահովութեան օրինակ էր կեանքով լեցուն Հալէպը, պսակի արարողութեանց մասնակից հարսնեւորները արեւածագին հետ տուն կը վերադառնային:

Ամրան, երբ արտասահմանէն մեր հայրենակիցները կ՛այցելէին Հալէպ, ոմանք կու գային իրենց ծննդավայրը` հարազատներու կարօտը առնելու, ուրիշներ որպէս հարսնեւոր` պարագայի մը ամուսնութեան ներկայ գտնուելու:

Այդ չքնաղ օրերուն, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի պսակի արարողութեան ժամանակացոյցի արձանագրութեան տոմարին մէջ ամիսներ առաջ գրաւուած կ՛ըլլային շաբաթ եւ կիրակի օրերու երեկոյեան ժամերը, յատկապէս` ժամը ութ եւ ժամը ինը:

Պսակի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ներկաներու շնորհաւորութիւնները ընդունելէ ետք, նորապսակ հարսն ու փեսան կ՛այցելէին իրենց նոր բոյնը, ուր կը կատարուէր ոչխարի զենումը, ասիկա հալէպահայոց մեծամասնութեան համար անհրաժարելի սովորութեան մը վերածուած էր, մինչ դանդաղ ընթացքով հարսանեկան խրախճանքի հրաւիրեալները կ՛ուղղուէին ճաշարան:

Երբեմն լուսանկարիչի առաջնորդութեամբ (որ այս պարագային արարողապետի դեր կը կատարէ), կ՛ուղղուին անոր սթիւտիոն կամ հանրային պարտէզ` իրենց կեանքի ամենաերջանիկ օրը յաւերժացնելու համար գեղեցիկ նկարով մը:

Այս բոլորէն ետք, երբ հարսնեւորները կը խճողէին ճաշասրահը, օրուան թագաւորը եւ թագուհին կը ժամանեն կէս գիշերուան ժամը տասներկուքին:

Զուարթ մթնոլորտէ ետք, առաւօտեան ժամը հինգին կամ վեցին կը կատարուէր հարսանեկան կարկանդակի հատումը:

«Մինչեւ առաւօտ հարսանիք ըրինք», ուրախ արտայայտութիւն էր, սակա