Perio Newsfb – Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանի, մեր մանուկներուն կրօնական գիտելիքներ փոխանցելու նպատակով, ամառնային շրջանին երկու ամիսներու տեւողութեամբ ամփոփ ծրագիր մը մշակուած է, որ 2 յուլիսէն սկսած է իր առաքելութեան: Վերոնշեալ հանդիպման հաւաքավայրն է Սուլէյմանիէ շրջանի հայ եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կեդրոնը:
Երրորդ շաբաթն է, աշակերտներու թիւը հասած է 75-ի, երկու խմբակներու բաժնուած 4-5-6-րդ կարգերու աշակերտները կը հաւաքուին երեքշաբթի առաւօտ ժամը 10:00-11:30, իսկ առաջին երկրորդ, երրորդ կարգերու աշակերտներու հանդիպման օրն է՝ չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-11:30:
Այս հանդիպումներուն ընթացքին աշակերտները կը սորվին հոգեւոր երգեր, շարականներ, պատարագէն հատուածներ, Սաղմոսներ, մաղթերքներ, աղօթքներ, Սուրբ գիրքէն պատմուածքներ, բարոյալից պատմութիւններ, խաղեր՝ իրենց սորվածները լաւապէս ըմբռնելու միտումով լաւագոյն ձեւով ներայացնողներուն կը յանձնուի նուէրներ:
Մինչեւ օրս սորված են «Նայեաց Սիրով», «Բարեկամ մանկանց», հոգեւոր երգերը, ինչպէս նաեւ «Տէրունական աղօթք»ը «Եկմալեան» եղանակով:
«Տէրը իմ հովիւս է» 23-րդ Սաղմոսը,
«Ով մեծդ Աստուած» աղօթքներ
Հաւատով խոստովանիմի 11-րդ եւ 15-րդ համարները, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Զարեհ եպս. Ազնաւուրեանի «Ողջոյն քեզ կեանք» երգը:
Ընդհանուր ծրագիրը եւ յայտագիրը կիրագործուի Արժ. Տէր Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի կողմէ, իսկ բարոյալից պատմութիւնները կը ներկայացնէ երէցկին Սեդա Զերենցեան-Շաքարեան:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր հաւաքի աւարտին տեղի կ՛ունենայ հիւրասիրութիւն: Հիւրասիրութիւնները կը տրամադրուին Աստուածահաճոյ այս գործը քաջալերող բարերարներու կողմէ: Այս շաբթուան հիւրասիրութիւնը տրամադրած էր օրդ. Մարինա Հայրապետեան: