yerkirmedia.am – Հանդիսութիւնը Հալէպի մէջ է, պատերազմի արհաւիրքին մէջ յայտնուած ու շրջափակուած Հալէպի։ Հալէպահայութիւնը կը շարունակէ դժուարութիւնները յաղթահարել ու կառչած մնալ կեանքին եւ յանդգնութիւնը կ’ունենայ անգամ հանդիսութիւն կազմակերպելու՝ պատերազմին խլած ժպիտը կրկին ուրուագծելու յոգնաբեկ իր զաւակներուն դէմքին։
Կազմակերպող մարմինը Համազգայինն է, իսկ ելոյթունեցողները՝ Հայ մշակոյթով սնած ու հասակ առած համազգայնական երիտասարդներն են։ Հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի թատերախումբը, ներկայացնելով Սարուխանի կատակերգութիւններէն հատուած մը, բեմադրութեամբ Խաչիկ Ղազարեանի, այնուհետեւ հանդէս եկաւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող “Սարդարապատ” պարախումբը։ Հանդիսավարներ Նարինէ Գոնճայեան եւ Գէորգ Շահինեան բանաստեղծական մէջբերումներովու բարեմաղթութիւններով ոգեւորեցին հանդիսականները։
Համազգայինի Զուարթնոց երգչախումբը ներկայացուց ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգեր, խմբավարութեամբ՝ Յարութ Ալապօզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Ռուզան Պարսումեանի։ Այնուհետեւ հանդիսատեսը հաճոյքով ունկնդրեց արուեստագէտներ Գէորգ Մանուկեանի, ՌաՖՖի Ապէճեանի երաժշտական կատարումներն ու Յակոբ Այնթէպլեանի “Հայ ենք մենք” մեներգը։ Աւարտին յայտագրի մասնակիցները միասնութեան շուրջպարով խանդավառեցին հանդիսականները։
Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ Տ. Շահան Ս.Եպս. Սարգիսեան յայտնեց, թէ այս հանդիսութիւնը ինքնին կը վկայէ, որ հալէպահայ գաղութը կը շարունակէ մնալ կազմակերպ գաղութ իրմիութիւններով, դպրոցներով ու եկեղեցիներով, ապակոչուղղեց հալէպահայերուննեցուկ կանգնիլ իրար երկրի դժուարինայս պայմաններուն մէջ։
Հանդիսականներու բազմահոծ ներկայութեան պատճառով շատեր հնարաւորութիւն չունեցան ձեռնարկին հետեւելու, որուն համար կազմակերպիչ մարմինը յայտարարեց միջոցառման կրկնութիւնը յառաջիկայ Կիրակի, իսկ հալէպէն սփռուող րատիօ Երազը ուղիղ հեռարձակմամբ հանդիսութեան հետեւելու հնարաւորութիւն ստեղծեց։ Հալէպի մէջ կեանքը կը շարունակուի, պատերազմի դառնագոյն պայմաններուն մէջ անգամ։
Զարմիկ Պօղիկեան, Մարիա Գաբրիէլեան, Պերճ Պօղիկեան