Perio-Newsfb – Հալէպ մէկ տարի է ի վեր բաժնուած է երկու մասի՝ արեւելեան մասը ընդդիմութեան իշխանութեան տակ է, արեւմտեան մասը՝ իշխանութեան։ Արեւմտեան բաժինին մէջ են նաեւ հայաբնակ թաղամասերը, որոնք սահմանակից են ընդդիմութեան իշխանութեան տակ եղող արեւելեան Հալէպին, այսինքն` հայկական թաղամասերը իշխանութեան հովանաւորութեան տակ ըլլալով հանդերձ՝ շատ մօտ են ընդդիմութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող Հալէպի միւս բաժինին, հետեւաբար հայեր միշտ շատ մօտ են դիպուկահարներու թիրախին։
13/07/2013