Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան


Այսօր ազգականի մը հրաժեշտ տալու գացի. ան ալ հոսանքին տրուած` հեռացողներէն է: Ո՞ւր. առայժմ Լիբանանը ցատկատախտակ է դէպի անորոշը քայլ առնելու համար, ինչպէս որ Հայաստանը` ուրիշ շատերու համար: Փողոցը, երբ հրասայլի հարուածներու նուագին տակ կը քալէի, հանդիպեցայ հին ծանօթի մը, որ կը ցնծար Ամերիկայի վիզան վերջապէս ստացած ըլլալուն համար: Քանի մը օրէն հրաժեշտ պիտի տամ նաեւ երեսուն տարուան բարեկամ ընտանիքի մը, որ երազելի՜ բախտի արժանացած` Ֆրանսա մտնելու իրաւունք ստացած է, բայց կ’երթայ գրեթէ սգալով. ինչո՞ւ. իրե՛ն հարցուցէք: Շրթներուս վրայ ու հոգիիս մէջ դառնահամ կը զգամ: Մարդոց «փրկութիւնը» կը ցաւցնէ՞ զիս: Կը հալի գաղութը. գէթ ըլլար ի լրումն հայրենիքի… տօ՛, լաճ տնաւեր…

***

Լիբանանէն վերադարձող քրիստոնեաներ (դեռ Հալէպի «հին օրերուն» վերադա՞րձը կը յուսան, թէ՞ չտոկացին Պէյրութի սղութեան), մեծ մասը հայ` առեւանգուեր են, ծեծուեր, քաշքշուեր ու կիներն ալ սպառնալիք ստացեր, թէ քանի մը ամիսէն ոտքէն գլուխ սեւով պիտի ծածկուին, սէուտցի կիներու պէս: Երանի՜ այդքանով վերջանար սպառնալիքին սահմանը… Մինչեւ օրս մեզի անյայտ է անոնց ճակատագիրը:

Եկեղեցւոյ առջեւ կիներ հաւաքուած` մահազդները կը դիտեն, որոնց պակասը վերջերս չենք զգար: Խօսակցութեան պատառիկներ կ՛առնեմ.

– Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վիճակը:- Հայերը այլեւս թող Լիբանան չերթան-չգան…

– Բայց Ամերիկայի կամ Եւրոպայի վիզաները ուրկէ՞ առնեն…

– Եթէ քաղաքացիութիւն առած են, Հայաստանէն աւելի դիւրին է…

Քիչ անդին` այրերու խօսակցութիւն.

– Ղաննասը զարկեր է, փամփուշտը մէկ այտէն մտեր, միւսէն ելեր է, մարդը ինվալիտ եղաւ…

– Մենք, որ զարնուած չենք, ինվալիտ չե՞նք, քանի ամիս է` անգործ. պզտիկը դպրոց պիտի արձանագրուի, կինս կ՛ամչնայ երթայ, խնդրէ…

– Ճանըմ, դպրոցները բան մը կ՛ընեն, դուրսը պիտի չձգեն, եա՛, այսօր քանի՞ հոգի կրնայ վճարել:

– Օդակայանէն եկող շոֆեր մը ծեծեր են, վրան հալ չեն ձգած, թէ` դուք հայերդ պետութեան հետ մեզի դէմ կ՛աշխատիք, ձեր գլխուն գալիք կայ…

Այս պատառիկներու բեռը շալկած` մտայ եկեղեցի: Դեռ ինչե՜ր կան, բացայայտ ու ծածուկ ցաւեր, որոնց լուծումը մարդիկ այլեւս այս պատերու մէջ կը յուսան: Ներսը անդորր կիսախաւար է, լոյսի վեհերոտ շողեր գունաւոր ապակիներէն կը թափանցեն, մինչ խորանը, Աստուածածնայ պատկերին առջեւ մոմ մը կը վառի`

Լուսաւորչի կանթեղն անմար
Հայոց (Սուրիոյ) մթնած երկնքից…

***

Սուրբ Գէորգ մեր գողտրիկ եկեղեցւոյ համար ամիսներէ ի վեր սիրտս չարիք կը վկայէր. այս օրերուն ո՜վ բարիք կրնայ գուշակել: Տեսանք մեր հաւատի տաճարը ու «Մեսրոպեան» սուրբ անունը կրող դպրոցը (երբեմնի՜)` ծուխ ու բոցերու մէջ: Բայց անոնք վաղո՜ւց արդէն որբ էին` իմս-քուկդ մեր առօրեայ խաղին ու մեր մեծ «հեռատեսութեան» պատճառով մնալով միայնակ ու աչքի փուշ` շուրջը վրանած այլադաւան նորեկ բնակչութեան: Հայերը միայն «Վիլլաներ պիտի նստին», ինչո՞վ մեղաւոր են, որ Նոր Գիւղի հողը վիլլայի հիմեր չի բռներ … Ու օտարը կը խօսի. «Հայերը միշտ ճամպրուկով են. անոնց մէկ սերունդը կը շինէ, յաջորդները կը ձգեն, կը հեռանան…»:

Օտարները մէկ բան, սակայն, չեն գիտեր. օտարինն ալ ձգել հեռանալը ցաւոտ է, քանի որ արդէն արմատ նետուած է, քանի որ հայուն համար ան այլեւս օտար չէ, ան այդ հողին վրայ հունտեր ցաներ է ու հնձելու ալ իրաւունք շահած է: Հայը աշխարհաքաղաքացի է ու ամէն տեղ է հարազատ իրեն: Ու հիմա հերթական ցաւը կը բախէ անոր դուռը. վերջնական հեռանա՞լ Սուրիայէն, թէ՞ պէտք է պահել տակաւին նահատակներու հոգիներու ներկայութեամբ շնչող գաղութը: Ահա՛ այսօրուան մեր հարցը. ո՞վ ունի մեն ու միակ պատասխանը:

Մտաբերեցէ՛ք աշխարհի մէջ մեր շինած ու լքածները…

***

Պատկեր:

– Դուք հո՞ս էք…

– Հո՛ս ենք, ո՞ւր պիտի երթանք… Դուք ինչպէ՞ս էք, տղադ հո՞ս է..

– Հոս է, Պոստան Փաշա էր, լապորաթուարը, չմնաց… երեք ամիս է` տունէն չ’իջներ….

Վէրքը փորփրել պէտք չէ. դիւրին չէ այր մարդու արցունք տեսնելը…

***

Պատկեր:

– Դո՞ւք ալ հոս էք, կարծեցի շատոնց գացեր էք:

– Չէ՛, մենք հոս ենք, տեղ մըն ալ երթալու միտք չունինք:

– Եթէ կամքի՛դ ձգեն…

– Կամքը քուկդ է. աս ալ հով մըն է, կ՛անցնի…

Ու կրկին զուգորդութիւն` Իսահակեանի խօսքը`

Ինձնից բռնեցէ՛ք, խորտակուող մարդի՛կ,
Ես ժայռի նման կանգնած եմ ամուր:

Հիմա այդ ամրութեանը պէտք ունինք` այս երկրին մէջ հարիւրամեակներով մեր ստեղծածին արժանի ըլլալու համար: Լաւատեսները, հաւատացողները, անխոնջ ու լուռ աշխատողները` այս ազգին յաւերժութեան գրաւականներ:

Հայը վարժուեր է ցաւի ետին բոցկլտացող յոյսով նայելու աւերակներուն. ան աւերակներու ընդմէջէն ապագայ շքեղ նորակառոյցներուն յառած է արդէն իր հայեացքը: Ան հեգնանքով կը նայի տհաս մանուկի ձեր քանդումին ու կը սպասէ իր կարգը` շինելու:

***

Համացանցի էջերը լայն հնարաւորութիւններ տուին աշխարհի բոլոր ժամանակներու իմաստուններու լոյսին շփուելու: Բայց կարծես ճիշդ է նաեւ ասոյթին հակառա՞կը` «Ամէն բարիքի մէջ չարիք կայ…»: Ամէնքը, որոնք ժամանակի հասկացողութիւն չունին, որոնք ինքնացուցադրելու դաշտ կը փնտռեն, որոնք յանկարծ մարդկութեան ու ազգին ուղեցոյց դառնալու բուռն փափաքը կը զգան… ելեր` քաղաքական մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն ու ազգը կը ձգեն առածի ըսած վիճակին` «Խենթը հորը քար գլորեց, եօթը իմաստուն հանել չեն կրնար»: Խենթը դեռ ներելի է, իսկ չարակա՞մը, իսկ վարձկա՞նը, որ իր ազգին արիւնէն գերիվեր կը նկատէ իր որովայնը ու կը պարէ թշնամի «տուտուկներու տակ»` ապակողմնորոշելով կարճամիտները, յատկապէս մեր փոքրիկ ու խոցելի գաղութը շրջապատողները ու թշնամանքի սլաքներ կ՛ուղղէ դէպի մեզի: Որո՞ւ ջրաղացին ջուր կը լեցնեն նման մարդիկը` իրենց խիղճին թող հարցնեն, իսկ մենք այդ մոլորեալներուն կը խնդրենք` եթէ անգիտակցաբար ինկած ես այդ ծուղակը, օր առաջ ելլելդ խորհէ. եթէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու ելած ես, յիշէ՛, որ ժամանակներ կան, երբ դուն կ՛որոշես` սահմանէն ասդի՞ն, թէ՞ անդին ես: Վասակը ճիշդ այդ սահմանագիծին վրայ գայթեցաւ ու դաւաճանի խարանը կը կրէ արդէն 1561 տարի… Գնա՛ ու կարդա՛ Սիամանթոյի «Դաւաճանները», քանի որ անկէ աւելի յստակ կարելի չէ քեզի տալ քու իսկ էութիւնդ:

Այսօր, մեր իսկ խակ ու անզգուշ արտայայտութիւններու պատճառով ու մեր յաւերժական թշնամիի ախորժակին ի գոհացումն` հայ համայնքին ուղղուած թշնամական սլաքները սկսած են յաճախակի դառնալ: Այս անգամ Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանը կը ստանայ հայերը սարսող հերթական հարուածը: Հայերը կը մեղադրուին ոչ միայն իշխանամէտ ըլլալու, այլ նոյնիսկ` չէզոքութեան համար: Բայց ուրկէ՞ իմանան այդ մանուկ ուղեղները, թէ հայը, իր ցեղային խտացեալ էութեան մէջ, չէզոք չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ տուեալ պարագային` կողմ: Ան բոլորովին այլ` ու առաւել բարձր մակարդակի «կողմ» ըլլալու գիտակցուած կամ բնածին, ենթագիտակցական կողմնորոշումի մէջ է: Ան վաղուց արդէն ետին ձգած է անմիտ մանկութեան ու խենթ պատանութեան խակութիւնները: Հազարամեակներու ոգորումները անոր տուած են իմաստնութիւնը անցողիկին հետ չըլլալ, այլ` մնայունին: Իսկ մնայունը անոր համար լոյսն է, երկինքը, հողը, արարումը, ասունը ան-ասունէն զատող յաւերժական արժէքներն ու արժանիքները:

***

Մանուկները` այս դժոխքին մէջ… Պատանիները կ՛իւրացնեն կեանքի դասերը, կը ճանչնա՜ն անոր «լուսաւոր» կողմերը: Անոնցմէ գիտակիցները ծերի մտահոգ դէմքեր ունին. հասունցան մէկուկէս-երկու տարուան մէջ: Դարաւոր արհաւիրքներու` արեան յիշողութի՞ւնը կը խօսի անոնց մէջ ու մշուշի մէջ կը թաղէ վաղուան օրուան մասին պատանիի իրենց երազները:

Բայց մանուկները… որքան ալ փորձես ահաւոր պայթիւններն ու արկերու որոտմունքը իբրեւ «չարերու» խաղ ներկայացնել, ժպիտը անոնց հրեշտակային դէմքերուն վայրկենապէս կը փոխուի տագնապի, կասկածոտ հայեացքներու, լացով կը դողան շրթունքները…

Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ,
Լա՛ց չգիտնալով, խեղճ, անգէ՛տ տղաս,
Խե՜ղճ որսը կեանքին, ա՜հ, լա՛ց, որ մեծնաս…

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»