Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան


«Ես ըսածիդ համաձայն չեմ, բայց մինչեւ մահ պիտի պաշտպանեմ զայն արտայայտելու քու իրաւունքդ»:

ՎՈԼԹԵՐ

Իւրաքանչիւր առաւօտը, որ չի բերեր խաղաղութեան աւետիս, քայլ մը եւս ետ կը նետէ երկիրը, ու աւերակներու դառնահամ փոշին կը նստի մեր հոգիներուն վրայ:

Ինչպիսի՜ արագութեամբ աւելորդ կը դառնան հեռաձայնային ծանօթ թիւեր, ու բարեկամ տուները` օտար: Կը զոհուին կամ կը հեռանան բարեկամ-ծանօթներ` շահուած կեանքի մը ընթացքին: Ու կը սրբես թիւ մը եւս. կեանքիդ ծառին մէկ ոստը, տերեւը. պիտի վերընձիւղի՞ կրկին…

Հայաբոյր գաւառներու երանգները պահած բարքեր, զորս հատիկ առ հատիկ փրկած ու մէկտեղած էին տարագիր հայու քանի մը սերունդներ ու կազմած` կիլիկեան յիշատակներու մարգարտաշարը, կրկին կտրտուեցաւ: Հատիկները գլոր-գլոր կը ցրուին. ո՜վ պիտի ժողվէ…

Ուրուրը եկաւ,
Ձագերս տարաւ.
Տարա՜ւ ու տարա՜ւ,
Տարաւ ու կերա՜ւ…

Ու ակամայ, կրկին ու կրկին դէպի ազգիս փրկութեան փարոսը` երկիրս կը դառնամ: Հայկական կայաններէն մէկը ցնցող լուր մը տուաւ (գոնէ ես ցնցուեցայ): Պետական բարձր պաշտօնեայ մը ողիմպիական հանգստութեամբ յայտնեց, թէ Հայաստանի բնակչութիւնը պարպող ռուսական գրասենեակները բացողները «մեզմէ իրաւունք չեն առած»: Չհաւատալու իրաւունք չունիս, հաւատալու պարագային` չզարմանալու իրաւունք: Ոչ ոք կը խլէ քեզմէ այդ իրաւունքը, ուզածիդ չափ զարմացիր, մանաւանդ որ չեն պակսիր առիթներ:

Երբ լրագրող մը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին հարցուց, թէ ինչպէս պիտի լուծուի հայերու արտագաղթի արդէն աղէտալի հարցը (նկատի ունէր Հայաստանի տարածքին գործող արտագաղթ կազմակերպող ռուսական գրասենեակները), մարդը կայսերական պաղ հպարտութեամբ, ապտակի պէս հակադարձեց. «Երբ մարդիկ կը գաղթեն, ուրեմն պատճառներ կան»: Ըսել ուզեց` ձեր հարցերը դուք լուծեցէք, իսկ մենք` մեր հարցերը: Ու եղբայրաբար կը շարունակուի «Հայաստան առանց հայերու» վաղեմի ծրագրին իրագործումը` մեր հնազանդ աջակցութեամբ:

Քանի մը տարի առաջ Մոսկուայի մեծ սրահի մը մէջ (մեր քաղաքի բոլոր սրահները միացած` հազիւ թէ այդքան մարդ առնեն), հայկական երեկոյի մը ներկայ էր նաեւ Ռուսիոյ նախագահը (նաեւ` մերը): Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ Մեծն Պետրոս ռուսաց ցարը ժամանակին (18-րդ դարուն սկիզբը) հրովարտակ հաներ է, ուր ըսուած է, թէ պէտք է ամէն ձեւով քաջալերել ու նպաստել դէպի Ռուսիա հայերու գաղթին: Ու վսեմաշուք նախագահը ժպիտով ապտակեց մեզ` «Ըսուած է` կատարուա՛ծ է. ես աւելի շատ հայերու նախագահ եմ, քան…»: Ու բազմահազար ռուսահայեր այս ապտակը ընդունեցին ջերմ ծափահարութիւններով, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին:

Ուրիշներ ի՞նչ մեղք ունին, եթէ մենք ստորակայութեան բարդոյթ ունինք եւ մեր մորթէն դուրս փախչելու մղում ու… հայր չունինք: Հայ մարդու մէջ օտարի հանդէպ այնպիսի աներեւակայելի սէր կայ, որ ան կրնայ բանալ սիրելիի գերեզմանը եւ աճիւնները միասին տանիլ ովկիանոսէն անդին` նոյնիսկ հայրենի հողը աճիւնին արժանի չգտնելով: Ո՞ւր փնտռել պատճառը:

Հօր անէծքը շալկած` Փոքր Մհերը դեռ երկա՞ր պիտի դեգերի, դեռ երկա՞ր հայրենի հողը պիտի չվերցնէ անոր «ծանրութիւնը», եւ ո՞վ է որ պիտի ազատէ զայն իր պատիժէն:

***

Ամէն օր աւելի կը մեռնի քաղաքը, ու կը խորհիս` դեռ աւելի տեղ կա՞յ… հազարաւոր տուներ, ամբողջ թաղեր փլատակ, մարդիկ` անտուն, անգործ: Կը հաւատա՞ս, որ նման մարդը սիրէ հայրենիքը կամ որեւէ բան: Ե՞րբ եւ ի՞նչ ձեւով ելք պիտի գտնեն կուտակուող ատելութիւնն ու ցաւը:

Կեդրոնական թաղերու գրեթէ բոլոր կարեւոր փողոցները գոցուած են ինքնաշարժի երթեւեկի համար, ամէնուր արգելապատնէշներ` աւազապարկերով, լայնքին շարուած մեքենաներով ու այլազան յարմարանքներով: Գոց են նաեւ նրբանցքները, եթէ մօտակայքին կառավարական կեդրոն մը կայ: Ու գրեթէ բոլոր փողոցներու ելքին ու մուտքին` պահակ զինուորներ, որոնք կը ստուգեն հազուադէպ անցնող մեքենաներ կամ կասկածելի անձեր:

Մնացողներս, որոնք պատնէշի վրայ են, առաւել հարազատութիւն կը զգան իրարու հանդէպ: Ընդհանուր աղէտը, իւրաքանչիւրս հետապնդող վտանգն ու անիրաւուածի գիտակցութիւնը ոչ միայն երկրին հանդէպ մեր հոգիներուն մէկ անկիւնը անթեղուած սէրը մակերես հաներ են, այլ նաեւ` իրարու հանդէպ փափուկ, գուրգուրոտ վերաբերմունք:

***

… Տակաւին գեղեցիկ կին է, քառասունի շուրջ ու չորս զաւակի մայր: Ամուսինը Հոմս զոհուեր է, ինք զաւակները փախցուցեր է Հալէպ, այն օրերուն, երբ դեռ անառիկ ու հաստատակամ էր Հալէպը…

Վարձակալը վարձքի զեղչ չ՛ըներ չորս զաւակով գաղթականին. հա՛յ վարձակալը, որ ինք ալ գաղթական է ամէնուր…

«Վարի դրացիիս տունը վարձու կը մնայ, բայց վճարելու կարելիութիւն չունի: Եկեղեցիներու դռները կ’իյնայ` օգնութիւն խնդրելու. հոգին կ’ելլէ, մինչեւ բան մը տան: Աղջիկիս ու թոռնիկիս հագուստները, որ չէին տարած, իրենց տուի, վերմակ ալ, ամաններ… մեղք են…», կ’ըսէ բարեկամուհիս, որ կը փորձէ գոնէ ինք օգտակար ըլլալ դժբախտութեան մէջ ինկած մարդուն:

Արաբ է կինը, բայց մեր խօսածը կը զգայ (մենք չինարէն ալ կը հասկնանք, եթէ ուզենք). կը ժպտի ու կը վերադարձնէ հեղուկ օճառին աւելցածը: Կը փորձէ պահել արժանապատուութիւնը… Հալէպը, մեղմ ըսած, այլեւս ապահով չէ, պիտի վերադառնայ տուն. տուն մնա՞ց: Բայց կը ճամբենք գաղթականը. դժբախտ ու շքեղ կին մը:

… Մայթին նստած մուրացող երիտասարդ կին մը, գիրկը` մանուկը: Դրամ տուի ու փախայ. հոգիս կրկին սեղմուեցաւ մեղաւորութեան զգացումէն…

***

Կրկին յուզումի ալիք մը կ’ալեկոծի ներսս, ելք կը պահանջէ: Առաւօտի զովութիւն, ջրուած սալայատակ, յասմիկի` խաղաղութիւն ցանող բուրմունք ու երգը Ֆէյրուզի. սուրիական վայելք: Կեցայ պահ մը` որոշելու համար, թէ ուրկէ՞ կու գար այդ շոյող երգը:

Ու ծնաւ զուգորդութիւնը` Քեսապի ճամբան, Ղաստալի «իստիրահա»-խորտկարանները, ջրուող սալայատակ, յասմիկ, Ֆէյրուզ… ու անդառնալիօրէն անհետացած երանութիւններ. շա՜տ սովորական անհրաժեշտութիւններ` այն օրերուն…

Այսօր ալ կան յուռթի ծաղկած յասմիկները, կարծես ի հակադրութիւն թաղերու մէջ դաւադրօրէն շրջող մահուան ուրուականին, բայց չկայ Ֆէյրուզի երգը. ո՜վ է, որ տակաւին երգ կը լսէ…

Եկեղեցիներու պատերուն փակցուող մահազդներուն աճին հետ մէկիկ մէկիկ կը կործանին նաեւ քաղաքին խորհրդանիշները: Ահաւոր պայթիւնը ամայացուց տասնեակ խանութներ ու մարդիկը զրկեց ապրուստի միջոցէն, կմախքացուց գեղեցիկ պանդոկները` աղճատելով կեդրոնական հրապարակին տեսքը ու մանաւանդ` փլեց ճատրակի ակումբը` պարզուկ շէնք մը, զոր կը սիրէի: Հոն այցելողները մտքին կարեւորութիւն տուող մարդիկ էին, իսկ միտքը եւ քանդիչներու ուղեղները անյարիր են իրարու:

***

Ահա եւ մեր օրերու քոնիկոն-անեքթոտներ` «Ազատութեան մարտիկներէն» մէկը վիրաւորուած, գերի ինկած է: Երբ հիւանդանոցի մէջ սթափեր է, քովը երկու գեղեցիկ բուժքոյրեր տեսեր ու անմիջապէս հարցուցեր է. «Բայց փերիները քառասո՜ւն պիտի ըլլային, ինչո՞ւ երկուք են»…

Երկրորդ մը կը քալէ դէպի պահակակէտը: Զինուորները անոր քալած կերպէն կը հասկնան, որ «ուղեղը լուացուած» է, տարօրինակ է. ու կը կեցնեն: Երբ վրայի ռումբերը կը վնասազերծէին, գրպանէն դգալ մը կ’ելլէ. կը կարծէք` ինչո՞ւ: Ինքնապայթեցումէն ետք Մարգարէին հետ ճաշի սեղան պիտի նստէր… զրկուեցա՜ւ…

Ահա թէ որո՛նց միջոցով կը կործանեն մեր հազարամեայ քաղաքները…

***

Անզօրութիւնս կը յուսահատեցնէ զիս. անզօրութիւն` այսչափ չարիքին դէմ բան մը ընելու, հաստատելու համար, որ մարդ ծնած եմ:

Ընդդիմադիրներու առաջին յարձակումով վիրաւորուեցաւ, երկրորդով այրուեցաւ Օմայետներու կառուցած Մեծ մզկիթը, որ Ներսի շուկային ու բերդին հետ հին Հալէպի պատմական արժէքներ են: Թէ անոնք ինչպէ՞ս յաջողեցան նաեւ երկրորդ անգամ յարձակիլ, վեր է ըմբռնումէս:

8-րդ դարուն կառուցուած Մեծ մզկիթը, որ իր մէջ կը պարփակէր նաեւ հնագոյն եկեղեցին ու հոն թաղուած Յովհաննէս Մկրտիչի հայր Զաքարիայի աճիւններուն մէկ մասը` բոցերու մէջ է: Քրիստոնէականն ու իսլամականը, իրարու հետ հաշտ` դարերու առաջ, կ’այրին միասին, ու կը սրբուի անցեալի հետք մը եւս:

Ես, որ «քէաֆիր» կը կոչուիմ իսլամի այս անարժան որդիներէն, ահաւոր ցաւ կը զգամ` տեսնելով հազարամեակ ու հարիւրամեակներ պատմութեան հողմերը դիմագրաւած այդ պատկառելի շինութեան կամարները լիզող բոցերը:

Իսկ հոն այրողը միայն քարը չէ՛, իսլամի տաճարը չէ, քրիստոնէական հնագոյն հետքերը չե՛ն. հոն մարդո՛ւ պատմութիւնը կ’այրի` մարդկութեան գոց աչքերու ու ականջներու առջեւ: Անոնք, որոնք կողոպտեցին Պաղտատի թանգարանի անփոխարինելի հնութիւնները ու մինչեւ օրս ալ կը քանդեն երկիրը, նոյն ջանասիրութեամբ կը շարունակեն մեր վիզին փաթթել իրենց «դեմոկրատիան»:

Յանդգնեցէ՛ք երեւակայել, թէ ինչպիսի անդրադարձ կու տար աշխարհը, եթէ, ըսենք, կողոպտուէր Լուվրը, այրուէին Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կամ Պիկ Պենը… (Լեզուդ չորնա՛յ…):

Հոս քաղաքակրթութեան օրրաններ կը փոշիանան … ու լուռ են բոլորը` դաւադիր, գողակիցի լռութեամբ:

***

«Խօսքին սուտը չ՛ըլլար, սխալը կ’ըլլայ», կ’ըսէ ժողովուրդը, որ, ինչպէս կը տեսնէք, բաւականին լաւատես է: Մինչդեռ ՍՈՒՏԸ գահակալ է այսօր, սուտի վրայ յենած է մեր իրականութիւնը, կը սնանի սուտով, կը ծնի սուտեր: Դուն որոշէ` կ’ուզե՞ս հաւատալ քեզի մատուցուող սուտերու օրական բաժինին կամ` ոչ: Երբ սուտ ստեղծելը բարձր մակարդակներու վրայ այլեւս արդիւնաբերական ճիւղ է, խելք ու շնորհք կը նկատուի, հասարակ ժողովուրդը ինչպէ՞ս դիմադրէ առասպելելու, ցնցող լուր «ծնելու» գայթակղութեան:

Ու ահա անցեալ շաբաթ քաղաքին մէջ տարածուած գայթակղութիւնը, թէ բանակը Նոր Գիւղի թաղերէն մէկուն մէջ ընդդիմադիրի մը խանութին դուռերը կտրեր ու ժողովուրդը հրաւիրեր է… կողոպտելու: Կը յաջորդէ կողոպուտի պատկերազարդ նկարագրութիւն… որ իբր թէ միայն հայերն էին յափշտակողները, իսկ իսլամ բնակիչները կը դիտէին ու կը նկարէին… Փորձեցէ՛ք հաւատալ:

Որո՞ւ անծիր երեւակայութիւնը ստեղծեց հայ տարրը նսեմացնող, նաեւ թշնամանքի սլաքներու տակ դնող այս յերիւրանքը, չենք գիտեր: Գիտենք միայն, որ հայերը նոյնպէս մարդ են եւ նոյնպէս կրնան սադրանքի ենթարկուիլ ու գայթակղիլ, եւ որ` ժողովուրդը պէտք է զգուշացնել ծուղակներէ:

Ծանօթ իրողութիւն է, որ պատերազմներու ու մանաւանդ բնական կործանիչ աղէտներու ժամանակ` երկրաշարժ, ջրհեղեղ, հրդեհ, մարդոց հոգիներուն մէջ բեկում կը կատարուի, մանաւանդ` ամբոխային բնազդային մղումներու հոսք, որուն ոչ բոլոր մարդիկ ունակ են դիմադրել: Կարծես կը գործեն միայն քարանձաւային նախնական բնազդները` ե՛ս, ի՛մս, առնե՛լ, խլե՛լ, ունենա՛լ: Ու հրթիռներու տարափին տակ մարդը, որուն կեանքը մազէ կախեալ է, տակաւին առարկաներու հմայքին գերի կը մնայ:

***

Թուրքերու հերթական ջղաձգութիւնը, սադրանքը, թատրոնը:

Օսմանեան անծիր կայսրութեան երազով սնած օդահէնները Ռուսիայէն դարձող օդանաւը կ’իջեցնեն ու ենիչերիական վարմունքով կը ստորացնեն սուրիացի օդանաւորդները, քանի որ անոնք կը մերժեն ստորագրել, թէ նախազգուշական-ստիպուած վայրէջք էր: Ու խուզարկու-ձեռնասուն շնիկները քաղաքացիական օդանաւին մէջ զէ՜նք կը գտնեն… տեսախաբութեա՞մբ, թէ՞ աճպարարութեամբ:

Հիւսիսի արջին հետ չափուիլ եւ որսագող բորենիի պէս խոշոր կտոր մը յափշտակել. լա՜ւ երազ է, մանաւանդ որ միայն փրցնելու եւ փրցուածը մարսելու վարժուած են: Բայց «Տէրտէրը ամէն անգամ գաթայ չ’ուտե՜ր»:

Յայտնի առակը կը յիշէ՞ք: Փողոցէն փիղ կը տանին` ժողովուրդին ցուցադրութեան: Յանկարծ շնիկ մը յարձակելով` կատաղի կերպով կը հաջէ փիղին վրայ: «Դրացի՛, դուն փիղին դէմ ինչպէ՞ս կ’ելլես, նայէ՛, ան վրադ ալ չի նայիր, մինչդեռ արդէն ձայնդ խզուեցաւ», կ’ըսէ դրացի մը: «Այդ ալ արդէն ինծի ոգի կը ներշնչէ, որ, առանց կռիւի մէջ մտնելու, կրնամ յարձակիլ խոշոր կենդանիին վրայ. թող մարդիկ իմանան, թէ որքան ուժեղ եմ, որ փիղի վրայ կը հաջեմ»…

***

Բանակը դիմած է բնակչութեան` խնդրելով հեռանալ իրենց տուներէն, քանի որ հերթական «մաքրումի» յարձակումը պիտի սկսին` Ճիտէյտիէի մէջ: Այս քանի՞ անգամ արդէն թաղամասը, ֆութպոլի գնդակի պէս, ձեռքէ ձեռք կ’անցնի: Ու հիմա, վաղ առաւօտուն, բնականօրէն, հակամարտող երկու կողմն ալ հոն ծաղկանոցներ չեն շիներ, խանութները չեն հսկեր, հնութիւնները չեն նորոգեր:

Այսքան մօտ` կարօտ ունիմ կրկին, անգամ մը եւս քալելու միջնադարեան այդ նրբանցքներէն, ուրկէ աքսորուած է երբեմնի խաղաղութիւնը, առնելու Ճիտէյտիէին յատուկ բուրումները, նոյնիսկ` հաւերու տհաճ հոտը, կրկին ապրելու Արեւելքի խաղաղութեան ու մարդկայնութեան զգացողութիւնը, մտնելու «Բուրդի շուկայ», հասնելու Քառսուն Մանկանց մեր պաշարեալ եկեղեցին ու անոր հնամենի պատերուն մէջ աղօթելու այս գեղեցի՜կ երկրագունդի վաղուան համար, անոր շուրջբոլորը անվերջ բռնկող կրակի նորանոր օճախներու մէջ տուայտող «երրորդ կարգի» մարդկութեան համար, արկերէն ու հրթիռներէն ծակծկող աշնանային այս պայծառ առաւօտի համար… ու «կապոյտ արիւն» կրողներու` աշխարհի տէրերու մետաղեայ հոգիներուն համար:

***

Արեւմուտքի ջոջերը խիստ մտահոգ` Սուրիոյ ժողովուրդի մասին թաշկինակը աչքերուն կը խօսին ու որպէս օգնութիւն` նախ բոլոր դեսպանատուները գոցեցին (յանկարծ բարբարոս սուրիացիները զիրենք չուտե՜ն), ապա իրենց մանկլաւիկ պետութիւններուն հրաման տուին նաեւ օդանաւային գիծերը գոցել ու Սուրիոյ ժողովուրդը գամեցին իրենց նուիրած զէնքերու կրակին տակ: Գնա՛ ու պատիժդ կրէ՛, չա՛ր տղայ, քանի դեռ խելքդ չես հաւաքած ու Եգիպտոսի «բարեկի՜րթ» նախագահին պէս մէկը մեզմէ նուէր չես ընդունած: Եկո՛ւր տես, որ սուրիացիներն ալ քիչ մը յամառ ժողովուրդ են ու իրենց ձեռքը իրենց բերանը տանիլ գիտեն, ուստի օղակը օրէցօր կը սեղմուի մեր կոկորդին շուրջ:

Մեզմով խիստ մտահոգ եւրոպացի ու… եղբայրները անցեալ շաբաթ հեռատեսիլի պարսկական, այս շաբաթ ալ սուրիական արբանեակային կայանները գոցեցին. ահա՛ իսկական դեմոկրատիայի, խօսքի ազատութեան պայծառ դրսեւորում…

Ժամանակին Ռափայէլ Պատկանեանը խօսքի ազատութեան դէմ ռուս պետութեան խստութեանց մասին կը գրէր.

Անգութ ռոզնէց*, մի՞թէ չես տալ
Աղէտալի բախտս սգալ:

Իսկ «բարեհռչակ» սուլթան Համիտ հարիւրաւոր բառեր արգիլած էր, որպէսզի մեր «աղէտալի բախտը» չարտասուէինք:

Երեւակայեցէ՛ք, որ սուլթանը ունենար այսօրուան կարելիութիւնները… ո՜վ կրնար իմանալ հայկական ջարդերու մասին:

Հակառակող կա՞յ… Քա՛ւ լիցի, միայն թէ լկտիութեան այս անսահմանութեան դէմ կը կենաս ապշած. գոնէ դեմոկրատիա բառը այդքան չշահարկէին ու ձգէին իր իսկական տեղը, իբրեւ բառարանային նմուշ` երթար ու քնանար:

Թէ ոչ` այսչափ լկտիութիւնը միայն Սուրիոյ մէջ հաւու պէս մորթուող ժողովուրդի տառապանքի հանդէպ իրենց բացարձակ անհոգութիւնն ու արհամարհանքը չէ, որ կը բացայայտէ: Եթէ կ’ուզէք, այդ քամահրանք է նաեւ իրե՛նց ժողովուրդներուն հանդէպ, անոնց սեփական դատողութեան ու մարդկային խղճմտանքի՛ն հանդէպ: Համոզուած, որ դրամի վազքի մէջ նետելով ու մեքենայացնելով կամ շինծու լրատուութեամբ յաջողած են իրենց ժողովուրդները «իրենց գրպանը դնել», այսօր աշխարհի տէրերու սուրերը կը կտրտեն ե՛ւ աջ, ե՛ւ ձախ ու կ’ոչնչացնեն մարդկայնութեան վերջին թելերը:

«Կա՛մ մեզի պէս կը մտածես, կա՛մ կը լռես… վերջնականօրէն», ահա այսօրուան ժողովրդավար իշխողներու խորհուրդը սեփական ոտքերով քալել փորձողներուն:

Իսկ ես ամենաժողովրդավար երկրի ամենաազնիւ ղեկավարին կ’ուզեմ յիշեցնել իր հայրենակիցին մեծ լուսաւորիչ Վոլթերին ասոյթը.

«Ես ըսածիդ համաձայն չեմ, բայց մինչեւ մահ պիտի պաշտպանեմ զայն արտայայտելու քու իրաւունքդ»:

Ո՞ւր ես, Վոլթերի Ֆրանսա՛…

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»