Ամբողջ գիշեր չքնացանք. կը թուէր, թէ մեր տանիքներէն կը կրակեն: Երբեմն ահաւոր դղրդիւններ, երբեմն` սուր-ցնցող ճայթիւններ ու կրակահերթեր կը թրատէին գիշերուան սարսափը: Ու ամբողջ գիշեր ահաբեկուած մանուկի մը լացը կը լեցնէր պայթիւններէ ազատ լռութիւնը:
Առտու փորձեցի հեռաձայնել, սակայն պարզուեցաւ, որ բջիջային կապը կտրուած է, նաեւ համացանցը` արդէն քանի օր: Կը մնայ սովորական հեռաձայնը, որ, սակայն, դուրսի հետ չի կապեր: Հեռաձայնեցի Պայծիկին, որ եկեղեցիին գրեթէ կից կ’ապրի. տո՜ւտ, տո՜ւտ, տո՜ւտ` գիծ չկայ, վերցնող չկայ, փախեր են. ո՞ւր…
Իսկ կրակոցներու համերգը մեր շուրջն է, ու իր նուագին տակ կը գրեմ: Սիրտս երբեմն արագ կը զարնէ, երբեմն ալ համակերպումի հանգստութեամբ կը լսեմ: Երբեմն պատշգամ ելլել ու փողոց նայիլ ալ կը համարձակիմ ու դատա՜րկ, ամայի թաղը կը ճնշէ հոգիս: Միայն հրապարակի վրայ մշտապէս նստած են նոյն երիտասարդ խանութպանները` խենթեր կամ փիլիսոփաներ:
Հազուադէպ է, որ մէկը, ինծի պէս, կը յանդգնի գլուխը դուրս հանել. կրկնափեղկերը գոց են, վարագոյրները` իջած, թաղը մեռեալ. կրակոց չեղած միջոցներուն ճնշող լռութիւն է, որ իրաւ մեռեալ քաղաքի տպաւորութիւնը կը թանձրացնէ:
… Հալէպին շուրջ մեռեալ քաղաքներ կան, տարբեր դարերու (հազարամեակներո՜ւ) ապրած ու մեռած: Որո՞նց մեղքով` պատմութեան գիրքերը կը յուշեն: Հոն հովերը միայն կը սուլեն աւերակներու եւ սիզախոտերու մէջէն: Գիշերները, լուսնի լոյսին տակ կը կենդանանայ երբեմնի ծաղկուն քաղաքին կեանքը, ուրուականները կը շրջին, կը գործեն, կը սիրեն, կը սպաննեն… ու արշալոյսին հետ կ’ընկղմին դարերու խորքը` քարերուն ձգելով իրենց հետքերը: Ցերեկները քիւրտ հովիւներու ոչխարները, բարկ արեւէն փախած, կը մակաղեն երբեմնի շքեղ տուներու աւերակներու շուքերուն ու իրենց արտաթորանքը կը ձգեն անոնց հետքերուն վրայ… ու կը հոսին դարերը…

***
Կրակոցներու ձայնին տակ ընթերցումի մէջ էի. իմ մղձաւանջներս կը թանձրացնէի եղբայր հոգիի` Շուշանեանի դժնի վիշտերով: («Քեզ տանջող ցաւը մեզ էլ է պատել», կ’ըսէր Թումանեանը` երկիւղելով, որ այդ ցաւը մեզի ալ պիտի փոխանցուի): Ճայթիւնէ մը ճիչ արձակեցի ու պատշգամէն ներս փախայ: Կը պարզուի` տակաւին վարժուիլ չեմ կրցած: Փամփուշտը կրկին մեզի այցելեց. սա չորրորդն է… Այսպէս, պատահական, ծուռ արձակուած գնդակի մը զոհ կրնաս երթալ, մա՛րդ, տիեզերքի բարձրագոյն էա՛կդ, անկրկնելի՛դ….
Նոյն պահուն Սօսէն հեռաձայնեց ու իր հերթական չար կատակներէն մէկով բացում կատարելու վրայ էր, երբ պոռացի, թէ կը դողամ ու իր անհամ կատակը տանիլ չեմ կրնար: Վայրկենապէս փափկացաւ: Մինչ ես կը զարմանամ իմ վրաս. միշտ ալ տհաճութիւն կը զգամ մէկ ծայրը թունոտ խայթ պարունակող իր կատակներէն, բայց կը լռեմ. այսօր պայթեցայ: Բոլորս ալ «ջիղերու վրայ» կ’ապրինք:
Արագ, շնչատ ու ջղագրգիռ կը խօսի, առանց դէմինը լսելու, քանի մը վայրկեանի մէջ վրադ կը թափէ օրուան ընթացքին իր ամբարած ժխտական տեղեկութիւնները. լսեցի՞ր, այսինչը սպաննած են (բնապաշտական նկարագրութիւն). այսինչ մեծահարուստը առեւանգած են. այսինչը քաղցկեղ է. այսինչը բռնաբարեր ու նետեր են փողոց. այսինչ հայու տղան առեւանգեր ու միլիոն ուզեր են. մարդոց պատշգամներէն վար նետեր են. այսինչը փախեր է. այսինչին սպառնալիքներ տուած են. բանակի զինուորները մարդոց տուները կ’աւերեն. Նոր Գիւղը աւերակ է. ամբողջ ժողովուրդը «միւսներուն» հետ է. Հալէպը թուրքերուն պիտի ըլլայ, դուն դեռ հոս նստէ. ինչո՞ւ Հայաստան չես երթար… (Ձեր ճնշումը չբարձրացա՞ւ):
Յայտնի է, որ շատեր հաճոյք կը զգան դժբախտ ու սարսափելի դէպքեր լսելէն ու պատմելէն: Այս օրերուն ժողովուրդին ալ ուրիշ բան չէ մնացած, բայց մարդիկ յոգնեցան ատկէ ալ, մինչդեռ ինք կարծես կ’ըղձայ, կը կանչէ դժբախտութիւնները: Եթէ զինք լսես ու մանաւանդ տեսնես լայն բացուած հայեացքը խօսած պահուն, ոչ միայն միանգամայն հաւանական կը թուի աշխարհի կործանումը, այլ ան արդէն դուռին ետին կեցած իրականութիւն է:
Բարեկամութիւն մը, որ թշնամանքէ աւելի կը ճնշէ: Կապուածութիւններ, որոնք դրական ոչինչ կու տան, սակայն սովորոյթի՞ ուժով, այլոց կարծիքի պարտադրանքո՞վ կը պահենք. ու այդ է մեր անգոյն, անջիղ, անլոյս կեանքը: Մոռցած ենք, թէ աշխարհի մէջ կան նաեւ գեղեցկութիւններ, ծաղիկներ ու մանուկներու անհոգ ծիծաղ…
***
Յաղթանա՜կ. առտուընէ շարունակուող մարտերը աւարտուեցան յետմիջօրէի ցնծութեան աղաղակներով ու կրակոցներու համերգով: Մէկ կողմը յաղթած է, ու կը շեշտուի` ժողովուրդի աջակցութեամբ: Եկեղեցիները քիչ վնասած են (պատահմա՞մբ, թէ՞ վարկ պահելու սիրոյն):
***
Հիմա կը հասկնամ, թէ տարեց մարդոցմէ շատեր մահուան գաղափարին հետ ինչպէ՛ս կրնան հաշտուիլ: Ներքնապէս կը մերժեն ընդունիլ փոխուած իրականութիւն մը, որ խորթ է իրենց: Բարոյական չափանիշներու այնպիսի ահաւոր արագութեամբ «անկում» կը կատարուի, այնչափ արագ աշխարհի դէմքը կը փոխուի, որ մարդը անոր հետ քայլ պահելէ, յարմարելէ կը յոգնի ու, ի վերջոյ, տեղի կու տայ երթալու գաղափարին:
Բնութեան մեծ օրէնքն է մշտական փոփոխութիւնը, սակայն մարդկային ընկերութեան մէջ մեր ձեռքի գործը կայ, որ հազիւ թէ կարելի է դրական նկատել, նոյնիսկ` յարաբերական համեմատութեամբ: Չարիքը, թէկուզ եւ անխուսափելի, բայց ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կրնայ դրական նկատուիլ… Եթէ այսպէս շարունակուի` Երկիրը հրէշներու բնակավայր պիտի դառնայ:
Հունգարիոյ վերջին արարքը մարդկութեան այսօրուան չափանիշով եթէ գնահատենք, ի՞նչ անուն ունի` «քաղաքականութիւն ու շահ»: Իսկ եթէ մոռցուած մարդկայնութեան չափանիշո՞վ` պետական մակարդակի պոռնկութիւն. այլ անուն ունի՞: Այո, անշուշտ` պետական մակարդակով կաշառք…
Ազրպէյճան, մարդասպանի դատուելու օրէն սկսեալ, խիստ մտահոգուած Հունգարիոյ տնտեսութեան դժուարութիւններով, եղբայրաբար տարիներով տնտեսական օգնութիւններ կ’ընէ եղեր` աժան քարիւղ, պարտքերու գնում եւ այլն… Մինչդեռ հայերը Հունգարիոյ ընդամէնը գիտնականներ, արուեստագէտներ, ազգային հերոսներ տուած ու «բարեկիրթ» Եւրոպայի ազնուութեան վրայ յոյս դրած` հերթական անգամ քնացած են ուղտի ականջին մէջ: Չէ՞ որ մենք արդար ենք ու արդարութիւնը պէ՜տք է յաղթանակէ…
Բայց ո՞ր նժարը ծանր կը կշռէ այսօր:
Հիմա, մարդասպանը, սուլթան Ալիեւէն ազատութիւն ստացած, իր երկրին մէջ ազատ է, ազգայի՛ն հերոս: Ու մինչ հայերը դարձեալ միամիտ անճարութեամբ «հասէ՜ք, անարդարութի՜ւն…» կը պոռան, աշխարհը ականջին ետեւը կը քերէ, իր ըսելիք-ընելիքը փեթրոլի հետ նժարի դնելով: Թուրքը լաւ հասկցեր է առածը. ի վերջոյ` «Փողը մութ տեղը լոյս կու տայ»: Աւանդոյթները կը շարունակուին. օրին հայր Ալիեւին նուիրած ադամանդները Պրեժնեւի հայեացքը կը շաղէին ու լոյս կու տային Ազրպէյճանի սեւ գործերուն վրայ: Այդ միջոցին, երբ Նախիջեւանը հոգեվարք կ’ապրէր ու Արցախը աքցաններու մէջ էր, մենք եղբայրական երգեր կ’երգէինք:
Այսպիսի աշխարհի մէջ պիտի ապրին ձեր որդիները… ու ձեր փոքրի՜կ հողը…
***
Այս արցունքառատ օրերուն արցունք ունիմ նաեւ քեզի համար, անծանօթ եղբա՛յր, բայց արցունքներս զքեզ հոս չեն կրնար գտնել ու դէպի երկինք միայն պիտի ուղղուին, ուր կաս հիմա, խռոված այս հողէն, լոյսերո՛ւ մէջ այլեւս, ազատած արիւնի ծանր մղձաւանջէն, ազատած հոգիդ կրակ տուած ցաւէդ: Նիւթեղէն մարմինդ տառապող հոգիդ այլեւս պարունակել չկրցաւ ու ցրուեց ինքզինք` գիշատիչներու դիակներ սփռելով շուրջը:
Անոնք, որ նիւթեցին այդ անչափելի կսկիծը քեզի, անտարակոյս պիտի չըմբռնեն արարքիդ ողբերգական տարողութիւնը, որ աղաղակ էր` ուղղուած խուլ աշխարհին, զիրար յօշոտող ու հողը արիւնով սնող մարդկութեան:
Իր ընտանիքի յօշոտումի վիշտին չտոկալով` սովորական բնակիչ մը մտաւ այդ ոճիրը գործողներուն որջը եւ ինքզինք պայթեցուց վրէժ լուծելու համար: Բայց ան մթագնած ուղեղով մոլեռանդ մը չէ՜ր, վարձու մարդասպան մը չէր, ան հողը ոտքի տակ այրուող սովորական մարդ էր, որ ինքնազոհաբերումով մաքրել փորձեց ձեր պղծութիւնը, որ կեղեքած էր իր հոգին: Բայց ձեր յափրացած ու այլանդակուած հոգիներուն մէջ, ո՜վ ունայնամիտ, յոխորտ ու չնչին ոճրագործներ աշխարհի, գէթ վայրկեան մը մարդկային գութ արթնցնել յաջողեցա՞ւ…
***
«Արդիւնաբերական մայրաքաղաքը» (ինչպէ՜ս ալ շուտով մակդիրներ կը շինեն) ռազմաճակատի վերածուած է: Այլեւս կը կասկածիս` աւերա՞կը շատ է, թէ՞ տակաւին կանգուն մասը այս հազարամեայ ճերմակ քաղաքին: Երեք օրերէ ի վեր գիշեր ու ցերեկ կատաղի կռիւներ են: Կործանիչ օդանաւերն ու ուղղաթիռները վերէն, թնդանօթներն ու մնացեալը վարէն կը խլացնեն քաղաքը:
Բանակը վճռական է, կ’ըսուի, որ տաս օրէն մաքրած պիտի ըլլան քաղաքը (կը կարծեմ` ընդդիմադիրները նոյնքան ու աւելի վճռական են, ու գիծը յաւերժութեան կը ձգտի…): Այդպէս կ’ըսուէր նաեւ ամիս ու կէս առաջ, երբ սկսան Հալէպի մարտերը: Հիմա ալ նոյնը կ’ըսուի կամ կ’երազուի: Մենք ի զօրու չենք այս խաղը ըմբռնելու. մենք` չհեռացածներս, կը շարունակենք մեր «կեանքը» ռազմաճակատի ուղղակի կեդրոնը` կրակի տակ, երբ օրական հրթիռներ ու փամփուշտներ կ’իյնան տուներու վրայ: Ու կը սպասենք հրաշքը, չէ՞ որ Հալէպը օրհնուած է…
***
Վերջապէ՜ս ուրախութիւն մը, որ պահ մը լոյս տուաւ իրեն հանդէպ յարգանքն ու հաւատքը կորսնցնող այս ժողովուրդին` ճատրակի ախոյեանութիւն. «խելքի» խաղին մէջ հայերը առաջին են կրկին ու` եռակի անգամ:
Ստուարաթիւ ազգեր կրնան զարմանք ունենալ` ի տես մեր խանդավառութեան. ուրկէ՜ իմանան մեր հոգիներու մէջ յար ծփացող ծովէ ծով երազներու ու ընդամէնը լիճի մը մէջ սահմանափակուելու մեր անձկութեան մասին:
Խելացի հայերը… օ՜, զարմա՛նք, այս խելացի ազգը ինչո՞ւ այդքան թշուառ երկիր ունի, կը հարցնէ օտարականը, որ դուրսը շատ ձեռներէց հայ բարեկամներ ունի:
Մեղաւորը թո՞ւրքն է դարձեալ…
Ի վերջոյ փրկիչ պիտի չծնի՞ այս ազգին. ամէն աղտեղութենէ, ճղճիմ եսականութենէ, անցողիկ փառքերէ ու նեղ շահերէ վեր կեցող լուսաւոր հոգիներու փաղանգ մը` անհրաժեշտութեան թելադրանքով ծնած, որ պիտի ընէ հրաշքը: Թէ՞ ուռճացող որովայններու համար սպունգ պիտի մնան այս հողն ու ազգը, մինչեւ որ մեր թանկ արիւնի վերջին կաթիլն ալ հիւսիսի տափաստաններու մէջ ներծծուելու երթայ…
Ինչ-որ մէկը ըսաւ, թէ Կլենտէյլը երկրորդ Երեւան կը կոչեն. իսկ իր ընդարձակ գիրկը բացած Մայր Ռուսիա՞ն (ամօ՛թ, հոգեւոր խեղճութի՛ւն, կարճատեսութի՛ւն, երբ քանդումը հրճուանքի աղբիւր է): Մէկ Երեւանը չպահողը երկո՞ւքը, երե՞քը, չո՞րսը պիտի պահէ: «Երկրորդերեւաններու» մանուկները ի՞նչ լեզուով կը խօսին… Ո՞ւր է «ձայն բազմաց»-ը, Երեւանի կեդրոնի սրճարաններու զով շուքերո՞ւ, տարին միայն երեք ամիս բնակիչ տեսնող «էլիթար» բնակարաններո՞ւ, մեր յուսալքութեա՞ն, թէ՞ անտարբերութեան կուլ կ’երթայ…
***
Օ,՜ Հայաստան… Գացողներէն ու եկողներէն ոմանք օդակայանի ճամբան կը մնան կամ կ’ահաբեկուին: Բանակը յայտարարած է, թէ օդակայանի ճամբան վտանգաւոր է, մինչդեռ այսօր սուրիական օդանաւը Հայաստան պիտի թռչի: «Արմաւիա»-ն դադրեցուց թռիչքները` խիստ մտահոգ մարդոց կեանքի համար, գովե՜լի ազգասիրութիւն. այս պայմաններու մէջ դեռ կրնան բառեր ծախել:
Ըսուեցա՛ւ` քաղաքացիական օդանաւերը պիտի չզարնեն:
Ի՜նչ համարձակութիւն պէտք է կամ ինչպիսի՛ վտանգ ետեւէն, որ մարդ ստիպուի ճամբորդել նման պայմաններու տակ` «Ետեւը սո՜ւր, առաջը ջո՜ւր…»*, հայոց յաւերժական ճակատագիրը` ընտրութիւն վատին ու վատթարին միջեւ: Ու եթէ «չարիքի մէջ բարիք կայ», գէթ թաքսիի հայ վարիչները դրամ կը շահին` օդակայան հասցնելու համար կեղուելով ազգակիցները: Ինչո՞ւ առիթը չօգտագործեն հանապազօրեայ հացը շահող այդ մարդիկը, երբ անդին միլիոնատէրերը կ’ուռճանան ազգային դժբախտութեան հաշուոյն: Հիմա սուրիական օդանաւի տոմսերու «պիզնես»-ը կը ծաղկի` «շնորհիւ» հայերու ճարպիկութեան. «Աշխարհը դմակ, տղէն` դանակ»…
Կրկին անգամ հայրենի կառավարութիւնը որոշում կու տայ` ամէն կերպ, «մեր կարելիութիւններու սահմաններու մէջ», սատարել սուրիահայութեան, Սուրիա մնալու կամ Հայաստան գալու պարագային:
Կը մնայ, որ որոշումը գործադրուի ու պաշտօնեաներու պարիսպներու տակ չմնայ:
Կը մնայ, որ երկրի ժողովուրդը պատրաստեն գաղթական եկողները գոնէ հանդուրժելու, որպէսզի չկրկնուի Ազրպէճանէն մազապուրծ հայերու հանդէպ եղած չկամութիւնն ու չարութիւնը, որպէսզի չընդհանրանայ ու չարմատանայ հայրենիքի սիրով մեծցած սփիւռքահայու մտայնութիւնը, թէ` ինք հայրենիքին մէջ տեղ չունի, թէ` նոյնիսկ դրամատուներու մէջ դրամ դնելու իրաւունք չունի, թէ` «Մեզ չեն սիրեր», «Մեզի հետ շատ կոպիտ կը վարուին», «Գացէք ձեր Սուրիան, Երեւանը մեզի՛ չի բաւեր…», «Արդէն արեւմտահայերէն լսելուն պէս մեզի ծուռ կը նային…» (ուշադրութի՛ւն, խօսքը թրքերէնի մասին չէ…):
«Մենք ու դուք»-ի այս երեւոյթին նախընթացը ունինք` Խորհրդային Հայաստանի մէջ «ախպարի» ու «ախպերի» հակադրութեամբ: Պիտի թողունք, որ կրկնուի՞ պատմութիւնը: Լրատուամիջոցներուն դերը ժողովուրդը բարոյալքելն ու ապակողմնորոշե՞լն է:
Պարզ մարդը կ’ընդհանրացնէ ու չի վերլուծեր, ինչ որ կ’ընէ Հայաստան գացող սուրիահայոց մեծամասնութիւնը:
Եթէ հոգեբան – ընկերաբան ըլլային, պիտի ըմբռնէին «տեղացի» ժողովուրդի (անտարակոյս` ոչ բոլորին) այդ վարմունքին պատճառները, սակայն ընդամէնը ռումբերէն փախստական են ու հայրենիքին հանդէպ իրենց խանդակաթ գորովին չափով ընդունելութիւն կ’ակնկալեն:
… Մինչդեռ Նոր Գիւղը թիրախ է արդէն, Ճեմարանի թաղերու բնակիչները` փախած, պատսպարուած են ծանօթ-բարեկամներու քով:
Ինշալլա՛հ, Աստուածածնայ թիկնոցը կը փրկէ զմեզ…
***
Լաւ լուր` Նոր Գիւղը «մաքրեր» են: Սեւանը աւետիս տուաւ. ձայնը կը դողար. «Թանկերը հոս են, որքանո՞վ հաստատուն. ո՞վ իմանայ. առայժմ կու տան ու կ’առնեն… չէ՛, Ճեմարանին վնաս չէ եղած…»:
Եթէ նոյնիսկ տունդ ալ մտնեն, իրենց առջեւ գորգ պիտի փռես:
Քանի մը օր առաջ մէկը կրկին դառն հաճոյքով գուժած էր, թէ Նոր Գիւղը կը պարպեն, բանակը պիտի զարնէ: Ապա, աւելի ուշ իմացանք, որ Ճեմարանի ետեւի թաղերն են… այսպէս` նման բօթերը կրնան մարդս ընդամէնը կաթուածահար ընել:
Ետեւի թաղերու մէջ է մեր «հեռատեսութեան» պատճառով տարեցտարի որբացող Ս. Գէորգը, մեզի անյայտ ճակատագրով:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ետեւի պատը այրած է, մտնելու անցք բանալ փորձեր են… բայց, փա՛ռք Աստուծոյ, չեն մտած. Պատսպարանի փոքրիկները, փառք Աստուծոյ, տեղափոխուած են. զինուորները փախածներուն պարապ տուները պատսպարուեր, շատ անխնամ վարուեր են, բայց… փա՜ռք Աստուծոյ, աւելի գէշէն թող պահէ… կարեւորը` հոգիի վնաս չկայ. տեղ մը պիտի մնային, չէ՞:
Մեծ մայրս կ’ըսէր` «Կծու-կծու` փառք Աստըծու»…
Տակաւին դիպուկահարները կը շարունակեն մարդորսը ու չեն յայտնաբերուիր. մէկ-երկու հոգի աւելի-պակաս, ի՜նչ տարբերութիւն հազարներու մէջ…
Բնակիչներուն կը թելադրուի իրենց տուները վերադառնալ, այլապէս գողութիւններու համար բանակը պատասխանատու չէ…
Փա՛ռք, ամբողջ հոգիով փառք մեր ազգի ընտրեա՛լ զաւակներուն, որոնք տագնապի ու ահագնացող վտանգի տակ հերոսացումի երթալով` յանձնառու են իրենց ազգային պարտականութեանց…
***
Խոստացուած տասը օրը ամիս եղաւ ու դեռ վերջը չ’երեւիր: Ճերմակ Հալէպը սեւ է իր աւերակներով ու սքանչելի կապոյտ երկինքին վրայ վիշապներու պէս գալարուող ծուխերու սեւութեամբ: Կրկին կրակներու մէջ են Նոր Գիւղը, Ճիտէյտիէն ու քրիստոնեաները շրջապատող քանի մը թաղեր:
Մեր երեկոները կ’իջնեն հրասայլերու ռմբակոծութեան` քաղաքն ու մեր հոգիները ցնցող ձայներով, մեր գիշերները կ’անցնին հրետանիի պայթիւններու օրօրին տակ, մեր առաւօտները կը բացուին թէժ մարտերու աւետիսով: Ան, որ յաջողած է այդ համերգին տակ քիչ մը քնանալ (մարդը ամէն ինչի կը վարժուի), առտու անմիջապէս կը դիմէ համացանցի, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի կայաններուն` իմանալու, թէ ո՞ւր ինկան գիշերուան նետուած հրթիռները, որքա՞ն զոհեր եղան. ու ապա կը հեռաձայնէ այդ թաղերը` ճշդելու համար, թէ իրենց ծանօթ-ազգականները տո՞ւնն են, թէ՞ փախած… ո՞ղջ են…
Կարգ մը թաղեր այնքան վտանգուած են, որ մեռեալները գերեզմանոց իսկ տանիլ կարելի չէ, հարազատները կը թաղեն մօտակայ հանրային պարտէզներու մէջ…
***
Դպրոցներու վերաբացումը, որ արդէն ուշացաւ, մեծ մտահոգութիւն է ազգային ղեկավարութեան. մեր, առանց այդ ալ սակաւաթիւ մանուկներու պաշտպանութիւնը… Բացուած դպրոցներուն սպառնալիքներ եղած են. ետեւի` կռուողներու համար հաճելի է մեռած քաղաքներու անդորրը. երբ որեւէ տեղ կեանք, շարժում տեսնեն, իրենց ջիղերը կը ցնցուին ու ակամայ ձեռքերը զէնքին կ’երթան:
Ու սակայն քանի մը դպրոցներ սկսած են դասաւանդութեան…
***
Բանակը նամակներ ղրկած է բնակչութեան ու խնդրած` տուներէն չելլել, քանի որ «մաքրում»-ի մեծ գործողութիւն պիտի սկսի: Մինչ այդ ընդդիմադիրները յայտարարած են, թէ այլեւս Հալէպին զերօ ժամը հասած է, ա՛լ պիտի գրաւեն քաղաքը:
Բանակն ալ համաձայն է, որ հասած է խաղին վերջը, ու երկու օր է արդէն, կարճ ընդմիջումներով, կռիւները կը շարունակուին:
Ճերմակ Հալէպին վրայ սեւ ծուխերը կը տարածուին, չարագոյժ պայթիւնները «կ’աւետեն» աւերածութիւններու մասին, գարշելի ճենճերահոտը վառօդի, այրող աղբի ու միսի` գիշերուան մէջ կ’իջնէ քաղաքին վրայ ու մշուշի տեսքով կը յամենայ, կը խեղդէ: Ի՜նչ տարբերութիւն, թէ ի՛նչ է այրողը… նոյնիսկ եթէ այդ հնամենի «Ներսի շուկան» է, Հալէպի միջնադարեան գունագեղ շուկան, ուր «Թռչունի կաթ ալ կը գտնուի»: Կը գտնուէ՜ր:
***
Ամէն առտու «Վիլլաներ»-ու ազգային շէնքին առջեւէն կ’անցնիմ ու սիրտս կը սեղմուի: Տասնութ-քսան տարեկան տղաք, որ հոն գիշերած են, առտու պահակին հետ դուռին առջեւ, կամ ներսը` սեղանի մը շուրջ բոլորած. ազգին «Պահակները արթո՛ւն են…»**, վտանգի պարագային ահազանգելու… Ամէն մէկը մէկ տունի ճրագ, ազգին ազնի՛ւ երակին ծնունդներ, պատրաստ են իրենց մատղաշ կեանքը բերել զոհասեղանին:
Տէ՜ր, մեզի խնայէ անոնց զոհաբերումը. Տէ՜ր, անգամի մը համար մեզի քաղցր աչքով նայէ…
Ու ես մտովին կը խօսիմ այն կնոջ հետ, որ ինքզինք յաւերժական ու աշխարհի տիրուհին կը կարծէ: Կը խօսիմ միամտօրէն` իբրեւ քաղաքականութեան ապականութեան չքսուած մը, իբրեւ կին մը, որ կեանքի ծնունդ տուող է ու կ’ըսեմ.
– Օ՜, աւերակներու թագուհի, կի՛ն, որ մոռցեր ես Աստուածատուր էութիւնդ.
Միթէ քու քիմքդ չյագեցա՞ւ Իրաքի, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ մէջ հոսած արիւնէն.
Միթէ քու հայեացքդ շոյելու համար բաւական չե՞ն հնամենի քաղաքակրթութեանց օրրան այդ երկիրներուն աւերակները.
Ինչո՞ւ քեզի շնորհուած կանացի սէրն ու գութը վանած` մահ ու աւերակ կը սփռես աշխարհի մէջ. հացի՞ կարօտ ես…
Պիտի թրջուէի՞ն արդեօք աչքերդ, եթէ Սուրիոյ մէջ ամէն օր բռնաբարուող ու մորթուող ամօթխած կոյսերու մէջ ըլլային նաեւ քու դուստրերդ (ի ծննդէն անտեղեակ ամօթ հասկացողութեան):
Ինքզինքդ աստուածուհի՜ կը կարծես. բայց մի՞թէ չես տեսներ, թէ իւրաքանչիւր չարիքդ դէմքիդ վրայ իր այլանդակ հետքը կը ձգէ:
Արեւելքցիներս դարերու իմաստութիւնը խտացնող ասոյթներ ունինք` «Բոշայէն փաշա չ’ելլեր»:
Հալէպ
* «Ետեւը սո՜ւր, առաջը ջո՜ւր…», Յ. Թումանեան, «Թագաւորն ու չարչին»:
** «Պահակները արթո՛ւն են…», Ռ. Զարդարեանի համանուն արձակ քերթուածը:
ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»
