asbarez.com – Շաբաթ, Յունիս 22ին, Փարիզի «Ռատիօ ԱՅԲ»ը, Վիէնի «Ռատիօ Արմէնի»ն եւ Վալանսի «Ռատիօ-Ա»ն միասնաբար կազմակերպած էին «Ռատիօթոն» մը, այսինքն ձայնասփիւռի միջոցաւ հանգանակութիւն մը, ի նպաստ սուրիահայութեան:
Առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կեսօրէն ետք ժամը 2՝ արշաւի հինգ ժամերու երկայնքին, ժամը անգամ մը ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Հալէպի եւ Դամասկոսի հայ գաղութներուն հետ:
«Հետաքրքրական էր նկատել, որ այսքան անտանելի պայմաններու մէջ իսկ տեղւոյն հայութիւնը կը պահպանէ, բարեբախտաբար, իր լաւատեսութիւնը ապագայի նկատմամբ, բարձր կը պահէ գլուխը, եւ տրտունջի ոչ մէկ նշոյլ կ՛արտացոլացնէ: Միանգամայն, սակայն, եւ բնականաբար, հոնկէ հասած վկայութիւններէն ակնյայտ է, որ «դանակը այլեւս ոսկորին հասած է», կը յայտնեն «Ռատիօթոն»ի կազմակերպիչները:
«Ռատիօթոն»ին կարելի եղած է հաւաքել շուրջ 30 հազար եուրոյի գումար մը, որ պիտի փոխանցուի ուղղակի Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին: