aztagdaily.com – Յարգելի՛ անդամներ,

Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին անունով կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը, Սուրիոյ տագնապին պատճառով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման աշխատանքներուն մէջ ձեր ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Ձեր կողմէ փոխանցուած գումարները կը ստանանք եւ համապատասխան ձեւով կը տրամադրենք Սուրիոյ հիմնական շրջաններու հայկական համայնքներուն` Հալէպ, Դամասկոս, Ծովափ (Լաթաքիա, Քեսապ) եւ Ճեզիրէ: Այս գումարները, որոնք ժողովուրդի օգնութեան փութալու պահանջուած ծախսերն են, կը յատկացուին սննդեղէնի ապահովման, առողջապահական խնդիրներու սատարման, բնակարանային վնասներու հատուցման եւ կրթական բնագաւառի օժանդակութեան:

Մեր ժողովուրդի ապրած այս դժուարին օրերուն եւ քաղաքական-ապահովական ցարդ անկանխատեսելի պայմաններուն մէջ, յուսադիր ենք, որ ձեր նախաձեռնած օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին նոյն ուժականութեամբ, յանուն Սուրիոյ հայ համայնքի գոյատեւման:

Մեծապէս կը գնահատենք ձեր կատարած ներդրումները եւ ձեր աշխատանքներուն անսպառ երթ կը մաղթենք:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ